Պըրրի Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգեց Այսօրուան
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Պըրրի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեծ թիւով երեսփոխաններու հետ, որոնց շարքին` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ` որոնելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող լուծումներ:
Ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին գոյացաւ սկզբնական համաձայնութիւն մը` լիագումար նիստը յետաձգելու այսօրուան:
Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախուին մինչեւ 19 մայիս, ինչպէս նաեւ ջնջուի սահմանադրութեան թիւ 50-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, թեկնածութիւն առաջադրած անհատը կը յաղթէ, եթէ թեկնածութիւն առաջադրելու օրինական ժամկէտը անցնի եւ անոր դիմաց ոչ մէկ մրցակից իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
Այս առումով երեսփոխանական գրեթէ բոլոր պլոքները համաձայնութիւն յայտնեցին, բացի Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքէն, որ պահանջեց մէկ օրով յետաձգել լիագումար նիստը, իսկ նախարար Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը համաձայն է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները մէկ ամիսով միայն առկախուին:

