Ֆրանչեսկոս Քահանայապետ Խոնարհութեան Մեծաւորը Եւ Հայ Դատի Արի Պաշտպանը
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Կիրակի, 17 մարտ եւ երկուշաբթի, 18 մարտ 2013 օրերը միջեկեղեցական յարաբերութիւններուս շրջագծին մէջ անջնջելի տպաւորութեամբ դրոշմուած պիտի մնան, որովհետեւ որպէս Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Ֆրանչեսկոս քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմելու պատիւին կողքին, երկու առիթներով, ընթրիքի եւ նախաճաշի սեղանին շուրջ, վայելեցի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետին ջերմ մտերմութիւնը ու հանդիսացայ նորընտիր պապին հետ հանդիպող առաջին Արեւելեան ուղղափառ եւ հայ հոգեւորականը:
Նախախնամական եղաւ Վատիկան կանուխ ժամանումս (գահակալութիւնը երեքշաբթի, 19 մարտին տեղի պիտի ունենար, եւ ես արդէն Հռոմ էի կիրակի, 17 մարտի կէսօրին) եւ Ս. Մարթա պանդոկ իջեւանիլս, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս, մինչեւ իր պաշտօնական յարկաբաժինին վերադասաւորումը, կ՛ապրէր Ֆրանչեսկոս պապը:
Վատիկան հասնելէս առաջ եւ ի պաշտօնէ շատ կարդացած էի նոր պապին մասին եւ այնքա՜ն դրական ու աղօթական տրամադրուած էի այս այցելութեան գծով: Ակնկալութիւնս գերազանցուեցաւ, երբ մօտէն շփում ունեցայ պապին հետ եւ համոզում գոյացուցի, թէ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին, առաւել քրիստոնէութիւնը եւ վերջապէս ամբողջ գիտակից ու անշահախնդիր մարդկութիւնը արմատական աղուոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուին նոր պապին ընտրութեամբ:
Կը յուսայի, որ կիրակի օր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, պիտի կարենայի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ լսել պապին «անճելուս» պատգամը. սակայն օդակայանէն Վատիկան խճողումը զիս զրկեց այդ վայելքէն: Կէսօրուան ճաշէն առաջ Վատիկանի կայքէջէն կարդացի ներողամտութեան նուիրուած պապական խօսքը, որ կ՛աւարտէր հայրական պարզ մաղթանքով. «Բարի կիրակի եւ բարի ախորժակ»: Վստահ եմ, որ թէ՛ Հռոմի մէջ եւ թէ՛ ամէնուր այս մաղթանքը լսողներ իրենց ճաշը աւելի բարի ախորժակով, հայ աղօթքին բառերով` հոգեկան «խաղաղութեամբ ճաշակեցին»…
Կարճ հանգիստէ մը ետք, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, չորրորդ յարկի սենեակէս իջայ գետնայարկի այն հիւրասենեակը, ուր wifi-ով կարելի էր ե-նամակներս ստուգել: Հազիւ վերելակէն դուրս ելայ, միջանցքին մէջ տեսայ պապը, որ վարդապետի մը հետ կը խօսէր: Վստահաբար զիս նշմարեց, սակայն պատշաճութիւնը յարգելու համար ես կամացուկ մը պատին տակէն հիւրասենեակ գացի եւ ափսոսացի, որ պապը այսքան մօտէն ողջունելու եզակի առիթը փախցուցած էի:
Նոյն օրը, իրիկուան ժամը 8:00-ին, երբ հիւրանոցի սեղանատունը ընթրիքի իջայ, յանկարծ պապը առանձինն ներս մտաւ եւ իրեն յատուկ ժպիտով շուրջ տասը հոգեւորականներուս հարցուց. «Կրնա՞մ ձեզի սեղանակից ըլլալ»: Զարմացանք եւ ուրախացանք: Հազիւ լսելի ձայնով սեղանը օրհնեց, «բարի ախորժակ» մաղթեց եւ գրաւեց մեզի համահաւասար պարզ աթոռ մը ու ընթրիքի ընթացքին աւելի քան ժամ մը մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան:
Ընթրիքի աւարտին, համարձակութիւնը ունեցայ խնդրելու պապէն, որ լուսանկար մը նկարուէի հետը: Սեղանակիցներս եւս օգտուեցան առիթէն: Ապա, տեսնելով, որ տակաւին կը յամենար միջանցքին մէջ, սրտբաց խօսակցութիւն մը ծայր առաւ: Նախ պապին փոխանցեցի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձայ Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու յատկապէս ըսի. «Ձերդ սրբութիւն, ինծի համար պատիւ էր այսօր ձեզի սեղանակից ըլլալը: Ձեր մէջ յատկապէս կ՛ողջունեմ Յիսուսի` Բարի Հովիւին ճշմարիտ աշակերտն ու հետեւորդը: Դուք քրիստոնեաներուս եւ բոլոր մարդկութեան կեանքին մէջ խոնարհութեան տիպար մը հանդիսացաք: Կը մաղթեմ, որ Աստուած ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ` ձեր ծանր լուծը կարենալ կրելու համար: Արտօնեցէք, որ հաստատում մը եւ խնդրանք մը կատարեմ: Հաստատումս այն է, որ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին ժողովրդականութեան ակնարկուելով ըսուեցաւ, որ հրապարակները մարդոցմով լեցուց. Պենետիկտոս ԺԶ. պապին աստուածաբանական-քարոզախօսական կարողութեան վրայ հիմնուելով` ընդգծուեցաւ, որ եկեղեցիները հաւատացեալներով լեցուց. հիմա, վստահ եմ, որ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ դուք մեր հոգիները ձեր սիրով, խոնարհութեամբ եւ հոգածութեամբ լեցուցիք: Մենք` հայերս, ձեր մէջ կը տեսնենք մեծ բարեկամ մը: Յանուն հայրենակիցներուս` խնդրանքս է, որ մեր ժողովուրդին հանդէպ գործուած անարդարութեան հանդէպ շարունակէք ձեր ձայնը լսելի դարձնել եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ձեր զօրակցութիւնը առաւել պատասխանատուութեամբ ստանձնել»:
Սրբազան քահանայապետը գլխու շարժումով իր հաւանութիւնը տալէ ետք ըսաւ. «Աղօթեցէք ինծի համար եւ եղբայրական ողջոյններս հաղորդեցէք Արամ Ա. կաթողիկոսին: Յուսամ` մօտ ատենէն կը տեսնուինք»:
Խաղաղ քունէ մը ետք, երկուշաբթի առաւօտ կանուխ արթնցայ եւ ամէնօրեայ Աստուածաշունչի ընթերցումս կատարեցի ու համակարգիչիս վրայ դպրեվանքի ընդհանուր եկեղեցւոյ դասս պատրաստեցի: Ժամը 7:45-ին նախաճաշի իջայ նոյն սեղանատունը եւ դարձեալ նոյն հաճելի անակնկալին դիմաց գտնուեցայ, երբ պապը, միւս հոգեւորականներուն պէս, ափսէն ձեռքին, շարքի կեցած էր մայր սեղանէն նախաճաշի իր բաժինը առնելու: Հոգեւորականներու խումբը մեծցած էր` գիշերը ժամանած նոր հիւրերով: Ես ալ նախաճաշս առի եւ աջ անկիւնը գտնուող անգլիախօս հոգեւորականներու սեղանը կ՛երթայի, երբ կաթոլիկ եպիսկոպոս մը մօտեցաւ եւ զիս պապին սեղանը առաջնորդեց:
Նոյն անպաճոյճ, խաղաղադէմ, համբերատար եւ ժպտերես պապն էր, որ նաեւ հաճելի խօսակից ըլլալու առաւելութիւնը կը դրսեւորէր: Նախաճաշը սքանչելի առիթ մը եղաւ, որ կարծէք մէկ օր առաջուան խօսակցութիւնը շարունակուէր: Վիեննայի կարտինալին շնորհիւ` նիւթ բացուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան (կարտինալը յիշեց, թէ Անթիլիաս այցելած էր եւ` Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիպած) եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Իմ հերթիս ըսի. «Նորին սրբութիւն, նախ շնորհակալ եմ այս կրկնակի պատիւին համար. երէկ ընթրիքին եւ այսօր նախաճաշին զիս ձեզի սեղանակից դարձուցիք. իսկապէս այս մէկը առաքելական ժամանակներու եղբայրական սիրոյ սեղանը եղաւ ինծի համար: Արտօնեցէք յայտնելու, թէ երբ ձեր եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրներուս կողմէ այսպիսի վկայութիւններ կը լսեմ Հայ եկեղեցւոյ մասին եւ մեզ ազգովին տառապեցնող սպիին` Հայոց ցեղասպանութեան համար ձեր ամբողջական սրտակցութիւնը կ՛իմանամ, կը փափաքիմ ձեզի վերյիշեցնել երկու դէպքեր, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան շրջագիծէն ներս հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւոր պահեր պիտի մնան: Առաջին, ձեր երջանկայիշատակ երանելի նախորդը` Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, Երեւանի (Ծիծեռնակաբերդի) հայ նահատակներու յուշակոթողին սրբազան շուքին տակ յիշեց «Հայերու Մեծ եղեռնը», թէեւ գիտենք, թէ հասկնալի զգայնութեամբ խուսափեցաւ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ, ինչպէս