Թամմամ Սալամ Սկսաւ Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն

Սալամ եւ Պըրրի

Նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանին մէջ սկսաւ կառավարութեան կազմութեան նպատակով կատարուելիք երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնք պիտի շարունակուին այսօր:

Նշենք, որ այսօրուան երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ վարչապետը պիտի ընդունի նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը:

Թամմամ Սալամի կատարած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան բնոյթը` առանց անդրադառնալու այս կամ այն նախարարութիւնը ստանձնելու պահանջներուն:

Թամմամ Սալամի հետ հանդիպելէ ետք հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք պահանջած է կազմել կառավարութիւն մը, որուն հիմնական աշխատանքը ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումն ու կայացումը, «որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելով է, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին նոր արիւն ներարկած կ՛ըլլանք», յայտնեց ան:

Սալամի հետ հանդիպելէ ետք, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Սալամի հետ հանդիպումը դրական մթնոլորտով համակած է զիրենք:

Խալիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով համախոհական մթնոլորտ կը տիրէ: Ան յաջողութիւն մաղթեց Սալամի եւ յոյս յայտնեց, որ տիրող այս դրական մթնոլորտը թարգմանուի անմիջապէս կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքով:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ Սալամի հետ:

Խորհրդակցութիւններէն ետք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ երկրին տնտեսական աճին զարկ տայ, ինչպէս նաեւ աշխուժացնէ լիբանանեան քաղաքական կեանքը` գլխաւորաբար կատարելով երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Զօր. Աուն եւ Սալամ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները` նախագահութեամբ զօր. Աունի եւս Սալամի հետ կատարեցին խորհրդակցութիւններ, որոնցմէ ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ մանրամասնութիւններու մասին չի փափաքիր խօսիլ:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որովհետեւ այս կառավարութիւնը ոչ միայն երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կատարէ, այլեւ` պիտի դիմագրաւէ Միջին Արեւելքի տագնապը եւ պահպանէ երկրին կայունութիւնը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Սալամի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ իրենք պահանջած են քաղաքական միացեալ կառավարութիւն մը, որ կը հսկէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ կը կառավարէ երկիրը:

Ռաատ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւնը պէտք է յարգուի խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան համեմատութեամբ:

Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը` նախագահութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, խորհրդակցեցաւ վարչապետ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին դիւրացնել Սալամի պարտականութիւնը եւ առանց նախապայմաններու ներկայացած են` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Երեսփոխան Միշել Մըր խորհրդակցելէ ետք Սալամի հետ կոչ ուղղեց կազմելու բոլորին կողմէ ընդունուած եւ քաղաքական բոլոր ուժերը ներառող կառավարութիւն մը:

Զահլէի երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ քաղաքական ուժերուն գերզգայնութիւնները չհրահրէ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը իր կարգին կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ ըլլայ չէզոք կառավարութիւն մը եւ որուն անդամները երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը վարչապետ Սալամի յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մաս պիտի կազմէ կառավարութեան, եթէ անիկա ըլլայ քաղաքական կառավարութիւն, իսկ եթէ մասնագէտներու կառավարութիւն է, ապա կրնայ առաջարկել չէզոք եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ոչ թեկնածու անհատներ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` շեշտելով, որ այս կամ այն համայնքին որեւէ նախարարութիւն վերապահելը խիստ մերժելի է:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, խորհրդակցելէ ետք վարչապետ Սալամի հետ, շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան այն պահանջին, որ Դիմադրութեան իմաստով  կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը աւելի նուազ ուժգնութեամբ դուրս չգայ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սալամ ինք պէտք է ճշդէ կառավարութեան բնոյթը` աւելցնելով, որ իրենք կը մասնակցին կառավարութեան, եթէ ան ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

Նախքան Սալամի խորհրդակցութիւններուն սկսիլը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան զօր. Աուն, Ֆրենժիէ, հրաժարեալ կառավարութեան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ եւ Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Շնորհաւորութիւններ

Միւս կողմէ, Սալամ շարունակեց իր բնակարանին մէջ ընդունիլ շնորհաւորութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ յայտնեց, թէ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ընտրական օրէնքին եւ կառավարութեան կազմութեան առումով յանգելու համախոհութեան:

Ժեմայէլ նշեց, որ իրենք պիտի դիւրացնեն վարչապետին կողմէ տարուելիք կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը:

Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանը:

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ իր կարգին շնորհաւորեց Սալամը:

Վարչապետ Սալամի այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ յայտնեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները զուտ լիբանանեան հարց են, եւ այդ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Ֆլեչըր նշեց, որ ոչ ոք կրնայ լիբանանցիներուն համար ընտրական օրէնքը որոշել, այլ այդ օրէնքը պէտք է Պէյրութի կողմէ վաւերացուի:

Սալամ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսէն, որ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին:

 

Share this Article
CATEGORIES