Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ժողով

Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը Անսար ակումբին մէջ գումարեց իր շաբաթական հերթական ժողովը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըրի:

Պատըր յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ֆետերասիոնին գործունէութիւնը ըլլայ աշխուժ, թէ` տեղական եւ թէ՛ ալ միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին:

Շնորհակալութեան խօսքը ուղղուեցաւ Ժամհուր վարժարանին, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կը հիւրընկալէ Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւնը:

Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15-21 ապրիլին:

Հինգ օր յաւելեալ ժամանակ տրուեցաւ ակումբներուն, որպէսզի անոնք ամբողջացնեն իրենց կազմերը` մասնակցելու համար խմբային ախոյեանութեան: Իւրաքանչիւր ակումբ այժմ` ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն 48 ժամ առաջ, պէտք է 12 խաղացողներուն անունները փոխանցած ըլլայ ֆետերասիոնին:

Ընդունուեցաւ Անդրանիկ Անթիլիասի անդամակցութիւնը ֆետերասիոնին:

Ֆետերասիոնը համաձայն գտնուեցաւ իրեն ուղղուած հրաւէրին` ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնին կողմէ, մասնակցելու այն խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ նոյեմբերին` Մարաքեշի մէջ (Մարոք):

Կազմուեցաւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք ասիական խաղերուն: Հոն մեկնող ճատրակ խաղացողները պիտի ըլլան Թարեք Մըտալլալ, Մըհտի Ֆաուրի, Պասել Շարաֆ, Ժամալ Շամիէ (պահեստի խաղացող) եւ Մայա Ժալլուլ:

Ինչ կը վերաբերի ասիական շրջանի ախոյեանութեան, անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ֆատի Իտ եւ Մայա Ժալլուլ:

Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնը գնած է 50 տիճիթըլ ժամացոյցներ` ֆետերասիոնին ունեցած սարքերը նորերով օժտելու իմաստով:

Իսկ հին ժամանակացոյցները ֆետերասիոնին անդամ Ալի Ժաուիշի տրամադրութեան տակ դրուեցան, որպէսզի ան զանոնք ակումբներուն տրամադրութեան տակ դնէ, որպէսզի կարենան ճատրակ խաղացողներուն դիւրութիւններ ընծայել:

Համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի այցելէ Հայաստան` երկու երկիրներուն միջեւ ճատրակի մարզը զարգացնելու գծով անհրաժեշտ աշխատանքները տանելու համար: Պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Նեպիլ Պատըր:

Որոշում տրուեցաւ նաեւ կիրակի, 26 մայիսին կատարելու Մէյս Ժապալի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ նուիրուած է Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին:

 

Share this Article
CATEGORIES