Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն նախօրեակին ան երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին:
Նիստէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանի նիստին ընթացքին քննարկուած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու տարբեր եղանակները:
Մքարի յայտնեց, որ իրենք արդէն իսկ քննարկած են շարք մը օրինագիծեր եւ փորձած վերջնական օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: «Կը մաղթենք, որ իրարու միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնուին, որովհետեւ մենք իրարմէ այդքան ալ հեռու չենք», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Փենախիոթոփուլոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պուրայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Ժըրուանէն: Քննարկուեցան արաբական աշխարհին ընդհանուր իրավիճակն ու Արաբական խորհրդարանի ապագային վերաբերող հարցեր:


