Յովհաննէսեան. «Սուտ Երդումը Հակասահմանադրական Է Եւ Հակաքրիստոնէական»

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ եթէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը օրհնէ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ հակաքրիստոնէական արարք:

Ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսին զերծ մնալու այսպիսի քայլէն:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, որ սուտ երդումը, կեղծ երդումը ոչ միայն հակասահմանադրական է` նախ եւ առաջ իբրեւ քաղաքացիներ, այլ նաեւ կեղծ երդումը նոյն քրիստոնէութեան համար արգիլուած վարք է: Ան նշեց, որ ինք կիրակի օր ներկայ էր պատարագին եւ խոստովանութեան ժամանակ ըսուած է, որ կեղծ երդումը մեղք կը նկատուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել, եթէ իշխանութիւններուն ներկայացուցած իր պահանջները մնան անկատար եւ 9 ապրիլին Սերժ Սարգսեան երդմնակալութեամբ երկրորդ անգամ ստանձնէ Հայաստանի նախագահի պարտականութիւնները, Ժառանգութեան առաջնորդը նշեց, որ նոր նախագահի հռչակումը եւ այդ հաւաքական երդմնակալութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Ազատութեան հրապարակին վրայ 9 ապրիլի ժամը 12:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), շատ աւելի ամբողջական, համապարփակ եւ համազգային պիտի ըլլայ, քան առանձին տեղի ունեցած երդումը այլ վայրի մը մէջ: «Եւ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով, կրնամ ըսել, որ այդ պայքարը պիտի շարունակուի, եւ ով որ կեղծ երդում տուաւ` ինք պիտի ըլլայ սահմանադրութենէն, օրէնքէն դուրս, եւ ինք իրաւունք պիտի չունենայ խօսելու սահմանադրութեան չակերտեալ բռնագրաւման, այսպիսի այլ որակումներու մասին, որովհետեւ ով որ 18 փետրուարին գողցաւ ժողովուրդի քուէն եւ ընտրութիւնը, եւ ազգն ու պետութիւնը կը գիտակցին ատիկա` բոլորս միասին, ինքն է, որ օրէնքէն դուրս է»:

Ժառանգութեան առաջնորդը շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ ոչ միայն Բարեւի յեղափոխութեամբ, այլ հանդարտ, սահմանադրական, խաղաղ ճամբով ունենալու համար տէ ժիւրէ նախագահութիւն մը, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Յայտնենք, որ այսօր կէսօրին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան երկու երդմնակալութեան արարողութիւններ` Սերժ Սարգսեան Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի ստանձնէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնը, իսկ Րաֆֆի Յովհաննէսեան մտադիր է Ազատութեան հրապարակին վրայ «նոր Հայաստան» հռչակել:

Share this Article
CATEGORIES