Իթթիհատ Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Երէկ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Ահմետ Մըրհի եւ Հիշամ Թապպարա, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Իթթիհատի պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու հանդիպումին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցերը եւ մանաւանդ նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հարցը, կազմուելիք կառավարութենէն ակնկալուող իրագործումները` ապահովական եւ տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը նոր օրէնքի հիման վրայ, որ նկատի կ՛ունենայ բոլոր համայնքներուն ու յարանուանութեանց իւրայատկութիւնները եւ կ՛ապահովէ բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

