Նոր Նշանակուած Վարչապետ Թամմամ Սալամ Այսօր Կը Սկսի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն
Նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր կէսօրէ ետք խորհրդարանին մէջ պիտի սկսի կառավարութեան կազմութեան նպատակով կատարուելիք երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն:
Միւս կողմէ, Սալամ երէկ հետեւելով պատշիրային լիբանանեան արարողութեան, այցելեց նախկին վարչապետներուն, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ իր կազմելիք կառավարութեան դիմագիծին մասին:
Սալամ այցելեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները` նշելով, որ ինք բոլորին փորձառութեան եւ խորհուրդին կարիքը ունի` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ կառավարութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումն ու գործադրութիւնը:
Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ Սալամի հետ քննարկեց նախորդ հանգրուանին ընթացքին կառավարութեան դիմագրաւած հարցերն ու երկրին մէջ բռնկած հարցերուն լուծման եղանակները:
Միքաթի յաջողութիւն մաղթեց Թամմամ Սալամի եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:
Ապա վարչապետ Սալամ ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի բնակարանը. քննարկուեցաւ յաջորդ կառավարական կազմին մասին Սոլհի պատկերացումը:
Սալամ ուղղուեցաւ Այշա Պաքքար, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամ անհրաժեշտ նկատեց բոլորին խորհուրդներուն հետեւիլ:
«Այնքան ատեն որ ազգային շահերու կառավարութիւն մը կը փափաքիմ կազմել, ապա բոլորին խորհուրդները պիտի լսեմ», ըսաւ ան:
Սալամ Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմին պատկերացումը:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ ինք անձնապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով, որ ինք պիտի աշխատի կազմել կառավարութիւն մը, որուն անդամները եւս երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ այս իմաստով ինք ճիգ պիտի չխնայէ` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր կարգին մեծ ջանքեր պէտք է ի գործ դնէ` իրականացնելու այս մէկը:
Սալամ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի, որ յայտնեց, թէ իր բոլոր կարողութիւնները պիտի զետեղէ Սալամի տրամադրութեան տակ:
Քարամէ աւելցուց, որ վարչապետ Սալամ պիտի աշխատի երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած հարցերը լուծելու առումով:
Սալամ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները եւ Սինիորայէն շնորհաւորութիւններ ստացաւ` իբրեւ վարչապետ նշանակումին առիթով:
Սինիորա խոստացաւ աշխատիլ դիւրացնելու Սալամի կառավարութեան կազմութիւնը:
Իր բնակարանին մէջ վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ Սալամի յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխանին շնորհաւորական նամակները:
Ասիրի մաղթեց, որ Սալամի շուրջ լիբանանեան համախոհութիւնը դրսեւորուի նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ: Ան աւելցուց, որ Ռիատ երբեք միջամուխ պիտի չըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացին:
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իր կարգին այցելեց վարչապետ Սալամի:
Շարպել յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կարելի չէ չեղեալ նկատել, բացի ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումով:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որ շնորհաւորեց Սալամը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի եւ կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել:
Միւս կողմէ, Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
Վարչապետ Սալամ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրէն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուէն:
Իրենց կարգին, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւններու բանբերները շնորհաւորեցին Սալամը:
Մոսկուա կոչ ուղղեց առիթ չտալու, որ Լիբանանը օգտագործուի դէպի Սուրիա մուտք գործելու իբրեւ անցք, իսկ Փարիզ կարեւոր նկատեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելը:




