Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ռուսիոյ Հաւաքականին Մաս Կազմեցին Երեք Հայ Կռփամարտիկներ
Յառաջիկայ 30 մայիսէն 9 յունիս Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութիւնը:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կազմեցին երեք հայ կռփամարտիկներ:
Հաւաքականին գլխաւոր աստղը պիտի ըլլայ Դաւիթ Հայրապետեան, որ 2012-ի ողիմպիական խաղերուն պրոնզ մետալի տիրացաւ 49 քկ դասակարգին մէջ:
Ռուսիոյ հաւաքականին մէջ են նաեւ Ռուսիոյ ախոյեաններ` Յովիկ Յովհաննիսեան (52 քկ) եւ Արմէն Զաքարեան (64 քկ):
Նշենք, որ Ռուսիոյ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ալեքսանտր Լեպզիաք:
CATEGORIES Մարզական