ցարդ նոյնը կը կատարեն բազմաթիւ քաղաքական ղեկավարներ, ներառեալ` ինքզինք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան համարող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահները, եւ աղօթեց անոնց հոգիներուն ու արդարութեան վերահաստատման համար: Երկրորդ, 2008-ի նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ հիւրն էր Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ 20-րդ դարու նահատակներուն նուիրուած Հռոմի Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի մայրավանքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռէն բերուած հայ նահատակներու աճիւններէն մասունք մը զետեղեց խորանին վրայ: Շատ լաւ գիտէք, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ ու մեր մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակը բռնաբարուած կը մնան, եւ մենք արդարութիւն կը պահանջենք: Մենք երախտապարտ ենք Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ ձեզի` այս զօրակցութեան համար»:
Պապը շատ յստակ եւ քաջ պատասխանեց. «Շնորհակալ եմ այս վերյիշեցումներուն համար: Ամբողջապէս կը բաժնեմ սրբազանին զգացումները: 20-րդ դարուն երեք ցեղասպանութիւններ գործուեցան, որոնք պատմութենէն չեն ջնջուիր, եւ որոնց հանդէպ ամբողջ մարդկութիւնը պատասխանատու է: Առաջին, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` հայերու ցեղասպանութիւնը. երկրորդ, հրեաներու ողջակիզումը եւ երրորդ` Ստալինի միլիոնաւոր մարդոց հանդէպ գործադրած խժդժութիւնները»:
«Արտօնեցէք, որ յաւելում մը կատարեմ ձեր մատնանշած երրորդ կէտին գծով: Մենք` հայերս, Ստալինի անմարդկայնութենէն ալ զերծ չմնացինք եւ անոր հետեւանքները մինչեւ այսօր կը յամենան մեր նորանկախ հայրենիքին մէջ», ամբողջացուցի ես:
Հայ դատի գծով եթէ մեր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բարեկամներէն ակնկալութիւններ ունինք, ատենն է, որ Հայ եկեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ապաքաղաքականացնելով` մարդկային իրաւունքներու հետապնդման պարունակին մէջ դնէ զայն եւ համապատասխանօրէն ցեղասպանութեան աստուածաբանութիւն մը մշակէ:
Սեղանատունէն բաժնուելէ առաջ յիշեցի մամուլին մէջ կարդացած տեղեկութիւններս. «Պապը կը շարունակէ իր պարզ լանջախաչը կրել եւ սեւ կօշիկները հագնիլ» եւ ստուգեցի, որ ճիշդ էին այս խօսքերը: Չուզեցի պապին ազնուութիւնը շահագործել եւ իրեն ըսել. «Ի՜նչ կ՛ըլլայ, եթէ կ՛ուզէք նոր եւ ոսկեայ լանջախաչ կրեցէք, բայց ձեր սեւ կօշիկները այդ աւանդական կարմիր կօշիկներով մի՛ փոխարինէք»:
Այս անձնական փորձառութիւնս կը յուսադրէ զիս, որ Հօր Աստուծոյ անսպառ օրհնութեամբ, Յիսուս Քրիստոսի ինքնամատուցման մշտանորոգութեամբ եւ Ս. Հոգիի շնորհաձիր ուժականութեամբ Ֆրանչեսկոս պապը իր գործով հարազատ թարգմանը պիտի դառնայ իր խօսքերուն եւ իր օրինակելի տիպարով, թէկուզ նուազագոյն չափով, սակայն` ոչ արհամարհելի տարբերութեամբ, բարութիւն պիտի սերմանէ, չարը պիտի չէզոքացնէ եւ նոր ըմբռնողութիւն, ներքին աւետարանչական եռանդ, աղքատութեան վերացում, խաղաղութեան հետապնդում ու արդարութեան ջատագովութիւն պիտի պարգեւէ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համայն մարդկութեան:
Որքա՜ն թելադրական է այն համեմատականը, թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սիրոյ պապն էր, Պենետիկտոս ԺԶ. հաւատքի պապն էր եւ ահաւասիկ Ֆրանչեսկոս յոյսի պապն է:
Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այս բոլորը: Մինչ այդ Ֆրանչեսկոս պապին զօրեղ խնդրանքը այժմէականօրէն պիտի հնչէ. «Աղօթեցէք ինծի համար…»:
Վատիկան
18 մարտ 2013

