Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ուժի Կամ Անոր Սպառնալիքի Կիրարկումէն Զերծ Մնալ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փաթրիք Վենթրել 8 ապրիլին յայտնած է, որ «Ուաշինկթըն ղարաբաղեան տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ուժի կիրարկումէն զերծ մնալ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վենթրել այդ յայտարարութիւնը կատարած է` պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «Ուաշինկթըն ունի՞ արդեօք որոշ ծրագիր ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու համար»:
«…Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիր, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ կողմերուն հետ աշխատանքները շարունակելու գաղափարին: Մենք կը կարծենք, որ տագնապը ուժի կիրարկումով պիտի չլուծուի, եւ տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ուժի կամ ատոր սպառնալիքի կիրարկումէն զերծ մնալու», ըսած է ան:

