Պուշեհրի Հիւլէական Կայանին Մօտ Ուժգին Երկրաշարժ
Իրանի Պուշեհր հիւլէական կայանին մօտ տեղի ունեցաւ 6.3 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Պուշեհրը երկրին առաջին հիւլէական կայանն է, որ կառուցուած է Ռուսիոյ օգնութեամբ եւ ռուս մասնագէտներու պնդումով կրնայ դիմանալ 6.3 ռիխթըր աստիճանէն բարձր ցնցումներու:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը յստակացնէ, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է Պուշեհր քաղաքէն 91 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, որուն մերձակայքը կը գտնուի հիւլէական կայանը: Ստորգետնեայ ցնցումները արձանագրուած են 10 քիլոմեթր խորութեան վրայ:
Երկրաշարժը զգալի դարձած է Տուպայի, Քաթարի, Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ որոշ մասերուն մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

