50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1963)

Կիպրահայ Կեանք

(Սեփական Թղթակցութիւն)

Չորեքշաբթի, մարտ 27-ի գիշերը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, միութեան շէնքին մէջ:

Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսի:

Անկէ ետք ընդհանուր ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն:

Շրջանաւարտ վարչութեան քարտուղար Սարգիս Խ. Տէր Աւետիսեան կարդաց խնամեալ տեղեկագիր մը միութեան տարուան մը գործունէութեան, որ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Բանաձեւի յանձնախումբը, բաղկացեալ Վահրամ Թունճեանէ, Բեգլար Նաւասարդեանէ եւ Վարդգէս Սինանեանէ, գնահատանքի բանաձեւ մը արձանագրեց վարչութեան գործունէութեան մասին, որ միաձայնութեամբ եւ ծափահարութիւններով վաւերացուեցաւ ընդհ. ժողովին կողմէ:

Ի մէջ այլոց ժողովը նկատի ունեցաւ միութեան մշակութային, մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց: Նկատուեցաւ, որ նախկին վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Անանիա Մահտեսեանի միութեան սեփական շէնքի պարտքը պակսեցուցած է 1500 սթերլինով: Միութեան շէնքին ներկայ պարտք մնացած է 2500 սթերլին, որ կը յուսացուի փակել ներկայ տարեշրջանին:

Մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ նաեւ գործունէութիւնը միութեան սկաուտական շարժման, որուն պատասխանատուութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած է  Յարութիւն Անմահունի:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն` 1963-ի վարչութեան: Հետեւեալները գոց քուէով ընտրուեցան ներկայ տարեշրջանին համար.

Անանիա Մահտեսեան, Պերճ Գառնուկեան, Սարգիս Օ. Տէր Աւետիսեան, Ղազարոս Յակոբեան, Հրանդ Տեմիրճեան, Հրաչ Թօգաթեան եւ Նազարէթ Գազանճեան:

Ժողովը վերջ գտաւ կէս գիշերին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Հայ Աւետ. Քոլեճին Տարեկան Համերգը

Հայ աւետ. քոլեճը, մշակութային իր այլ գործունէութեանց կարգին, սովորութիւն դարձուցած է հայ հասարակութեան ներկայանալ տարեկան համերգով մը: Այս տարի այդ համերգը կը զգենուր մասնաւոր արժէք, որովհետեւ անիկա կը նշէր Հայ աւետ. քոլեճի հիմնադրութեան քառասնամեակի (1923-1963) հանդիսութիւններուն բացումը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 5 ապրիլ, ուրբաթ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, ընտրեալ հասարակութեան մը ներկայութեան:

Համերգը գործն էր հայ երաժշտասէր հասարակութեան ծանօթ` տոքթ. Է. Էլմաճեանի: Ան աշակերտական ձայներով կազմած էր քառաձայն երգչախումբ եւ սակայն կրցաւ բաւական յաջող յայտագրով մը ներկայանալ հասարակութեան: Համերգին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան քայլերգով` քառաձայն երգուած:

Յայտագրին առաջին մասը յատկացուած էր ընդհանրապէս օտար երգերու` արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:

Քոլեճին աշակերտներէն Արմէն Կիւզելիմեան դաշնակի վրայ նուագեց «Տրիւմ Փոլոնեզ»-ը,  որոշ վարպետութեամբ մը: Կիւզելիմեան ապագայ խոստացող դաշնակահար մը կրնայ ըլլալ, եթէ յարատեւէր իր փորձերուն մէջ: Ան դաշնակով ընկերացաւ յայտագրի մեծ մասին:

Յայտագրին առաջին մասը վերջ գտաւ Գ. Ալէմշահի «Հունձք»-ով եւ Բ. Կանաչեանի «Շուշօ»-ով:

Յայտագրին Բ. մասը յարաբերաբար աւելի լաւ ընդունելութեան մը արժանացաւ, որովհետեւ զուտ հայկական բաժին մըն էր, եւ երգերը ծանօթ ըլլալով, արդէն հոգեկան պատրաստ գետին մը կը գտնէին: Այս մասը ունէր «Պինկէօլ»-ը (Կոմիտաս), «Լուռ գնաց»-ը (Ա. Սաթեան), «Հայրենի կարօտ», «Գարուն եկաւ» (Բ. Կանաչեան), «Երկու քոյր ենք» (Թ. Ալթունեան), «Վարդ կօշիկս» (Կարա Մուրզա), «Երեւան» (Ջ. Գիւզալեան): Ասոնք արժանացան բուռն ծափահարութեան եւ ոմանք` կրկնումի:

Համերգին յաջողութեան մէջ իրենց արժանի բաժինը վերցուցած էին մեներգողներ, որոնք իրենց շնորհալի ձայնով կրցան մթնոլորտ ստեղծել եւ յայտագրին մէջ զանազանութիւն ներմուծել: Մեներգեցին` Սեդա Պասմաճեան, Սոնա Ղազարեան, Այտա Գրգեաշարեան, Շողիկ Ակներեան, Մանուկ Քիւփելեան, Յասմիկ  Եղիայեան, Այգ Կիւլեսերեան, Նորայր Կարապետեան:

Երգչախումբը, որ կազմուած էր 46 հոգիէ, կրցաւ բաւական ներդաշնակութեամբ երգել, եւ ասիկա ցոյց կու տայ խմբավար` տոթք. Էլմաճեանին բծախնդիր աշխատանքը:

Գնահատելով հանդերձ տոքթ. Էլմաճեանին ճիգը` պիտի ընենք բարեկամական թելադրանք մը: Դպրոցի մը բեմը շատ պզտիկ է իր արժանիքը ունեցող խմբավարի մը համար: Ան մեզի կը ներկայանայ իբրեւ հոգեզաւակը Բարսեղ Կանաչեանին, եւ մենք զինք պիտի ուզենք տեսնել Կանաչեանի բաց ձգած տեղը փոխարինողի դերին մէջ:

Ա. Տ. Խ.

 

 

Share this Article
CATEGORIES