Պէյրութի Քաղաքապետութեան Որոշումով` «Ժիրայր Խաչատուրեան» Փողոցի Անուանում

Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն աշխատանքով, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը 4 ապրիլ 2013-ին, քաղաքապետ Պիլալ Համատի նախագահութեամբ գումարած իր նիստին ընթացքին, որոշեց Սայֆի շրջանի փողոցներէն մէկը կոչել Ժիրայր Խաչատուրեանի անունով:

Այս որոշումին համաձայն, Ժմմէյզէ-Սայֆի 29-րդ շրջանին մէջ թիւ 33 եւ թիւ 11 փողոցները խաչաձեւող թիւ 64 փողոցը պիտի կոչուի «Ժիրայր Խաչատուրեան» անունով:

 

Share this Article
CATEGORIES