Նախագահ Սարգսեան Կատարեց Երդմնակալութեան Արարողութիւնը
Երկրին մէջ առկայ բողոքի ալիքի պայմաններուն մէջ երկրորդ անգամ ստանձնելով Հայաստանի նախագահին պաշտօնը` Սերժ Սարգսեան երէկ երդում կատարեց ի փառս Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին անվերապահօրէն կատարելու սահմանադրութեան պահանջները:
Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրորդ անգամ հնգամեայ ժամկէտով ստանձնեց նախագահի պարտականութիւնները:
Խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը եւ Սերժ Սարգսեան իր աջը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ 7-րդ դարու Վեհամօր Աւետարանին վրայ, արտասանեց նախագահի երդման բնագիրը. «Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` երդում կու տամ անվերապահօրէն կատարել սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդկային եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի»:
Նախագահի երդումէն ետք օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ձայն տուած ու չտուած քաղաքացիներուն: Ան նշեց, որ գիտէ, թէ այլ թեկնածուներուն ձայն տուածները իրենց քայլով դժգոհութիւն արտայայտած են երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն վերաբերեալ, յստակ ուղերձ յղած են իշխանութիւններուն եւ այդ ուղերձը տեղ հասած է:
Սարգսեան մատնանշեց քանի մը առաջնահերթութիւններ, զորս խոստացաւ կեանքի կոչել: Անոնցմէ առաջինը տնտեսական յառաջընթացն է: Ան Հայաստանի հիմնախնդիրներէն առանձնացուց արտագաղթը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը:
Իբրեւ երկրորդ առաջնահերթութիւն Սերժ Սարգսեան նշեց իրաւունքի գերակայութեան ապահովումը:
Իբրեւ երրորդ առաջնահերթութիւն Սարգսեան մատնանշեց ժողովրդավարութեան խորացումը: Ան խրատեց 5 տարի առաջուան Հայաստանը բաղդատել այսօրուան Հայաստանի հետ եւ տեսնել տարբերութիւն: Ան յայտնեց, որ եղածով պիտի չբաւարարուի:
Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին խաղաղ լուծումը կը մնայ եւ պիտի մնայ Հայաստանի առաջնահերթութիւնը, այնքան ատեն, որ վերջնական լուծում չէ գոյացած: «Միաժամանակ, մենք հետեւողականօրէն պիտի աշխատինք մեր անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Այստեղ մենք չենք թերագնահատեր միջազգային որեւէ գործօն, մենք շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛օժանդակեն շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման, բայց մենք պարտաւոր ենք նախ եւ առաջ ապաւինիլ մեր ուժերուն: Հաւանական բացասական զարգացումներու պարագային հակառակորդը զսպելու եւ խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը քննարկման առարկայ չէ», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը յայտարարեց, որ Հայաստան իր դրացիներուն առաջարկած էր համամարդկային արժէքներու վրայ խարսխուած արժանապատիւ խաղաղութիւն, սակայն նախորդ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք պատրաստ չեն ընդունելու այդ առաջարկը: Ըստ նախագահին` անոնք որքան բարդ պայմաններ կը ստեղծեն Հայաստանի համար, այդքան աւելի զօրաւոր կը դառնայ Հայաստանը:
Նախագահը յայտարարեց, որ պէտք է ապահովել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան աշխուժ զարգացումը: Ան շեշտեց, որ մրցունակ եւ զարգացման տանող իւրաքանչիւր ներդրումային ծրագիր պիտի ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն աջակցութիւնը:
Կառավարութիւնը Ներկայացուց
Իր Հրաժարականը
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան պահանջով, կառավարութիւնը երէկ իր հրաժարականը ներկայացուց:
Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածին 4-րդ կէտին համաձայն, հանրապետութեան նախագահը կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը հանրապետութեան նախագահին կողմէ իր պաշտօնը ստանձնելու օրը:
Նախագահի երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կառավարութիւնը իր ամբողջ կազմով` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց նախագահական նստավայր: Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորեց Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնը երկրորդ անգամ ստանձնելու առիթով:
«Պարո՛ն նախագահ, մեզի համար մեծ պատիւ էր ձեզի հետ աշխատիլ եւ որեւէ քաղաքական-պետական գործիչի համար, մեծ պատասխանատուութիւն եւ երջանկութիւն է բարձր պաշտօններուն մէջ ծառայել սեփական ժողովուրդին, աշխատիլ Հայաստանի նախագահին հետ: Ես կ՛ուզեմ նշել, որ այս տարիներուն ընթացքին Ձեր քաղաքական ղեկավարութեան ներքեւ մեր խումբը նուիրական ձեւով փորձած է կատարել իր առջեւ Ձեր կողմէ դրուած բոլոր խնդիրները: Անշուշտ մենք ունեցած ենք դժուար օրեր, ունեցած ենք ոչ միայն յաջողութիւններ, այլ նաեւ բացթողումներ եւ սխալներ: Պարո՛ն նախագահ, ապագային ամենայուսալի խորհրդատուն անցեալն է», ըսաւ վարչապետը:
Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան ընթերցեց կառավարութեան հրաժարականի դիմումը: Ընդունելով կառավարութեան հրաժարականը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան անդամներուն միացեալ աշխատանքի համար:
«Ես համոզուած եմ, որ մեր միացեալ գործունէութիւնը եղած է արդիւնաւէտ: Կասկածէ վեր է, որ մեր քաղաքացիներուն հսկայական զանգուած մը դժգոհ է մեր աշխատանքէն, բայց յարգելի գործընկերներ, կ՛ուզեմ, որ դուք համոզուած ըլլաք` մարդիկ դժգոհ են ոչ թէ մարդոցմէ, այլ եղած հարցերէն: Դուք ակնյայտօրէն աշխատած էք բարդ պայմաններուն մէջ լուծել շատ մը պարագաներու մէջ անկարելի թուացող խնդիրներ, դիմագրաւած էք մարտահրաւէրները, ինչ որ պատիւ կը բերէ ձեզի», յայտնեց Սարգսեան:

