«Նոազ Արք» Նիւ Եորքէն Կը Վերադառնայ Եւ Անմիջապէս Կը Մեկնի Մոնաքօ
Զուգահեռաբար միջազգային արուեստի այլ տօնավաճառներու «Նոազ արք» ցուցասրահը, սկսեալ 2002 թուականէն մինչեւ 2008, գրեթէ ամէն տարի, այլ միջազգային արուեստի կեդրոններու առընթեր կը մասնակցէր նաեւ Նիւ Եորքի «Արթ էքսփօ»-ին: Հակառակ «Նոազ արք»-ին ցուցաբերած նուաճումներուն, նիւեորքեան մասնակցութիւնները ընդհատուեցան Միացեալ Նահանգներու յայտնի տնտեսական ճգնաժամին պատճառով: Սակայն վերջերս ան ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին եւ ընձեռած դիւրութիւններուն` դարձեալ մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի «Արթ էքսփօ»-ին, որ տեղի ունեցաւ մարտ 21-24, «Փիր 92» համագումարներու կեդրոնին մէջ:
Այս տարի եւս «Նոազ արք» կը ներկայանայ հոյլ մը հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններով, ինչպէս` Վահրամ, Ռուբէն Աբովեան, Պերճ Չաքեճեան, Դաւիթ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Էդիկ Բերդեան, Յարութիւն Արմէնեան, Յարութիւն Նիկոլեան եւ այլն: Այս մէկը «Նոազ արք»-ի 28-րդ միջազգային ցուցահանդէսն է, որ կը մասնակցի, որոնց ընթացքին ան միշտ ցուցադրած է հայ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, որոնք արժանացած են միջազգային արուեստասէրներու, արուեստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու բարձր գնահատանքին եւ արժեւորման: Անկախ մասնակի հաղորդումներէն եւ տեղեկատուական բնոյթի արձագանգներէն, այս տարի «Ար. Թի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանն ու «Ֆայն արթ մակազին»-ը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան «Նոազ արք»-ի ցուցադրած արուեստի որակին եւ բնոյթին:
Տրուած ըլլալով, որ «Նոազ արք» արդէն իսկ միջազգայնօրէն գնահատուած եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող ցուցասրահ է, ան ամէն տարի հրաւէրներ կը ստանայ աշխարհի գրեթէ բոլոր միջազգային կարեւոր ցուցահանդէսներէն, սակայն հնարաւորութիւն կ’ունենայ մասնակցելու առաւելագոյնը երկու կամ երեք նմանօրինակ ցուցահանդէսի: Նիւ Եորքէն ետք, այս ապրիլի վերջաւորութեան ան պիտի մասնակցի «Մոնաքօ 13» կրիմալթի ֆորիւմին մէջ կայանալիք ցուցահանդէսին, իսկ սեպտեմբերին շատ հաւանաբար մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու համար Քասթին տըվոր քոնվենշըն սենթըրի մէջ կայանալիք միջազգային ցուցահանդէսին:
Իր փորձառութենէն մեկնելով` «Նոազ արք»-ի տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, թէ վերջին տարիներու արուեստի շուկայի նահանջէն ետք, վերջերս սկսած է աշխուժանալ նոր թափով: Գլխաւոր պատճառը այն է, որ տնտեսական ճգնաժամի ժամանակ, երբ կալուածներու գիները կը նահանջեն եւ դրամանիշները կը սկսին արժեզրկուիլ, ապա արուեստի (խօսքը բարձրորակ եւ ինքնատիպ արուեստի մասին է) վրայ կատարուած ներդրումները աւելի վստահելի եւ ապահով կը դառնան: Այս առումով արուեստասէրները կը նախընտրեն իրենց յաւելեալ գումարները շարժական եւ տուրքէ զերծ արժէքներու վերածել:
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ, ճիշդ պիտի ըլլար «Նոազ արք»-ի օրինակին հետեւելով` այլ ցուցասրահներ եւս հայ կերպարուեստը ներկայացնեն միջազգային արուեստի կեդրոններու մէջ, մանաւանդ որ մենք ունինք միջազգայնօրէն մրցունակ կերպարուեստի որակ եւ քանակ, սակայն չունինք ատոր համապատասխան արուեստի շուկայ:
ԹՂԹԱԿԻՑ



