Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ի՛նչ նախաձեռնութիւն որ կատարէք, համոզումով ըրէք եւ` ոչ ուրիշներու թելադրանքով: Անոնք չեն գիտեր ձեր ներաշխարհին փափաքը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հրաւէրի մը ներկայ պիտի գտնուիք: Ընթրիք մըն է, ուր պիտի ստեղծուին հաճելի անակնկալներ: Այս հանդիպումները պիտի ունենան երկարատեւ եւ անկեղծ մտերմութիւն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ստեղծագործական աշխատանքները պիտի գնահատուին: Անոնք օգտակար պիտի ըլլան մասնաւորաբար պատանիներու եւ երիտասարդներու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր կերուխումին ուշադիր եղէք: Զատկուան օրերու հաւկիթի, տուրմի եւ հայկական գաթաներու ուտեստը կրնան ազդած ըլլալ ձեր ստամոքսին, հետեւաբար ժուժկալ եղէք ներկայիս:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ ձեզմէ աւելի գիտելիքներ ունին: Օգտակար եւ օրինակելի եղէք ձեր շրջապատին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կեանքը ունի իր պայմանները եւ օրէնքները: Հարկ է հնազանդիլ այս պայմաններուն: Մասնաւորաբար ընդառաջեցէք ձեզի ուղղուած հրաւէրին: Եթէ նոյնիսկ ժամանակ չունիք, առիթ ստեղծեցէք ներկայ գտնուելու, որպէսզի յետոյ չմեղադրեն ձեզ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամատնային ձեր հարցերը լուծեցէք օրը օրին: Ձեր խոստումին տէրը եղէք, որպէսզի մարդոց վստահութիւնը չկորսնցնէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր նախաձեռնած աշխատանքը պիտի գնահատուի: Թէեւ կը կարծէիք, որ աննշան պիտի ըլլայ, սակայն պիտի սխալիք: Օրը պիտի օգնէ ձեզի:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ ձեզմէ աւելի գնահատուած են: Այս տրամադրութիւնը անհիմն է եւ կը վնասէ ձեր յառաջդիմութեան: Սթափեցէք, որպէսզի հետագային չզղջաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Համեստութիւնն ալ իր չափը ունի: Եթէ զգաք, թէ կը շահագործեն ձեր ազնուութիւնը, հեռու մնացէք այդպիսի անձերէ, առանց խօսելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Որքան մարդիկ, այնքան` կարծիք: Եթէ կը վարանիք, կը նշանակէ, թէ ձեր ծրագրածը տակաւին հասունցած չէ. դիմեցէք փորձառու անձերու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր փայփայած մէկ երազը պիտի կարենաք իրագործել: Այս իրողութիւնը զարմանալի պիտի թուի ձեզի: Երբեք մի՛ յուսահատիք ձեր կեանքին մէջ: Գալիք օրերը միշտ յղի են…

Share this Article
CATEGORIES