Ֆիուլէ Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Ուղղած Է Զերծ Մնալու Այնպիսի Գործողութիւններէ, Որոնք Կրնան Իրավիճակը Սրել
Եւրոպական Միութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ Պրիւքսելի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամետկիւլիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ անհրաժեշտ է յառաջընթաց արձանագրել»:
«Հանդիպումին ընթացքին յանձնակատար Ֆիուլէ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է յառաջընթաց արձանագրել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ եւ աւելցուցած, թէ կարեւոր է, որ կողմերը զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան իրավիճակը սրել», ըսուած է Ֆիուլէ-Մամետկիւլիեւ հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելցնենք, որ Մամետկիւլիեւ Պելճիքա այցելած է Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ բանակցութիւններուն մասնակցելու համար:

