Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` խստիւ դատապարտելով Դամասկոսը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ ցաւակցութիւն յայտնելով արձանագրուած զոհերուն համար:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ նախքան Ժընեւ իր մեկնումը հաստատեց, որ Լիբանան դրամատնային եւ դրամական լաւ կացութեան մէջ է, իսկ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է:

ՄԷԿ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ հակառակ նոր վարչապետի հեզասահ նշանակումին, նոր կառավարութեան կազմութիւնը դժուար պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտները երկարաձգուին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք կը նախընտրեն կազմել քաղաքական կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունենայ հսկելու ներկայ հանգրուանին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ ան կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը ի հարկին միայն կարճ ժամկէտով յետաձգել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը համաձայն գտնուած են պահպանելու նուազագոյն յարգանքն ու համախոհութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտած է, որ եթէ ընտրական նոր օրինագիծ մը չըլլայ, ապա կարելի չէ նաեւ Լիբանան ունենալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը սխալ է, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարելը աւելի մեծ սխալ մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը լուրջ խոչընդոտներու դիմաց պիտի չգտնուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը ուղղակիօրէն առնչուած են կառավարութեան կազմութեան:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, թէ ան պիտի դիւրացնէ Սալամի պարտականութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին ընտրական խառն օրինագիծին մասին համաձայնութիւն գոյացած է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի երէկ ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց շարք մը օրինական հարցեր:

ՊԱՀՐԷՅՆԻ խորհրդարանի նախագահ Խալիֆէ պըն Համատ Զահրանի յայտնեց, որ Ծոցի երկիրները կ՛ուղղուին Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց, որ նոր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը փոխարինուի «Պաապտայի յայտարարութեամբ»:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրող անձերուն թիւը հասած է 50-ի, որոնք ինքնաբերաբար ընտրուած կը նկատուին, եթէ անոնց դիմաց մրցակիցներ իրենց թեկնածութիւնը չառաջադրեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES