Հայոց Բանակը Բերուած Է Մարտական Վիճակի
«Երկիր»-ի կայքէջին հաւաստի տեղեկութիւններով` պաշտպանութեան նախարարութեան մարտական հերթապահութիւն չիրականացնող զօրամասերը նախագահ Սերժ Սարգսեանին տեղի ունենալիք երդման արարողութեան առիթով բերուած են մարտական` առաջին պատրաստակամութեան վիճակի: Զինուորականներուն արդէն հրահանգուած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային ով ի՛նչ դիրք պիտի գրաւէ եւ ի՛նչ առաջադրանք պիտի կատարէ:
Այսպիսի հրահանգ ստացած են Երեւանի եւ Երեւանի յարակից տարածքներուն մէջ տեղակայուած զօրամասերը, որոնք արդէն կազմ-պատրաստ կը սպասեն հետագայ հրահանգներուն:
Նշենք, որ 9 ապրիլին տեղի պէտք է ունենայ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը, եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ու անոր կողմնակիցները կը պատրաստուին խոշոր հանրահաւաք ու երթ կազմակերպել Երեւանի մէջ:
CATEGORIES Հայկական

