Փութին Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքները Դադրեցնելու

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ գերմանական Հանովըր քաղաքին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին առնչակից կողմերու զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու:

Մերքել իր կարգին կոչ ուղղեց սուրիական հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք թափել Սուրիոյ մէջ յաւելեալ արիւնահեղութիւնը եւ «մարդկային ահաւոր կորսուտները» արգիլելու` շեշտելով կարեւորութիւնը քաղաքական երկխօսութեան, որ, ըստ իրեն, տակաւին ընթացք չէ առած:

Պատասխանելով այն քննադատութեանց, թէ Ռուսիա Դամասկոսի զէնք մատակարարելէ չի դադրիր, Փութին ըսաւ, որ «մենք, գոնէ, զանոնք օրինական վարչակարգի մը կը մատակարարենք, եւ չկայ որեւէ միջազգային որոշում, որ այդ մէկը կ՛արգիլէ, սակայն պատրաստ ենք բոլորին հետ ժողով գումարելու` քննարկելու համար այս արիւնալի ջարդէն դուրս գալու միջոցները»: ԱՆ աւելցուց, որ «վարչապետին որոշ մանրամասնութեամբ բացատրեցի մեր կեցուածքը: Ինծի թուեցաւ, որ զանոնք լսեց եւ արժեւորեց»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը քննարկելու համար կազմուած խմբակը Կիպրոս կը գտնուի եւ պատրաստ է 24 ժամուան մէջ այդտեղ տեղակայուելու` աւելցնելով, որ խմբակը ուղարկելու համար «սուրիական կառավարութեան արտօնութեան կը սպասենք»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը Յորդանանի իր ռազմակայաններուն մէջ սուրիացի փոքրաթիւ ընդդիմադիրներ մարզած է` «ժիհատականները» Կոլանի վրայ իսրայէլեան ուժերէն անջատելու եւ հեռացնելու համար: «Սքայ Նիուզ»-ի արաբական ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլ Կոլանի վրայ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու պահպանումը երաշխաւորելու համար հաղորդակցութիւններ կը կատարէ:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի ստանայ երկրի կառավարութեան համաձայնութիւնը, որուն հիմամբ սուրիական տնտեսութիւնը քայքայող թրքական քանի մը ընկերութիւններ պոյքոթի ենթարկելու յատուկ գրասենեակ մը պիտի ստեղծուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )