Քոչարեան Պիտի Մասնակցի Սարգսեանի Երդման Արարողութեան` Ծառուկեան` Ոչ
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան «Երկիր»-ի կայքէջին յայտնեց, որ Քոչարեան այսօր պիտի մասնակցի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան:
Միւս կողմէ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան պիտի չմասնակցի այսօր տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան: Այդ մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց անոր բանբերը` Իվեթա Տոնոյեան` իբրեւ պատճառ նշելով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահին բացակայութիւնը երկրէն:
Տոնոյեան յայտնեց նաեւ, որ Ծառուկեան արտերկիր մեկնած է երէկ:
CATEGORIES Հայկական

