Ճատրակ. Հայ Խաղացողները Յաղթանակով Սկսան Տուպայի Մրցաշարքը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ճատրակի ողիմպիականի Հայաստանի բազմակի ախոյեանները յաջողութեամբ սկսած են Տուպայի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ ըսելով, որ կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Լիլիթ Կալոյեան, ինչպէս նաեւ միջազգային վարպետ Յովիկ Հայրապետեան, յաղթանակներով սկսան մրցաշարքը:
Նշենք, որ անոնց համար այս մրցաշարքը պատրաստութիւն է յառաջիկայ 4-17 մայիսին Լեկնիցայի մէջ (Լեհաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի 13-րդ անհատական ախոյեանութեան:
Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վլատիմիր Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արման Փաշիկեան, Աւետիք Գրիգորեան, Զաւէն Անդրէասեան, Էլինա Դանիէլեան, Յովհաննէս Կապուզեան, միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան, ՖԻՏԷ-ի վարպետ Ռոպերթ Աղասարեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան:

