«Քրիստոնեայ Արդար Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Օրէնքի Մը Կարելի Է Յանգիլ, Եթէ Իրաւունքը Իրաւատիրոջ Յանձնելու Կամքը Գտնուի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով զգայուն հանգրուան մը, որուն ընթացքին սակայն կարելի եղած է երեսփոխան Թամմամ Սալամի շուրջ համախոհութիւն գոյացնել եւ զայն վարչապետ նշանակել:
«Իսկ եթէ պէտք է անպայման լաւատես ըլլալ, ապա երկրին մէջ կը նշմարեմ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը, որուն ընթացքին բոլորս պէտք է ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները: Հակառակ անոր որ Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը յայտարարուեցաւ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանէն եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ, սակայն կար այն որոշումը, որ այս հանգրուանին ան ատակ անձնաւորութիւնն է, որ չափաւորական է եւ ոչ բախումնային անհատ մըն է, որ Պէյրութէն եւ քաղաքական ենթահող ունեցող ընտանիքի մը զաւակն է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ վարչապետի նշանակումը միշտ ալ կառավարութեան կազմութենէն աւելի դիւրին եղած է` հարց տալով, որ եթէ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն գտնուէր նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ վարչապետի պաշտօնին ստանձնումին եւ մաս կազմէր անոր կազմած կառավարութեան, աւելի հեզասահ չէ՞ր ըլլար ամէն ինչ լիբանանցիին եւ Լիբանանին համար:
«Եթէ մենք այսօր պատասխանատու կը զգանք, ձախողած եղած ըլլալու ամբաստանութիւններ պէ՞տք է լսենք: Իսկ Միքաթիի կառավարութեան արձանագրած բացթողումներուն մասին բազմիցս մատնանշած ենք, սակայն այսօր բոլորս պատասխանատու ենք երկրին բարօրութեան եւ ապահովական կայունութեան», ըսաւ ան:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարելուն պատճառ դառնալու եւ նախկին վարչապետ Միքաթիի փոխարէն այս հանգրուանին Թամմամ Սալամի թեկնածութեան զօրակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նախկին կառավարութիւնը իրանեան, սուրիական, Ասատի եւ Հըզպալլայի կառավարութիւն կոչեցին, սակայն աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ Միքաթիի կառավարութիւնը ո՛չ Հըզպալլայի, ո՛չ Սուրիոյ եւ ո՛չ ալ Իրանի կառավարութիւնն է: «Մենք այսօր նոր իրողութեան մը առջեւ ենք. կրնանք չմասնակցիլ եւ կառավարութեան դէմ պայքարիլ` Լիբանանի մնացորդացը քանդելու գնով, եւ կամ կը մասնակցինք կառավարութեան եւ կը բաժնենք պատասխանատուութիւնները», նշեց Յ. Բագրատունի:
Յաջորդ կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի վարուի իբրեւ ամբողջ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն վարչապետը, «իսկ կառավարութիւնը, ինչ անուն որ ալ ունենայ անիկա, պէտք է ընդգրկէ լիբանանեան քաղաքական շերտերուն մեծ մասը», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 20 յունիսին խորհրդարանի ընթացիկ նստաշրջանին վերջին օրն է, սակայն անպայման որոշ յետաձգում մը պիտի կատարուի: «Սակայն սխալ է նաեւ այն մտայնութիւնը, որ կազմուելիք նոր կառավարութեան աշխատանքը միայն երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ գործադրելու համար է: Ընտրութիւններուն կազմակերպումը կառավարութեան աշխատանքներուն մէկ մասը պէտք է ըլլայ, սակայն ոչ թէ այդ ընտրութիւններուն կայացումով սահմանափակուի», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ 20 յունիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ չկան, իսկ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութիւն պիտի չառաջադրենք, այդ օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, որովհետեւ ժողովրդային առումով այդ օրէնքը չեղեալ նկատուած է:
«Համոզուած ենք, որ պէտք է բոլոր համայնքներուն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակուի, եւ երբեք համաձայն չեմ այն կարծիքին, որ նոյնիսկ վատ ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը նախընտրելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելէ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հոգեւորականներուն կողմէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին միջամուխ դառնալու հարցին առումով հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ հայութեան օրինակէն մեկնելով կարելի է ըսել, որ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը երբեք քաղաքական կեանքին չի միջամտեր: «Անշուշտ կաթողիկոսը իր տեսակէտը ունի` հիմնուելով քրիստոնեաներուն, մարդկային իրաւունքներուն, հաւասարութեան եւ այլ իրաւունքներու յարգումին անհրաժեշտութեան վրայ: Սակայն կաթողիկոսը կամ առաջնորդը քաղաքական մանրամասնութիւններուն միջամուխ չեն դառնար, ոչ ալ աշխարհիկ անձնաւորութիւններ անոնցմէ կը պահանջեն միջամտել այդ հարցերուն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Այս շրջագիծին մէջ ան նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր ոչ մէկ կեցուածքով այս կամ այն քաղաքական ուժին օգտին կողմնակալութիւն կատարեց` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը միայն Լիբանանի պատրիարքը չէ, այլ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի մարոնի համայնքի պատրիարքն է եւ իբրեւ այդպիսին ան իրաւունք ունի յստակ կեցուածք ճշդելու Սուրիոյ տագնապէն, ինչպէս որ է պարագան Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ներքին լիբանանեան հարցերուն մէջ օտար որեւէ միջամտութիւն խստիւ մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը վատթարացնէ երկրին կացութիւնը: «Մենք արտաքին պետութեանց բախումներուն կեդրոնը պէտք չէ ըլլանք, այլ պէտք է ըլլանք զանոնք կամրջող պետութիւնը», ըսաւ ան:
Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ օրինագիծը միակն էր, որուն շուրջ համախմբուեցան մարոնի համայնքի քաղաքական ուժերը, ինչպէս նաեւ միակն էր, որ կրցաւ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ստեղծուած երկփեղկումին վերջ տալ եւ քրիստոնեայ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնել:
«Բայց եւ այնպէս մեզի համար կարեւորը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն է` իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր յարանուանութիւններուն առումով: Ինչպէս ես կը մերժեմ ուրիշին համար որոշում տալ, կը մերժեմ նաեւ, որ ուրիշը ինծի համար որոշում տայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը տարիներ շարունակ կազմուած է իր մէջ ներառելով հայկական բոլոր կողմերը` ունենալով միայն ՀՅԴ-ի մէկ երեսփոխան: «Այսինքն` մենք արդէն իսկ համամասնական դրութեամբ կը կազմէինք Հայկական երեսփոխանական պլոքը, իսկ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կ՛առաջարկէ համամասնական դրութիւնը: Այս բոլորին կողքին անկարելի է փոփոխութեան ենթարկել քաղաքական դաշինք մը, պարզապէս որովհետեւ կրնանք ձախողիլ: Մենք անպայման Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը վաւերացնել չենք ուզեր, բայց կը պահանջենք 64 քրիստոնեայ երեսփոխան ապահովող ընտրական օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կը բերէ խորհրդարանին: Այդ օրէնքին կարելի է յանգիլ, եթէ իրաւունքը իրաւատիրոջ յանձնելու կամքը գտնուի», շեշտեց ան:
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ դաշինքը հաստատ է, իսկ Հիւսիսային Մեթնի մէջ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ ընտրական դաշինքը կայ եւ պիտի մնայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ ընտրական մեքենան կազմ ու պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

