«Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Լուծելու Լուրջ Քայլեր Որդեգրուած Են» Շեշտեց Ժրայսաթի
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն նախարարներ Մարուան Շարպել, Շաքիպ Քըրթպաուի, Սելիմ Ժրայսաթի եւ Ատնան Մանսուր, երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին յանձնախումբին անդամները քննարկեցին առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին վերաբերող զարգացումները:
Նիստէն ետք հրաժարեալ կառավարութեան մէջ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու առումով մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին` աւելցնելով, որ այդ իմաստով լուրջ քայլեր արդէն իսկ որդեգրուած են:
CATEGORIES Լիբանանեան

