Համազգայինի Հայաստանի Պետական Թատերախումբ. «Շան Աղջիկ» Կատակերգութիւնը Կ՛արծարծէ Ընկերային Անսովոր Վիճակներ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համազգայինի Հայաստանի պետական թատերախումբը ներկայացուց կատակերգութիւն մը` «Շան աղջիկ»-ը, 6 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Սրահը լեցուցած բազմութիւնը հետաքրքրութեամբ սպասեց նորութիւն յայտնաբերող թեմայով զարգացած ներկայացումը, որ կրնար զարմացնել հանդիսատեսը:

Բեմադրութեամբ հայրենի բեմադրիչ Սաթենիկ Խաչատրեանի, թատերախումբին վեց անդամները մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ պատմեցին շան մը կեանքէն անցուդարձ մը, վիճակ մը, որ մեր օրերուն համայնական բնոյթի վերածուած է: Բարեկամութենէ աւելի` մտերմութիւն շան մը հետ:

Շունը նկատուած է ամէնուն կողմէ իբրեւ հաւատարիմ անասուն, որ պահակի դերը ստանձնած է մասնաւորաբար առանձնատուներու, գիւղական տարածքներու մէջ: Քաղաքակիրթ աշխարհը անցաւ շան պարտականութիւններէն անդին, զայն բերաւ իր բնակարանը, իր հիւրասենեակը, իր ննջարանը, անոր հետ հաստատելով բարեկամութիւն: Շունը սիրելի եղած է գրեթէ ամէնուն, բայց ոմանք խուսափած են ընտանեկան յարկէն ներս ընդունիլ զանազան պատճառներով: Ուրիշներու համար շունը դարձած է մտերիմ բարեկամ մը, կը գովաբանուի շան խելքը, հաւատարմութիւնը, ոմանց համար աւելի հաւատարիմ, քան մարդը:

«Շան աղջիկ» կատակերգութիւնը հիմնաւորեց այս տեսութիւնը:

Հանդիսատեսը իւրովի մեկնաբանեց անասունին եւ մարդուն ունեցած փոխադարձ հասկացողութիւնը: Այս պարագային, բեմին վրայ ներկայացուած թատերախաղը, որ ինքնին կատակերգութիւն չէր, այլ տրամ մը` ընտանեկան կեանքի, այր եւ կնոջ տարակարծութիւնը, որ կը հասնէր թշնամանքի, բաժանումի: Այս կացութիւնը զարգացաւ, շունը իբրեւ «մարդ» մը ներկայացաւ:

Աննման շնորհներով օժտուած, բացառիկ տաղանդի տէր Նարինէ Գրիգորեան իր դիմախաղերով, շան մը արտայայտչական խաղարկութեամբ, ճկուն ցատկռտուքներով մոռցնել տուաւ, թէ ինք մարդ-կերպարը չէ, այլ պարզապէս` շուն, «Շան աղջիկ»…

Սերգէյ Թովմասեան, իբրեւ շնասէր մարդ, շան հետ բարեկամութիւն ստեղծած, շան հաւատարիմ բարեկամութեան հիացած ու հաւատացած դերասան, պարզ ու բնական խաղարկութեամբ ջղայնացուց շան ներկայութիւնը չհանդուրժող իր կինը` Արմինէ Անդրէասեանը, որ մինչեւ իսկ ամուսինէն բաժնուելու տրամադրութիւն դրսեւորեց: Կա՛մ շունը, կա՛մ կինը որոշում տալը դժուար պիտի ըլլար անշուշտ:

Կնոջ համար փողոցէն բերուած շնիկ մը կրնար դարձեալ վերադառնալ փողոց: Շնասէր այրը, սակայն, պիտի երջանկանար, երբ շնիկը մայրանալու վիճակը ստանար, ձագերով լեցնէր տունը:

Ժամանակակից յարաբերութիւնն է այս շան եւ մարդուն միջեւ: Տեսնուածը այն է, որ փողոցի շունը բերուած է տուն, իսկ տան բնակիչը տարբեր հակումներ կ՛ունենայ իր մարդկային տենչերը, ցանկութիւնը արտայայտելու: Շան եւ մարդու մասին յարաբերութիւնը նորութիւն չէ: Մեր գրականութեան մէջ արտայայտուած են մեր գրագէտները, մանաւանդ` Եւրոպա ապրած ու հոն ստեղծագործած մեր գրողները: Յիշեցինք մեր տարաբախտ գրագէտ Վազգէն Շուշանեանը, որ տուած է իր կարծիքը շուներու հետ բարեկամութիւն ստեղծողներուն: Արդեօք մարդուն բարեկամութիւնը արհամարհելի՞ եղած է…

«Շան աղջիկ»-ը ներկաներուն փոխանցեց այն միտքը, թէ ներկայիս կարելի է հաւատալ ու վստահիլ անասունին, քան… մարդուն անկեղծ բարեկամութեան: Արդեօք իրա՞ւ է այս վարկածը…

Մեր գրականութեան մէջ ունինք նաեւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» վէպը, որ ունի տարբեր զգայնութիւն` շան հաջոցով իսկ դրական եզրայանգումներ ունենալու:

«Մի խօսքով», հիանալի խաղարկութիւն: Վարպետ են Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբին դերասաններն ու դերասանուհիները: Շնորհակալութիւն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ առիթներ ստեղծեց նման օրիժինալ բեմադրութիւններ ներկայացնելու:

Իբրեւ հանդիսատես` հիացանք խաղարկութեան: Թեման կրնայ հաճելի չթուիլ ոմանց, բայց սա մեր ներկայի կեանքն է, ուզենք թէ չուզենք: Մենք վայելեցինք արուեստի գերազանց մատուցում մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES