Ֆրենժիէ. «Սալամ Պէտք Է Յանձնառու Մնայ Իր Կատարած Յայտարարութիւններուն»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք լաւ կը հասկնայ իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն մօտեցումն ու կեցուածքը` Թամմամ Սալամի անունը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրելու իմաստով:

Ան աւելցուց, որ յառաջիկային հակառակորդ քաղաքական ուժերուն տեղեկատուական միջոցները Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը լուսարձակի տակ պիտի առնեն` իբրեւ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող անձնաւորութիւն, «մինչդեռ զօր. Աուն ամէն ջանք ի գործ դրաւ կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու, բայց եւ այնպէս, հակառակորդ կողմին համար դիւրացնելու հոլովոյթը անպայման զիջում կը նշանակէ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարելի չէ մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմել` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ քաղաքական լուրջ հանգրուան մը:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է յանձնառու մնայ իր կատարած յայտարարութիւններուն:

Ան կոչ ուղղեց  Լիբանան հասած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն եւ տասնեակ հազարաւոր իրաքցի գաղթականներուն թղթածրարին նկատմամբ զգուշ վարուելակերպ ցուցաբերելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES