Ռայի Պատրիարք – Հոլլանտ Հանդիպում

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ դրուատեց Ռայի պատրիարքին ճիգերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիներուն ազատութեան:

Հոլլանտ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ փոխըմբռնում հաստատուի:

Հոլլանտ բարձր գնահատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ռայի պատրիարքին ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու առումով:

Ան մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ դուրս գալ իր դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներէն եւ կարենայ տոկալ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած ծանր կացութեան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինքնութիւնը պահպանուի այն երկիրներուն, ուր քրիստոնեաները 2000 տարիէ ի վեր ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ եւ ուր ձգած են իրենց մարդկային արժէքներու դրոշմը:

Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իր զօրակցութեան համար եւ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Ֆրանսա շարունակէ զօրակցիլ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը, որ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ, քննարկած էր լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆապիւս շեշտած էր, որ Ֆրանսա նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան, դիմադրողականութեան եւ գերիշխանութեան:

Ֆապիւս ողջունեց Թամմամ Սալամի վարչապետ նշանակումը` աւելցնելով, որ անիկա դրական ցուցանիշ մըն է մօտիկ ապագային երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, այլ խօսքով` երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու:

 

Share this Article
CATEGORIES