Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Կերտեց Շախտիոր Տոնեցքի Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Շախտիոր Տոնեցք Տինամօ Քիեւի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Տոնեցքի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 44-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի հարուածէն ետք, գնդակը դպչելով մրցակից կազմին մարզիկներէն մէկուն ոտքին, մուտք գործեց հիւրընկալ կազմին բերդը: 75-րդ վայրկեանին Մխիթարեան նշանակեց իր երկրորդ կոլը եւ կերտեց Շախտիորի յաղթանակը, այսպիսով նշանակելով Ուքրանիոյ ախոյեանութեան իր 20-րդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Շախտիոր 66 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին կը գտնուի Մեթալիսթ (49 կէտ):
Մխիթարեանի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 14 ապրիլին` «Տոնպաս Արենա»-ի մէջ հիւրընկալելով Զարիան:

