Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործեց Պէյրութի վերեւ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանան ժամանած Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Փենախիոթոփուլոսի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւնները առկայ են եւ անոնք երբեք չեն ընդհատուած:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի անդամներ Հոմսի մէջ բախումներուն ընթացքին զոհուած են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու գործողութեան:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Թուրքիա ոչ մէկ շահ ունի Սուրիոյ քանդումին մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Քայիտա պիտի սկսի արիւնալի հանգրուանի մը, որուն շրջագիծին մէջ սալաֆականներու ծրագիրներուն հակառակող սիւննի շէյխերը սպանութեան թիրախ պիտի դառնան: Ըստ նոյն օրաթերթին, Սայտայի Երուսաղէմ մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ մաս կը կազմէ այդ ցանկին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մտահոգութիւններ չունի ընտրական օրինագիծին եւ կառավարութեան կազմութեան առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը օրինական իրաւունք է հողը պաշտպանելու առումով եւ կարելի չէ Դիմադրութեան ընտրանքէն հրաժարիլ:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ արտաքին ուժերու եւ պետութիւններու վրայ դրուած գրաւը ձախող դուրս պիտի գայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու ընդհանուր մթնոլորտը առկայ է, որովհետեւ երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու առումով ազգային համախոհութիւն մը կը տիրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք համաձայն են սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտներուն հիման վրայ կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնք մը մշակել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է պահպանեն Լիբանանը հզօրացնող տարրերը, ինչպէս նաեւ պահպանեն անոր ազգային միասնականութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի կարեւոր նկատեց մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ հիմնուած է ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ համամասնական դրութեան վրայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Խալետ Հապըր յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կարենայ կազմել ներդաշնակ կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ չէզոք կառավարութիւն մը կազմել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ լիբանանեան հակառակորդ կողմերուն հետ փոխադարձ հասկացողութիւնը դիւրացած է` նկատի ունենալով գոյացած նախնական համաձայնութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները մօտիկ ապագային կատարելու իմաստով կամքերը շօշափելի են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ չէզոք կառավարութիւն մը եւ իր աշխատանքային ծրագիրին համար որդեգրէ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նոր նշանակուած վարչապետին կատարելիք խորհրդակցութիւնները կրնան արդիւնաւորուիլ չէզոք կառավարութեան մը կազմութեամբ:

