Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Վատիկանի Պետութեան Կառոյցը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վատիկան, կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, աշխարհի ամէնէն փոքր պետութիւնն է` իր ուրոյն կառոյցներով ու հաստատութիւններով:
* * *
Վատիկան կրօնապետութիւն է. պետութեան գլուխը պապն է:
Սահմանադրութիւնը հաստատուած է 1929 յունիս 7-ին, որուն համաձայն, պապը բացարձակ իշխանութիւն ունի Վատիկանի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութեանց վրայ, իսկ վարչական, դատական եւ տնտեսական գործերը կը վարէ կառավարիչը:
Վատիկանի խորհրդակցական մարմիններն են` տիեզերական ժողովը, կարտինալներու քոլեկիան եւ եպիսկոպոսներու սինոտը: Կրօնական, քաղաքական եւ տնտեսական գործունէութեան ղեկավարութիւնը վերապահուած է պապական քուրային, որուն մէջ կը մտնեն պետական քարտուղարութիւնը, եկեղեցւոյ պետական գործերու խորհուրդը (արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւն, ունի իր քարտուղարը) եւ տասը հոգեւոր գերատեսչութիւններ, որոնք կը վարեն պաշտամունքի, եպիսկոպոսներու նշանակման եւ եկեղեցւոյ կառավարման հարցերը:
Վատիկանի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ պետական քարտուղարը:
Օրէնսդիր իշխանութիւնը քահանայապետական յանձնաժողովն է, բաղկացած` կարտինալներէ, եւ կը գործէ պետական քարտուղարի նախագահութեամբ:
Գործադիր իշխանութիւնը բաղկացած է հռոմէացի 24 աշխարհականներէ եւ վեց դրսեցի (այսինքն` ոչ Հռոմի բնակիչ) աշխարհականներէ եւ գլխաւոր քարտուղարէն:
Դատական իշխանութիւնը ունի առաջին նախադատ ատեան, վերաքննիչ ատեան եւ վճռաբեկ ատեան:
Վատիկան պաշտօնական լեզու չունի, բայց գործածականը իտալերէնն է, իսկ լատիներէնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն է:
Դրօշակը եկեղեցական պետութեան հին դրօշակն է` հաստատուած 1825 սեպտեմբեր 17-ին, կարտինալ Կաթոֆֆիի կողմէ, բաղկացած է ուղղահայեաց երկու գիծերէ. ձախը` դեղին, աջը` ճերմակ, որ իր վրան կը կրէ քահանայապետական ոսկիէ խոյրը եւ Սուրբ Պետրոսի բանալիները:
Քահանայապետական առաջին քայլերգը գրուած է 1857-ին եւ «Լա Միւզիաքա ֆեսթիւա» կը կոչուի. անիկա գրուած է Պիոս Թ. պապին Լեհաստան այցելութեան առիթով, 1857 օգոստոսին, աւստրիացի երաժշտահան Հայմայրի կողմէ: Այնուհետեւ, 1949 հոկտեմբերին իբրեւ պատրաստութիւն 1950 «սուրբ տարուան», Պիոս ԺԲ. հաստատեց քահանայապետական նոր քայլերգը, որ աւելի հոգեւոր ներշնչում եւ խորք ունի, գրուած` 1869-ին, Պիոս Թ. պապի տարեդարձին առիթով, ֆրանսացի Շարլ Կունոյի կողմէ:
Մինչեւ Պիոս Զ. պապը, կը գործածուէր նաեւ երկրորդ քայլերգ մը` «Արծաթէ փողերը», գրուած` 1846-ին, ազնուական պահակի մը` մարքիզ Ճովաննիլոնկիի կողմէ, պապին Ս. Պետրոս տաճար մուտքին առիթով:
* * *
Վատիկան ունի աւելի քան 800 բնակիչ, որոնցմէ ոմանք Վատիկանի քաղաքացիութիւն ունին: Քաղաքացիութիւնը ժամանակաւոր է եւ կը տրուի ոեւէ կրօնաւորի կամ աշխարհականի` որոշ աշխատանքի մը կամ պաշտօնի մը ժամանակաշրջանին:
Վատիկան ունի նաեւ շուրջ 2400 աշխարհական աշխատակիցներ, որոնք Վատիկանէն դուրս կը բնակին:
Իբրեւ Հռոմի եպիսկոպոս, ուղղակի պապին կապուած են Հռոմ բնակող հազարաւոր հոգեւորականներ, որոնց մէկ մասը ծխական ժողովրդապետներ են:
* * *
Քահանայապետական ընտանիքի անդամութիւնը տիտղոսաւոր անուանում մըն է` տրուած կարգ մը եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու եւ երկու խումբի բաժնուած է` եկեղեցական ընտանիք եւ աշխարհական ընտանիք:
Եկեղեցական ընտանիքի անդամութեան տիտղոս կը կրեն առաքելական դպրապետը, պատուաւոր առաջնորդներ եւ այլք: Աշխարհական ընտանիքի անդամութեան տիտղոս կը կրեն կարգ մը ազնուատոհմ ընտանիքներ, սենեկապետներ, զինուորականներ եւ այլք:
Քահանայապետական ընտանիքի անդամութեան տիտղոսը կը տրուի պապին կողմէ եւ ժառանգական չէ:
Վատիկան ունի նաեւ կիներու եւ երիտասարդներու միութիւններ եւ ուսանողական հաստատութիւններ:
* * *
Վատիկանի թանգարանը հնագիտական մեծագոյն հաւաքածոներ կը պարունակէ` իր Պիօ-Կղեմէնտինեան, Գրիգորեան Եգիպտական եւ Գրիգորեան Էթրուսքեան բաժանմունքներով:
Պիօ-կղեմէնտինեան թանգարանը կառուցուած է Կղեմէս ԺԴ. (1769-1775) պապին կողմէ եւ ընդարձակուած անոր յաջորդ Պիոս Զ. (1775-1800) պապին կողմէ:
Քիարմոնթի քանդակներու սրահը կառուցուած է Պիոս Է. պապին (1800-1823) կողմէ:
Գրիգորեան Էթրուսքեան թանգարանը կառուցուած է Գրիգոր ԺԶ. պապին կողմէ, 1836-ին, եւ վերակառուցուած է 1924-ին:
Գրիգորեան Եգիպտական թանգարանը նոյնպէս կառուցուած է Գրիգոր ԺԶ. պապին օրով եւ ժողովուրդին առջեւ բացուեցաւ 1839-ին:
Փինաքոթերիա շէնքը կառուցուած է Պիոս Զ. պապին կողմէ, 1797-ին, ուր պահուած են իտալական, ռուսական եւ յունական սրբանկարներ:
Վատիկան 1976-ին բացաւ իր առաջին ժամանակակից արուեստի թանգարանը:
* * *
Վատիկան ունի իր տպարանը, մամուլը, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանը, հեռաձայնային ցանցը եւ նամակատունը` Վատիկանի շրջագիծին մէջ:
Գլխաւոր հրատարակութիւնը` «լ՛Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթն է կրօնական եւ քաղաքական բովանդակութեամբ, հիմնուած` 1861 յուլիս 1-ին, Պիոս Թ. պապին կողմէ:
Վատիկանի տպարանէն լոյս կը տեսնեն բազմաթիւ գիրքեր եւ թռուցիկներ, ամէն լեզուով:
Վատիկանի գործակալութիւնը` «Աճենծիա Ինթերնածիոնալէ Ֆիտէս», հիմնուած է 1926-ին:
Ձայնասփիւռի կայանը հիմնուած է 1929-ին եւ հաղորդումներ կը սփռէ աշխարհի չորս ծագերուն: Ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռի եռայարկ շէնքը հիմնուեցաւ 1984-ին:
* * *
Զուիցերիական պահակները Վատիկանի պաշտօնական բանակն են, իբրեւ պապին անձնական պահակներ: Բանակը կազմուած է 1480-ին, Սիքսթոս Դ. պապին կողմէ եւ պաշտօնապէս հաստատուած է 1506-ին: Անոնք զուիցերիացի կաթողիկէներ են, բաղկացած` 110 անձէ, ունին մէկ գնդապետ, երկու տեղակալ գնդապետ, մէկ հազարապետ, մէկ խմբապետ եւ 51 գեղարդաւոր: Անոնց հասակը սկզբունքով 174 սանթիմեթր պէտք է ըլլայ:
Անոնց տարազը վերածննդեան ոճով է, կապոյտ, ոսկեգոյն եւ կարմիր գոյներով եւ կ՛ենթադրուի, որ ձեւագծուած է Միքելանճելոյի կողմէ: Երկրորդ անգամ ձեւագծուած է 1915-ին, գնդապետ Յուլիոս Ռեփոնի կողմէ:
Զինուորական ծառայութիւնը նուազագոյնը երկու տարի է, իսկ աստիճանի բարձրացում տեղի կ՛ունենայ չորս տարուան ծառայութենէ ետք:
Ոստիկանութիւնը կազմուած է 1816-ին եւ ունի 130 ոստիկան:
Նախապէս կային նաեւ Փալաթինեան պահակները, որոնք կազմուած էին 1850-ին, բաղկացած էին 500 անձէ եւ վերցուեցան 1970-ին:
* * *
Վատիկան տնտեսական հսկայ մըն է. անիկա վանքեր, եկեղեցիներ, կալուածներ, դրամատուներ եւ հաստատութիւններ ունի Վատիկանէն դուրս, որոնց բոլորին տարածութիւնը վեց քառ. քմ է:
Հռոմի մէջ ունի 2,33 քառ. քմ տարածութեամբ կալուածներ` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարը, որ կաթողիկէ մայր եկեղեցին է, կառուցուած` 315-ին, Մելշիար պապին կողմէ եւ անցեալին պապերուն աթոռանիստը եղած է, Սան Մարիա Մաճճորէ, որ Հռոմի չորրորդ մեծագոյն տաճարն է, կառուցուած` Դ. դարուն, Սուրբ Պօղոս Պատերէն Դուրս, որ Սուրբ Պետրոսէն ետք մեծագոյն տաճարն է, կառուցուած` 326-390 տարիներուն, նաեւ` Տաթերիա պալատը, Դիւանատունը, Սպանական վայրը (Ժէ. դարու պալատ), Փրոփականտայի դպրոցը եւ այլն:
Հռոմէն դուրս եւս Վատիկան կալուածներ ունի:
Քասթէլ Կանտոլֆօ գիւղը, Հռոմէն 25 քմ հարաւ, Ալպանօ լիճի արեւմտեան ափին, Ալպանի բլուրներու բարձունքին, 426 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի: Հոն կը գտնուի պապին հովոցը` 55 հեկտար տարածութեամբ: 1608-էն ի վեր անիկա պապական կալուած է:
Հսկայ հովոցը` Առաքելական կամ Պապական պալատը սկսաւ կառուցուիլ Ուրբանոս Ը. պապին (1623-1644) օրով եւ ընդարձակուեցաւ Ալեքսանտր է., Կղեմէս ԺԳ. եւ Պիոս Թ. պապերուն օրով: Պալատը գեղեցիկ պուրակով մը շրջապատուած է. հոն կը գտնուին նաեւ Հռոմի Տոմիթիանոս կայսեր պալատին աւերակները: Պալատին ընդունելութեան սրահը ծածկուած է թանկագին մարմարով, ոսկիէ եւ արծաթէ թելերով հիւսուած կերպասով եւ շքեղ գորգանկարներով. կան նկարներ Քարլօ Տոլճիէն, Փաոլօ Վերոնեսէն եւ Սալվատոր Ռոզայէն:
Պալատին կողքին Վիլա Պարպերենին է: Իսկ Վատիկանի աստղադիտարանը հիմնուած է Գրիգոր ԺԳ. Պապին (1572-1585) կողմէ:
Պապական պալատին ետեւը Սան Թոմմասօ տի Վիլլանովա եկեղեցին է, Ճիան Լորենցօ Պեռնինիի ձեռակերտը:
Վատիկան ունի իր դրամատնային սեփական կառոյցը, դրամատուներ, խանութներ, մթերանոցներ, դեղարան մը, երկաթուղային կայարանը, ինչպէս նաեւ` պարտէզներ, քաղաքային շէնքեր եւ եկեղեցական գրասենեակներ:
Վատիկանէն դուրս գտնուող եւ անոր պատկանող շէնքերուն եւ հաստատութիւններուն վրայ, իբրեւ ցուցանիշ, զետեղուած է նկարատախտակ մը` պապին եռաթագ խոյրը եւ խաչաձեւ բանալիներ, որոնք կը խորհրդանշեն անոնց պապական պատկանելիութիւնը:
Քոլոննաներու Ազնուական Տոհմը
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած մեծ եւ համբաւաւոր տոհմ են Քոլոննաները:
Քոլոննաները աւանդութեան համաձայն Հռոմի կայսերական Յուլիոս-Քլաւտիոսներու հարստութեան շառաւիղներն են եւ Հռոմէն 20 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող Թուսքուլմի կոմսերը եղած են: Անոնց նահապետ Փիեթրօ (1099-1151) Թուսքլումի մօտակայ, Ալպանի բլուրներուն վրայ գտնուող Քոլոննա (կը նշանակէ սիւն) դղեակին տէրը եղաւ եւ տոհմը Քոլոննա անունով ճանչցուեցաւ: Քոլոննաներուն տիրոյթները կ՛ընդգրկէին Հռոմէն հարաւ տարածուող ընդարձակ շրջաններ եւ ստացուածքներ` Հռոմի մէջ:
Ճովաննի Քոլոննա 1206-ին կարտինալ եղաւ: Եղբօրորդին` Ճովաննի 1228-ին տոմինիքեան ուխտի վանական եւ 1255-ին ալ Մեսսինայի արքեպիսկոպոսը եղաւ: Մարկերիթա Քոլոննա ֆրանչիսկեան կրօնաւորուհի եղաւ եւ վախճանեցաւ 1284-ին:
Քոլոննաներ պայքարի դաշտ իջան Օրսինի տոհմին դէմ եւ կայսերական Կիպելլին խմբակցութեան միացան, ընդդէմ պապական Կուէլֆ խմբակցութեան:
Քոլոննաները Կեղեստինոս Ե. պապին մօտիկ աջակիցներն էին, եւ անոր գահազրկումէն եւ ձերբակալութենէն ետք հակադրուեցան Բոնիփակիոս Ը. պապին: Պապական զօրքերը յարձակեցան Քոլոննաներուն վրայ. 1298-ի վերջաւորութեան Քոլոննա, Փալեսթրինա եւ այլ աւաններ գրաւուեցան եւ աւերուելով գետնին հաւասարեցուեցան: Քոլոննաներէն ոմանք բանադրուեցան եւ հեռացան Իտալիայէն:
Սքիարրա Քոլոննա (1270-1329) 1303 սեպտեմբերին ձերբակալեց պապը Անակնիի մէջ եւ հանրութեան առջեւ ապտակեց: Սքիարրա 1328-ին Լուտվիկ Դ.ն Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան կայսր թագադրեց: Եղբայրը` Սթեֆանօ Քոլոննա (1265-1348) Հռոմի ծերակուտական եւ Իտալիոյ մէջ կայսերական փոխանորդ եղաւ:
Կարտինալ Էկիտիօ Քոլոննա, օկիւսթինեան կրօնաւոր եւ փիլիսոփայ, Ֆրանսայի Ֆիլիփ Դ. Գեղեցիկ թագաւորին ուսուցիչը եղաւ եւ վախճանեցաւ 1314-ին:
Ճովանի, Սթեֆանօ եւ Ինսուլա Քոլոննաներուն զաւակը, 1327-ին Յովհաննէս ԻԲ. պապէն կարտինալի կոչում ստացաւ եւ Փեսքերիայի Սանթ, Անճելօ եկեղեցիին սարկաւագը եղաւ: 1342-ին ալ Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանի տաճարին արքքահանայ եղաւ:
Օտտոնէ, Ակափիթօ Քոլոննայի եւ Քաթերինա Քոնթիի զաւակը, ծնած է 1369-ին: Եղբայրը` Ճորտանօ Սալեռնոյի իշխանն էր. քոյրը` Փաոլա: Օտտոնէ Քոլոննա 1405-ին կարտինալ-սարկաւագ եղաւ: 1417-ին պապ ընտրուեցաւ եւ գահակալեց Մարտինոս Ե. անունով: Հռոմի Քոլոննաներուն տոհմական պալատը իր աթոռանիստը ըրաւ: Վախճանեցաւ 1431-ին:
Ֆապրիծիօ Քոլոննա, Էտուարտօ Քոլոննայի եւ Ֆիլիփփա Քոնթիի զաւակը, Սրբազան լիկայի զօրավար եղաւ եւ կռուեցաւ Ֆրանսայի Լուի ժԲ. թագաւորին դէմ: Ամուսնացած էր Ուրպինոյի դուքս Ֆետերիքօ եւ Պաթթիսթա տա Մոլթեֆելթրոներուն դստեր` Ակնեզէի հետ: Դուստրը` Վիթթորիա Քոլոննա (1490-1547) բանաստեղծուհի էր:
Փրոսփերօ Քոլոննա (1452-1523) զինուորական հրամանատար եղաւ: Անոր զօրակցութեամբ Ֆրանսայի Շարլ Ը. թագաւոր յաղթեց Ալեքսանտր Զ. պապին եւ գրաւեց Հռոմը: Փրոսփերօ 1515-ին Լեւոն Լ. պապին բանակին հրամանատարը եղաւ եւ 1522-ի Պիքոքքայի ճակատամարտին յաղթեց ֆրանսացիներուն:
Մարքանթոնիօ Քոլոննա (1478-1552) զինուորական հրամանատար եղաւ: Ամուսնացաւ Յուլիոս Բ. պապին եղբօր աղջկան` Լուքրեծիա տէլլա Ռովերէի հետ: Զոհուեցաւ սպանացիներուն դէմ Միլանոյի պաշտպանութեան ժամանակ:
Կարտինալ Փոմփէօ Քոլոննա (1479-1532) 1530-ին Նափոլիի փոխարքան եղաւ:
Մարքանթոնիօ (1535-1584), Ասքանիօ Քոլոննայի եւ Ճովաննա տ՛Արակոնայի զաւակը, Քրիստոնեայ լիկային միանալով մասնակցեցաւ օսմանեան նաւատորմին մէջ Լեփանթոյի 1571-ին ծովամարտին: 1577-ին ան Սիկիլիոյ փոխարքան եղաւ:
Կարտինալ Ճրոլամօ (1604-1666), Փալիանոյի իշխան Ֆիլիփփօ Քոլոննայի եւ Լուքրեծիա Թոմանչելլի զաւակը, Լատերանի տաճարին արքքահանայ եղաւ: Ֆելիփէ Դ. թագաւորին կողմէ Սպանիա կանչուեցաւ եւ պետական ու զինուորական խորհրդատու նշանակուեցաւ: Եղբայրը` Մարքանթոնիօ Փալիանոյի իշխան եղաւ. ամուսնացած էր Իզապելլա Ճոէնի Քարտոնայի հետ. տղան` Լորենծօ Օնոֆրիա, դուստրը` Աննա: Լորենծօ Օնոֆրիա (1637-1689) ժառանգեց Փալիանոյի իշխանութիւնը, ամուսնացաւ Մարիա Մանչինիի հետ եւ ունեցաւ երեք զաւակ. Ֆիլիփփօ, Մարքանթոնիօ եւ Քարլօ: 1678-էն 1681 Արակոնի փոխարքան եղաւ:
Փրոսփերօ (1707-1765) եւ Ճրալոմօ (1708-1763) Քոլոննա տի Սքիարրա եղբայրները կարտինալներ են:
Քոլոննաներ 1710-ին պապական գահի իշխան օգնականի կոչում ստացան, իսկ 1854-ին պապական իշխանի տիտղոսին արժանացան:
Փրոսփերօ Քոլոննա 1899-էն 1904 եւ 1914-էն 1919 Հռոմի քաղաքապետ եւ ծերակուտական էր: Տղան` Փիերօ 1936-էն 1939 Հռոմի կառավարիչը եղաւ:
Փիերոյի եւ Ատելէ Լուիզա Կրեկորինիի զաւակը` Ֆրանչեսքօ (1919-1993) ժառանգեց հարաւային Իտալիոյ մէջ, Մոլիզէի բարձունքներուն, ձիթաստաններով ծածկուած տոհմական տիրոյթները. դուստրերը` Վիթթորիա եւ Մարինա եւ տղան` Փիերօ:
Կուիտօ Քոլոննա (1908-1982) քաղաքական դէմք էր:
Մարքանթոնիօ եւ Պարպարա Քոլոննաներուն զաւակներն են` Ճիովաննի, Իզապելլա Օլիմփիա: Քարլօ եւ Էլէոնորա Քոլոննաներուն զաւակները` Մարիա, Փաթրիծիա, Սթեֆանօ, Ռիքարտօ, Ասքանիօ եւ Մարթինա:




