«Չեմփիընզ Լիկ». Տորթմունտ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն Երկու Կոլ Նշանակելով

Պորուսիա Տորթմունտի յաղթական մարզիկները

Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի դարձի ծիրին մէջ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Ռէալ Մատրիտ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Ռէալ Մատրիտ, որ երթին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Կալաթասարայի, թէեւ երէկ 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ, սակայն մրցաշարքէն դուրս մնացող խումբը հանդիսացաւ թրքական ակումբը:

Այս մրցումէն աւելի հետաքրքրական աւարտ մը ունեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ – Մալակա մրցումը:

Մալակա, որ երթին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին մինչեւ 90-րդ վայրկեանը 2-1 արդիւնքով կը յառաջանար եւ կը կարծուէր ըլլալ մրցումին յաղթականը:

Սակայն գերմանական խումբը մեծ անակնկալ մը «պայթեցուց», երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` 91-րդ եւ 93-րդ, երկու կոլ նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով, բնականաբար մեծ ուրախութիւն պատճառելով իր համակիրներուն:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, որոնք դարձեալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը (երթ` 2-2), մինչ Եուվենթուս, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է` Պայէրն Միւնիխը:

Share this Article
CATEGORIES