Անդրադարձ. Աշխատանքներու Համակարգման Նոր Ձեւաչափի Մը Ստեղծումը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Շաբաթ, 6 ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին 8 երկիրներու` Իրանի (Թեհրան, Սպահան եւ Թաւրիզ), Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու անդամներ, հայ ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովին Անթիլիասի մէջ գումարումը պատահականութիւն չէր, որովհետեւ նախ եւ առաջ ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոսը իր արտասանած խօսքին մէջ իրաւամբ նշեց, «այս տունը մեր ազգին տունն է, մեր բոլորին տունն է», երկրորդ` Հայ դատը հայ եկեղեցւոյ դատն է, առաւել եւս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն Անթիլիասի մէջ ներկայութիւնը ցեղասպանութեան անմիջական արդիւնքն է:
Խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ համայնքներու գործադաշտի պայմաններուն փոխադարձ ծանօթացման: Խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուած զեկուցումները ի յայտ բերին, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին երկիրներ, որոնց մէջ տիրող առարկայական պայմաններուն բերմամբ 2015-ի նշումը համեմատաբար համեստ պիտի ըլլայ եւ շեշտը առաւելաբար պիտի դրուի ներքին ձեռնարկներու վրայ: Այս ծիրին մէջ բարացուցական էր համայնքներէն մէկուն ծրագիրներու ցանկին վրայ 2015-ին մկրտութիւնները ձրի կատարելու կէտի ներառման օրինակը, որ թերեւս պահ մը զարմանք պատճառեց, սակայն լրացուցիչ բացատրութիւնները եկան ցոյց տալու, որ ատիկա համայնքը «խեղդող» ոչ նախանձելի պայմաններուն մէկ խօսուն վկայութիւնն է:
Անհրաժեշտ է մատնանշել, որ հետզհետէ աւելի կը շեշտուի աւանդական ձեռնարկներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու կողքին շեշտը պահանջատիրութեան ու հատուցման վրայ դնելու եւ այդ հարցը քարոզչական ու քաղաքական դաշտի կողքին նաեւ իրաւական դաշտ փոխադրելու կարեւորութիւնը: Այդ մէկը շեշտուեցաւ թէ՛ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին եւ թէ՛ Երեւանի մէջ 22-23 մարտին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովին ընթացքին:
Անթիլիասի մէջ միօրեայ խորհրդաժողովին կայացումով ստեղծուեցաւ նոր ձեւաչափ մը` 100-ամեակի վերաբերեալ աշխատանքները շրջանային մակարդակով հետապնդելու համար: Նորաստեղծ ձեւաչափը կ՛իյնայ ծիրին մէջ 2015-ի արժանապատիւ նշման, աշխատանքներու համակարգման եւ այդ թուականին միացեալ շարքերով ներկայանալու ընդհանուր եւ ողջունելի ուղղուածութեան մը, որ մինչ այդ իր արտայայտութիւնը գտած էր տեղական մակարդակի յանձնախումբերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու համակարգման պետական յանձնաժողովի կազմութեան մէջ: Միջինարեւելեան մակարդակի վրայ գումարուած այս խորհրդաժողովը յաւելեալ կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ` նկատի ունենալով շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներթափանցումն ու անոր ազդեցութեան աճը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող քաղաքական-ապահովական մթնոլորտը:
Նմանօրինակ խորհրդաժողովները ողջունելի են, որովհետեւ կը նպաստեն աշխատանքներու համակարգման, կրկնութիւններէ խուսափելով ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման եւ 2015-ին միացեալ ճակատով արժանավայել դիմաւորման:

