Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Արաբական Աշխարհին Մէջ Համերաշխութիւնը Հարուածող Արարքները

Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց արաբական աշխարհին, յատկապէս Եգիպտոսի մէջ համերաշխութիւնը հարուածող արարքները եւ ցաւ յայտնեց տարբեր տագնապներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար:

Նախագահ Սլէյման չափաւորականութեան, ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու եւ կրօններուն տարածած խաղաղութեան եւ սիրոյ սկզբունքներուն կառչած մնալու կոչ ուղղեց:

Հանրապետութեան նախագահը խստիւ դատապարտեց նաեւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը թիրախ դարձուցած պայթումը, որ պատճառեց 15 զոհ: Ան դարձեալ երկխօսութեան կոչ ուղղեց հակառակորդ կողմերուն եւ շեշտեց բոլորին միջեւ քաղաքական լուծում մը գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ցաւակցագիր մը յղեց Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի` Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Մարկրիթ Թաչըրի մահուան առիթով:

Share this Article
CATEGORIES