Ռաատ. «Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Լաւագոյն Միջոցներէն Մէկը Դիմադրութիւնն Է»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ Պապիլիէ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կատարած յայտարարութիւններէն յստակ կը թուի, որ ան կառավարութեան կազմութիւնը կողմնակալութեամբ պիտի չկատարէ, որովհետեւ ան հաստատած է, որ երկրին պլոքին մաս կը կազմէ եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ գործակցելու պատրաստ է:
Ռաատ անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը երկրին շահերը դասէ առաջնահերթ եւ գերադաս` աւելցնելով, որ իրենք առաւելագոյն դրականութեամբ պիտի մասնակցին կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն:
Ռաատ ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումին լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որովհետեւ Իսրայէլ տակաւին կը մնայ Լիբանանի թշնամին, որ ախորժակները սրած կը սպասէ` առանց նկատի ունենալու միջազգային որեւէ բանաձեւ, համաձայնագիր, ուխտ թէ յանձնառութիւն:

