Սելիմ Հըս Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Հըսի խորհուրդները լսած է Սուրիոյ եւ շրջանային տագնապին լուծման առումով, ինչպէս նաեւ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները:
Ալի յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը ի վերջոյ կարելի ըլլայ խաղաղ կերպով լուծել:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ի՞նչ են այն պատճառները, որ Սուրիա մնայուն կերպով յարձակումներ կը գործէ Լիբանանի դէմ, Ալի ըսաւ. «Սուրիոյ դէմ յարձակումները ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանէն կը կատարուին եւ ոչ թէ հակառակը: Դէպի Սուրիա ամէնօրեայ դրութեամբ զինեալներ մուտք կը գործեն լիբանանեան հողերէն»:
Միւս կողմէ, Ալի շնորհաւորեց վարչապետ Թամմամ Սալամը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած պարտականութեան մէջ` յոյս յայտնելով, որ կազմուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացնող կառավարութիւն մը:

