2013-Ի Նոյեմբերէն Առաջ Պէտք Է Համաձայնինք. Պրիւքսէլի Մէջ Մուրատ Եթքինին Հարցումներուն Պատասխանող Այտար, Կը Հաստատէ, Որ Քիւրտերը Հարց Մը Չունին Թուրքիոյ Դրօշակին Եւ Սահմաններուն Հետ
ՔԱԿ-ի Եւրոպայի ղեկավարներէն Զիւպէյիր Այտար «Ռատիքալ»-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին կը շեշտէ նոյեմբերէն առաջ նահանջի բոլոր հանգրուաններուն վերջանալուն անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, որ Էրտողանը խաղաղութեան համար բախտաւորութիւն մըն է:
Պրիւքսէլի մէջ Մուրատ Եթքինին հարցումներուն պատասխանող Այտար կ՛ըսէ, թէ քիւրտերը Թուրքիոյ դրօշակին եւ սահմաններուն հետ հարց չունին:
ՔԱԿ-ի ամենաազդեցիկ անուններէն, Օսլոյի հանդիպումներուն մասնակցած, Եւրոպայի ճիւղին ղեկավարներէն եւ ՔՃՔ-ի վարչական անդամներէն Զիւպէյիր Այտարի հետ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեսնուեցանք: Այտարի հետ հաշտութեան գործընթացէն մինչեւ Ազգային համաձայնութիւն, Օսլոյի տեսակցութիւններէն մինչեւ Իմրալըի ատենագրութիւններուն մամուլի մէջ բացայայտումներուն նման բազմաթիւ հարցերու մասին խօսեցանք:
Հ.- Տարիներով ճակատելէ ետք, արագացող երկխօսութեան շրջանէ մը կ՛անցնինք: Ըստ ձեզի, կարելիութիւն մը կա՞յ երկխօսութենէն «վերադարձ»-ի մը:
Պ.- Կը ջանանք, որ վերադարձ մը չըլլայ: Այդ պատճառով ալ բոլորս ուշադիր ենք: Կը փափաքինք, որ կառավարութիւնն ալ, մենք ալ նաւեր հրկիզելու աստիճանին հասնինք: Մենք մեզմէ կասկած չունինք: Կ՛ուզենք, որ այս հարցը լուծուի: Մեր մտահոգութիւնը կառավարութենէն է:
Հ.- Կառավարութիւնն ալ մտահոգութիւններ ունի. «զէնքերը վար դրուին, եւ հարցը կը լուծուի» կ՛ըսեն: Ձեր մտահոգութիւնը ի՞նչ է:
Պ.- Երբ լուծումի մասին կը խօսուի, քիւրտերուն ինգնագիտակցութեան, մշակոյթին, մայրենի լեզուին հետ քաղաքականութիւն կատարելու ճամբան արդեօք բաց պիտի ըլլա՞յ: Մենք այս է, որ կը հարցնենք:
Հ.- Սակայն ՊՏԲ-ն կայ. սա միջոցին քաղաքականութեան ճամբան արդեօք բաց չէ՞:
Պ.- Ո՛չ, այս ճամբան ամբողջութեամբ բաց չէ, սահմանադրութեան մէջ, օրէնքներուն մէջ քրտութիւնը արգիլուած է: Վարչապետը «ասիմիլասիոնը վերցուցինք» կ՛ըսէ, եւ սակայն օրէնքներուն մէջ անոր գոյութիւնը կը շարունակէ: Լեզուի մը մէջ, մշակոյթի մը մէջ «ասիմիլասիոնը վերցաւ» կարենալ ըսելու համար մայրենիով կրթութիւն պէտք է հաստատուի, այդ լեզուով հանրային ծառայութիւններ պէտք է կատարուին:
Հ.- Դուք այս մէկը շատ հաւանաբար արեւելեան, հարաւարեւելեան որոշ նահանգներու համար կը պահանջէք: Սակայն Թուրքիոյ մէջ ամէն տեղ քիւրտ արմատներով բնակչութիւն կայ, եւ հաւանաբար ալ ամէնէն շատ Պոլսոյ մէջ կայ: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:
Պ.- Կրթական կամ հանրային ծառայութիւնը Պոլսոյ մէջ ալ կրնայ ըլլայ: Այս կացութեան մէջ հակասութիւն մը չկայ: Օրինակի համար, Պրիւքսէլի մէջ ամէն փողոցի ցուցատախտակը երկլեզու է, ֆրանսերէն եւ հոլանտական լեզուով … Երբ պետական գրասենեակ մը երթաք, կը հարցնեն, թէ ձեր վաւերաթուղթերը ի՞նչ լեզուով կ՛ուզէք: Քերքուքի մէջ ասորերէնը կրնայ պետական լեզուն չըլլալ, վստահ չեմ, սակայն պետական լեզու համարուող արաբերէն, քրտերէն եւ թիւրքմեներէնով հանրային ծառայութիւն կը տրուի: Այս կացութիւնը ոչ մէկուն նեղութիւն կամ վնաս կը պատճառէ: Թրքերէնը ամէն տեղ կայ, թող ըլլայ: Եւ սակայն որոշ մարդիկ, միայն քրտերէնին համար չեմ խօսիր, եթէ որոշ թիւով, եւ որոշ քանակութեամբ կան, պէտք է կարենան հոն մայրենի լեզուով կրթութիւն տալ: Այս միջոցին լեզուական կրթութեան գործադրութիւն մը կայ: Մայրենիով կրթութիւն եւ հանրային ծառայութիւնը զիրար ամբողջացնող հարցեր են: Այդ լեզուով ձեր ստացած վկայականը եթէ հանրային կեանքին մէջ արժէք չունի, պակասաւոր է:
Հ.- Ատենին Թուրքիոյ մէջ յաճախ կարմիր գիծերու մասին ակնարկութիւններ կ՛ըլլար: Այս ալ ձեր կարմիր գի՞ծն է արդեօք:
Պ.- Միասնաբար ապագայ մը կազմել փափաքողներ իրարու հանդէպ կարմիր գիծեր պէտք չէ դնեն: Միասնաբար աւելի լաւ Թուրքիա մը, աւելի լաւ Միջին Արեւելք մը, աւելի լաւ ապրելակերպ մը կը փափաքինք ունենալ: Նպատակադրած ենք այս մէկը քաղաքականութեան ճամբով իրագործել:
Հ.- Քաղաքական ճամբաներուն բացումը արդեօք զէնքով կարելի՞ է` ըստ ձեզի:
Պ.- Մենք այս գործընթացին անկեղծ մօտեցում կը ցուցաբերենք: Բռնութեան մթնոլորտը ամբողջովին չքացնելով` քաղաքական ճամբան բռնել կը փափաքինք: Տիգրանակերտի մէջ, Ամիտի մէջ ընթերցուածը (կ՛ակնարկէ Օճալանի յայտարարութեան), մեր բոլորին անունով ընթերցուած յայտարարութիւն մըն է:
Հ.- Միւս կողմէ, Նովրուզին, հրապարակին վրայ թրքական դրօշակին բացակայութեան պատճառով կառավարութիւնը կը քննադատուի:
Պ.- Այս բանավէճը ճիշդ չեմ գտներ: Նախորդ Նովրուզներուն ալ չկար (դրօշակը):
Հ.- Սակայն այս Նովրուզը քաղաքական իմաստ մը ունէր:
Պ.- Եթէ կառավարութենէն մէկը կազմակերպիչ յանձնախումբին ուշադրութեան յանձնէր, կը կախուէր անիկա: Քիւրտերը Թուրքիոյ դրօշակին հետ հարց մը չունին: Ամէն պետութիւն դրօշակ մը ունի: Դրօշակը փոխելու նման պահանջ մը չունինք: Սակայն կը փափաքինք մեր գոյներն ալ պաշտպանել: Օրինակի համար, Սպանիոյ մէջ երկրին դրօշակին քովն ի վեր ինքնավար շրջաններուն դրօշակներն ալ կը կախուին: Ասոնք լուծելի հարցեր են: Թուրքիոյ սահմաններուն հետ ալ հարց չունինք: Մենք երկիրը բաժնել չենք փափաքիր. այս երկիրը չի բաժնուիր: Մեր հարցերը ներքին, կառավարման ձեւին, յարաբերութիւններու ձեւերուն հետ է: Թուրքիան կը մեծնայ, երբ քրտական հարցը լուծէ:
Էրտողանը բախտաւորութիւն մըն է խաղաղութեան համար:
Հ.- Այսպիսի «արտայայտութիւններէն» ետք, «չհամաձայնեցանք» ըսելով` զինեալ պայքարի վերադարձը աւելի եւս դժուար պիտի չըլլա՞յ: Այն ատեն, կառավարութեան կողմէ ձեզի ուղղուած «ամէն բան փորձեցինք, ձախողեցանք» պատճառաբանութիւնը արդեօք օրինականութիւն չի՞ զգենուր:
Պ.- Կառավարութիւնը ռիսք մը կ՛առնէ, ճիշդ է, մենք ալ կ՛առնենք: Թայիփ Էրտողանի նման ռիսք առնող անձի մը նոյն ատեն ժողովուրդէն նեցուկ ստանալն ալ խաղաղութեան հաստատման համար բախտաւորութիւն մըն է: Մեր մօտ Օճալանէն դուրս այս ռիսքը առնելիք զօրութեամբ մէկը չկայ: Այս ալ բախտաւորութիւն մըն է: Կառավարութիւնը Օճալանին գործը պէտք է դիւրացնէ: Այս գործը 11 մեթր քառակուսիով չի սահմանափակուիր (ակնարկութիւնը` Օճալանի բանտախուցին): Այս գործընթացը չվերջացած` դէպի դուրս նամակ գրելով շարունակուիլը դժուար է: Քարտուղարներ, «խորհրդականներ», մամուլի եւ այլ անձերու հետ տեսակցութիւններ ունենալու կարիքը ունի:
Հ.- Գարայըլանը զինեալներուն նահանջի դժուարութիւններուն մասին խօսեցաւ, փոխվարչապետն ալ «աճապարելու պէտք չկայ» իմաստաւորումով խօսեցաւ: Անգարայի մթնոլորտը նոյեմբերի սկիզբներուն տեղի ունենալիք պետական ելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումները չսկսած` նահանջի ամբողջացումին կողմնակից է: Արդեօք նահանջը (այս թուականին) պիտի ամբողջանա՞յ:
Պ.- Պէտք է աճապարենք: Քանի մը օր առաջ Էրտողան «այս գործը մինչեւ 2013-ի աւարտը պէտք է, որ վերջացնենք» ըսաւ: Պարզ այն պատճառով, որ 2014-ին տեղական ընտրութիւններու շրջանը կը սկսի: Իմ փափաքս է, որ ելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումները չսկսած` բոլոր հանգրուանները ամբողջացած ըլլան: Նահանջ, ժողովրդական սահմանադրութիւն, օրինական կարգաւորումներ, վերադարձ եւ բնականոնացումի հանգրուանները պէտք է կարենանք ամբողջացնել:
Հ.- Ի՞նչ կ՛ըսէք այն քննադատութիւններուն, ըստ որոնց, բանակցութիւններու գործընթացին Էրտողանի նախագահական պահանջին նպաստելու կը ծառայեն:
Պ.- Մեր նպատակն է, որ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր մը դառնայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական, Ֆրանսայի մէջ կէս նախագահական դրութիւն մը կայ, եւ իրենց ժողովրդավարութիւնները մեզմէ շատ լաւ է: Կարեւորը ժողովրդավար կառոյցներու աշխատելաոճն է: Նախագահական դրոյթին դէմ չենք, սակայն դէմ կը կենանք մէկ մարդու իշխանութեան վերածումին:
Հ.- Ըստ ձեզի, գործընթացը ինչպիսի՞ անդրադարձ մը կ՛ունենայ խորհրդարանին մէջ:
Պ.- Ըստ մեզի, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան այս գործընթացին մէջ ըլլալը կարեւոր է: Կառավարութիւնը, ՃՀՓ-ին այս գործընթացին մասնակցութեան համար աւելի յամառ եւ դիւրացնող ըլլալու է: Երանի ՄՀՓ-ն ալ նեցուկ տար, եւ սակայն ՃՀՓ-ն անպայմանօրէն պէտք է մասնակցի: Իբրեւ Թուրքիոյ հիմնադիր կուսակցութիւն` ՃՀՓ-ին կը պարտի ներդրում ունենալ եւ նեցուկ կանգնիլ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան նորովի հիմնարկութեան: ՃՀՓ-ի զանգուածին մէջ անցեալէն ճանչցած, միասին գործակցած անձեր կան, տարբեր կեցուածք պէտք է ըլլայ: Հոս թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ ալ ՃՀՓ-ին պատասխանատուութեան բաժին կայ:
Հ.- Զարմանալիօրէն կառավարութեան հետ նոյն լեզուն գործածելու սկսաք, նահանջի, բնականոնացումի նման… Կառավարութիւնը երբ «բնականոնացում» եզրը գործածէ, զինեալ գործողութիւններուն վերջ գտնելուն եւ ՔԱԿ-ի անդամներուն հասարակութեան մէջ համարկուելու մասին կը խօսի: Դուք ինչի՞ մասին կը խօսիք:
Պ.- Մեր հասկցած բնականոնացումը հարցին սահմանադրական մակարդակով լուծում գտնելը, Քանտիլի Կորդուաց լեռներուն վրայ եւ Եւրոպայի մէջ գտնուողներուն վերադարձը, քաղաքական պատճառներով բանտերը գտնուողներուն ազատ արձակումը եւ քաղաքականութեան ճամբաներուն բոլորին առջեւ բացուիլն է:
Հ.- Իրենց միջեւ մարդասպաններ չկա՞ն արդեօք: Սպաննուողներուն մերձաւորները ազատ արձակուողը պիտի ընդունի՞ն:
Պ.- Այո, ան ոճրագործը կը ճանչնայ, բայց միւսն ալ ոճրագործը կը ճանչնայ: Զինք տանջողը, իր զաւակը գիշերով տունէն առնելով անհետ կորսնցնողն ալ կը ճանչնայ: Կը հաւատամ, որ եթէ երկրին մէջ արիւնահոսութիւնը դադրի, անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ, մեր հաւաքականութիւնը կը ներէ: Վարչապետին կը միանամ. այս գործը մինչեւ 2013-ի վերջաւորութիւնը պէտք է վերջացնենք: Եթէ աճապարենք, կրնանք վերջացնել:
Հ.- Ձեր վարչութեան մէջ լուծում չուզողներ կա՞ն արդեօք:
Պ.- Թուրքիոյ մէջ այսպիսի բանավէճեր կան. կազմակերպութեան ղեկավարները պերճանքի մէջ են եւ չեն ուզեր հրաժարիլ քաղաքական շահերէ: Ասոնք հոգեբանական պատերազմի դրութեան մէջ պատրաստուած սուտեր են: Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ մեր վարչութեան տակ գտնուող բոլորը, գրեթէ` տերվիշներու նման, պատառի մը, պատմուճանի մը հասկացողութեամբ կ՛ապրին: Իբրեւ վարչութիւն` խաղաղութեան պատրաստ ենք եւ մեր անձնակազմերը կը պատրաստենք: Երբ առաջնորդին նամակը ստացանք, վարչական աստիճանաւորումներով հանդիպումներ կատարուեցան, եւ նամակը կարդացուեցաւ: Ո՛չ հոս եւ ո՛չ ալ լերան վրայ վարչութեան մէջ մէկ հոգի իսկ դէմ չկեցաւ: Հիմա Եւրոպայի մէջ, Իրաքի մէջ, Թուրքիոյ մէջ, լերան վրայ, քաղաքին մէջ տեղեկացումի հանդիպումներու պիտի սկսինք: Խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցադրումներ ունեցողներ կան, անոնց պիտի պատասխանենք եւ համոզելու պիտի աշխատինք: Լեռնային հեռաւոր վայրերը չեմ կրնար գիտնալ, սակայն կեդրոնական վայրերը մէկ ամիսէն կը վերջանան: Օսլոյի գործընթացին ալ մաս կը կազմեմ: Այդ ժամանակ այսքան յուսալից չէի, հիմա շատ աւելի եմ:
Հ.- Երբ լուծումի մասին խօսուի, վստահաբար միմիայն մայրենի լեզուով կրթութիւն չէք հասկնար. ուրիշ ի՞նչ կը հասկնաք:
Պ.- Այս լուծումը միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ չի մնար, սահմանները անցնող ազդեցութիւն մը կ՛ունենայ: Յատկապէս ազգային համաձայնութիւնը կը շեշտենք: Ազգային համաձայնութիւնը օսմանեան խորհրդարանին մէջ 28 յունուար 1920-ին առնուած վերջին որոշումն է եւ Մուտրոսի զինադադարի սահմաններուն պահպանութեան մասին է: Այդ օր ո՛չ հիւսիսային Սուրիոյ, ո՛չ ալ հիւսիսային Իրաքի մէջ մէկ հատ իսկ անգլիացի զինուոր կար: Անգլիացի զինուորը մէկ շաբաթ ետք է, որ Մուսուլ մտած է: Ուրֆա, Այնթապ, Մարաշ եթէ ֆրանսական գրաւման չդիմադրէին, հիմա ազգային համաձայնութէնէն դուրս մնացին պիտի ըսէինք: Պերլին-Պաղտատ երկաթուղային գիծով երկրին սահմանը գծուած է, եւ այս նուիրական սահման մը չէ: Թուրքիա 100 տարի առաջ կայսրութիւն մըն էր, եւ հոն ապրող ազգերու կամքին հակառակ` բաժանուեցաւ: Հակառակ թուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներուն կամքին` այս աշխարհագրութեան մէջ օտար ուժերու կողմէ բաժանուեցաւ: Ազգային համաձայնութեան այժմէականացումը մեր պահանջներէն է:
Հ.- Դուք հիմա սահմանային փոփոխութիւններէն, Սուրիոյ եւ Իրաքի պետութիւններուն գերիշխանութիւններուն մասին չէ՞ք խօսիր:
Պ.- Նոր պատերազմ մը չենք ուզեր: Առանց սահմանը փոխելու` ազգային համաձայնութիւնը կարելի է կրկին բնութագրել: Թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ ժողովրդավար համաձայնութեան մը մասին կը խօսինք: Պելճիքայի օրինակը տամ: Հոլանտերէն խօսող շրջանէն երբ Հոլանտա երթաք, սահմանը ձեւակերպութիւն մըն է: Այդ սահմանին երկու կողմը եղողներ իրականին մէջ միասին կ՛ապրին, առեւտուր կ՛ընեն, տարբերութիւն մը չկայ արդէն. ձգէ թող մնայ այդ սահմանը:
Հ.- Սակայն Եւրոպական Միութեան մաս կը կազմեն այս երկիրները: Մաքսային քննութիւնները վերացած, միացեալ դրամանիշի անցած, միացեալ արտաքին քաղաքականութեան, սահմանադրութեան փնտռտուքի մէջ են: Սուրիոյ, Իրաքի վիճակը յայտնի է, ըստ ձեզի, այս մէկը գործնականին մէջ իրականալի՞ է:
Պ.- Ամէն բան մէկ օրուան մէջ թող վերջանայ ըսող չկայ: Ասոնք հասարակաց նպատակներ պէտք է ըլլան: Յետ հաշտութեան միացեալ նպատակներուն մասին է, որ կ՛ակնարկենք:
Հ.- Ձեր խօսքերուն մէջ արդեօ՞ք դաշնակցային պետութեան մը ակնարկութիւն կայ:
Պ.- Այս մէկը վիճելով կարելի է գտնել: Վարչական ձեւը վիճելով կը գտնուի: Օճալան (Այտարը տեսակցութեան ամբողջ տեւողութեան «առաջնորդ Աբօ» արտայայտութիւնը ունեցաւ) աւելի առաջ Եւրոպական Միութեան արմատներուն մէջ գտնուող ածուխի եւ պողպատի միութեան օրինակը տուած էր: Մենք ալ, իբրեւ թուրքեր, քիւրտեր եւ արաբներ, կրնանք Եփրատի եւ Տիգրիսի հողամասերու ջրային միութիւնը կազմել: Ժողովրդավար համաձայնութեամբ մը կրնանք շրջանին օրինակ ծառայել: Ասոր թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Միջին Արեւելքին քաղաքական նպաստը կայունութիւն կ՛ըլլայ, տնտեսական, մշակութային ցոլացումներ կ՛ունենայ. երբ համաձայնութիւնը Թուրքիոյ սահմաններէն անդին կ՛անցնի ըսենք, այս է մեր ակնարկութիւնը: Եւ սակայն, նոյն ատեն կը պնդենք, որ քիւրտերուն գոյութիւնը, ապահովութիւնը եւ ազատութիւնը պէտք է ապահովուի, եւ քաղաքականութեան ճամբան ամբողջութեամբ պէտք է բացուի:
Հ.- Աւելի կրնա՞ք մանրամասնել:
Պ.- ՔԱԿ եւ ՔՃՔ ներառեալ, բոլորին համար օրինական ձեւով քաղաքականութիւն կիրարկելու արգելքները պէտք է վերնան: Այս կը նշանակէ` առանց քրէական հարցապնդումի բոլորին քաղաքականութիւն կիրարկելու իրաւունք ունենալ: Մեր կողմի բոլոր իրաւասութիւնները Օճալանին ձեռքն են: Անոր մարդիկը սահմանէն անդին տար, զէնքերը ձգել տուր, ուրիշ բաներ ալ ընել տալով Իմրալըի մէջ այդպէս պահելը ճիշդ բա՞ն մըն է: Կը պահանջենք, որ 30 տարուան իրաւազրկութիւնը վերջ գտնէ: Բոլոր ժխտական պարագաները պէտք է չքանան … Եթէ ներումի մասին պիտի խօսինք, ատիկա բոլորին համար ալ ի զօրու պէտք է ըլլայ, երկկողմանի է:
Հ.- Ձեր ուզածը ընդհանուր ներո՞ւմ մըն է:
Պ.- Փոխադարձ ներում ըսենք: Օրինակ մը տամ. վերջերս Անգլիոյ թագուհիին Իրլանտայի շարժումին ղեկավարներէն Մարթին ՄաքԿինեսին ձեռքը սեղմելուն պատճառով հարց ծագեցաւ: Մանաւանդ որ ան բանտը չէր գտնուեր, այլ Իրլանտայի կառավարութեան նախարարի պաշտօնի վրայ կը գտնուէր, տարիներ ետք … Աշխարհի մէջ այսպիսի բաներ կը պատահին: Եթէ հարցը լուծել կը փափաքինք, իրենց հետեւանքներուն հետ մէջտեղէն վերցնենք:
ՄՈՒՐԱՏ ԵԹՔԻՆ
ՔԱԿ–իԵւրոպայիղեկավարներէնԶիւպէյիրԱյտար «Ռատիքալ»-իտուածհարցազրոյցինընթացքինկըշեշտէնոյեմբերէնառաջնահանջիբոլորհանգրուաններունվերջանալունանհրաժեշտութիւնըեւկ՛աւելցնէ, որԷրտողանըխաղաղութեանհամարբախտաւորութիւնմընէ:
ՊրիւքսէլիմէջՄուրատԵթքինինհարցումներունպատասխանողԱյտարկ՛ըսէ, թէքիւրտերըԹուրքիոյդրօշակինեւսահմաններունհետհարցչունին:
ՔԱԿ–իամենաազդեցիկանուններէն, Օսլոյիհանդիպումներունմասնակցած, ԵւրոպայիճիւղինղեկավարներէնեւՔՃՔ–իվարչականանդամներէնԶիւպէյիրԱյտարիհետՊելճիքայիմայրաքաղաքՊրիւքսէլիմէջգտնուողՔրտականտեղեկատուականկեդրոնինմէջտեսնուեցանք: ԱյտարիհետհաշտութեանգործընթացէնմինչեւԱզգայինհամաձայնութիւն, ՕսլոյիտեսակցութիւններէնմինչեւԻմրալըիատենագրութիւններունմամուլիմէջբացայայտումներուննմանբազմաթիւհարցերումասինխօսեցանք:
Հ.- Տարիներովճակատելէետք, արագացողերկխօսութեանշրջանէմըկ՛անցնինք: Ըստձեզի, կարելիութիւնմըկա՞յերկխօսութենէն «վերադարձ»-իմը:
Պ.- Կըջանանք, որվերադարձմըչըլլայ: Այդպատճառովալբոլորսուշադիրենք: Կըփափաքինք, որկառավարութիւննալ, մենքալնաւերհրկիզելուաստիճանինհասնինք: Մենքմեզմէկասկածչունինք: Կ՛ուզենք, որայսհարցըլուծուի: Մերմտահոգութիւնըկառավարութենէնէ:
Հ.- Կառավարութիւննալմտահոգութիւններունի. «զէնքերըվարդրուին, եւհարցըկըլուծուի» կ՛ըսեն: Ձերմտահոգութիւնըի՞նչէ:
Պ.- Երբլուծումիմասինկըխօսուի, քիւրտերունինգնագիտակցութեան, մշակոյթին, մայրենիլեզուինհետքաղաքականութիւնկատարելուճամբանարդեօքբացպիտիըլլա՞յ: Մենքայսէ, որկըհարցնենք:
Հ.- ՍակայնՊՏԲ–նկայ. սամիջոցինքաղաքականութեանճամբանարդեօքբացչէ՞:
Պ.- Ո՛չ, այսճամբանամբողջութեամբբացչէ, սահմանադրութեանմէջ, օրէնքներունմէջքրտութիւնըարգիլուածէ: Վարչապետը «ասիմիլասիոնըվերցուցինք» կ՛ըսէ, եւսակայնօրէնքներունմէջանորգոյութիւնըկըշարունակէ: Լեզուիմըմէջ, մշակոյթիմըմէջ «ասիմիլասիոնըվերցաւ» կարենալըսելուհամարմայրենիովկրթութիւնպէտքէհաստատուի, այդլեզուովհանրայինծառայութիւններպէտքէկատարուին:
Հ.- Դուքայսմէկըշատհաւանաբարարեւելեան, հարաւարեւելեանորոշնահանգներուհամարկըպահանջէք: ՍակայնԹուրքիոյմէջամէնտեղքիւրտարմատներովբնակչութիւնկայ, եւհաւանաբարալամէնէնշատՊոլսոյմէջկայ: Ինչպէ՞սպիտիըլլայ:
Պ.- ԿրթականկամհանրայինծառայութիւնըՊոլսոյմէջալկրնայըլլայ: Այսկացութեանմէջհակասութիւնմըչկայ: Օրինակիհամար, Պրիւքսէլիմէջամէնփողոցիցուցատախտակըերկլեզուէ, ֆրանսերէնեւհոլանտականլեզուով … Երբպետականգրասենեակմըերթաք, կըհարցնեն, թէձերվաւերաթուղթերըի՞նչլեզուովկ՛ուզէք: Քերքուքիմէջասորերէնըկրնայպետականլեզունչըլլալ, վստահչեմ, սակայնպետականլեզուհամարուողարաբերէն, քրտերէնեւթիւրքմեներէնովհանրայինծառայութիւնկըտրուի: Այսկացութիւնըոչմէկուննեղութիւնկամվնասկըպատճառէ: Թրքերէնըամէնտեղկայ, թողըլլայ: Եւսակայնորոշմարդիկ, միայնքրտերէնինհամարչեմխօսիր, եթէորոշթիւով, եւորոշքանակութեամբկան, պէտքէկարենանհոնմայրենիլեզուովկրթութիւնտալ: Այսմիջոցինլեզուականկրթութեանգործադրութիւնմըկայ: Մայրենիովկրթութիւնեւհանրային ծառայութիւնըզիրարամբողջացնողհարցերեն: Այդլեզուովձերստացածվկայականըեթէհանրայինկեանքինմէջարժէքչունի, պակասաւորէ:
Հ.- ԱտենինԹուրքիոյմէջյաճախկարմիրգիծերումասինակնարկութիւններկ՛ըլլար: Այսալձերկարմիրգի՞ծնէարդեօք:
Պ.- Միասնաբարապագայմըկազմելփափաքողներիրարուհանդէպկարմիրգիծերպէտքչէդնեն: ՄիասնաբարաւելիլաւԹուրքիամը, աւելիլաւՄիջինԱրեւելքմը, աւելիլաւապրելակերպմըկըփափաքինքունենալ: Նպատակադրածենքայսմէկըքաղաքականութեանճամբովիրագործել:
Հ.- Քաղաքականճամբաներունբացումըարդեօքզէնքովկարելի՞է` ըստձեզի:
Պ.- Մենքայսգործընթացինանկեղծմօտեցումկըցուցաբերենք: Բռնութեանմթնոլորտըամբողջովինչքացնելով` քաղաքականճամբանբռնելկըփափաքինք: Տիգրանակերտիմէջ, Ամիտիմէջընթերցուածը (կ՛ակնարկէՕճալանիյայտարարութեան), մերբոլորինանունովընթերցուածյայտարարութիւնմընէ:
Հ.- Միւսկողմէ, Նովրուզին, հրապարակինվրայթրքականդրօշակինբացակայութեանպատճառովկառավարութիւնըկըքննադատուի:
Պ.- Այսբանավէճըճիշդչեմգտներ: ՆախորդՆովրուզներունալչկար (դրօշակը):
Հ.- ՍակայնայսՆովրուզըքաղաքականիմաստմըունէր:
Պ.- Եթէկառավարութենէնմէկըկազմակերպիչյանձնախումբինուշադրութեանյանձնէր, կըկախուէրանիկա: ՔիւրտերըԹուրքիոյդրօշակինհետհարցմըչունին: Ամէնպետութիւնդրօշակմըունի: Դրօշակըփոխելունմանպահանջմըչունինք: Սակայնկըփափաքինքմերգոյներնալպաշտպանել: Օրինակիհամար, Սպանիոյմէջերկրինդրօշակինքովնիվերինքնավարշրջաններունդրօշակներնալկըկախուին: Ասոնքլուծելիհարցերեն: Թուրքիոյսահմաններունհետալհարցչունինք: Մենքերկիրըբաժնելչենքփափաքիր. այսերկիրըչիբաժնուիր: Մերհարցերըներքին, կառավարմանձեւին, յարաբերութիւններուձեւերունհետէ: Թուրքիանկըմեծնայ, երբքրտականհարցըլուծէ:
Էրտողանըբախտաւորութիւնմընէխաղաղութեանհամար:
Հ.- Այսպիսի «արտայայտութիւններէն» ետք, «չհամաձայնեցանք» ըսելով` զինեալպայքարիվերադարձըաւելիեւսդժուարպիտիչըլլա՞յ: Այնատեն, կառավարութեանկողմէձեզիուղղուած «ամէնբանփորձեցինք, ձախողեցանք» պատճառաբանութիւնըարդեօքօրինականութիւնչի՞զգենուր:
Պ.- Կառավարութիւնըռիսքմըկ՛առնէ, ճիշդէ, մենքալկ՛առնենք: ԹայիփԷրտողանինմանռիսքառնողանձիմընոյնատենժողովուրդէննեցուկստանալնալխաղաղութեանհաստատմանհամարբախտաւորութիւնմընէ: ՄերմօտՕճալանէնդուրսայսռիսքըառնելիքզօրութեամբմէկըչկայ: Այսալբախտաւորութիւնմընէ: ԿառավարութիւնըՕճալանինգործըպէտքէդիւրացնէ: Այսգործը 11 մեթրքառակուսիովչիսահմանափակուիր (ակնարկութիւնը` Օճալանիբանտախուցին): Այսգործընթացըչվերջացած` դէպիդուրսնամակգրելովշարունակուիլըդժուարէ: Քարտուղարներ, «խորհրդականներ», մամուլիեւայլանձերուհետտեսակցութիւններունենալուկարիքըունի:
Հ.- Գարայըլանըզինեալներուննահանջիդժուարութիւններունմասինխօսեցաւ, փոխվարչապետնալ «աճապարելուպէտքչկայ» իմաստաւորումովխօսեցաւ: Անգարայիմթնոլորտընոյեմբերիսկիզբներունտեղիունենալիքպետականելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումներըչսկսած` նահանջիամբողջացումինկողմնակիցէ: Արդեօքնահանջը (այսթուականին) պիտիամբողջանա՞յ:
Պ.- Պէտքէաճապարենք: ՔանիմըօրառաջԷրտողան «այսգործըմինչեւ 2013-իաւարտըպէտքէ, որվերջացնենք» ըսաւ: Պարզայնպատճառով, որ 2014-ինտեղականընտրութիւններուշրջանըկըսկսի: Իմփափաքսէ, որելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումներըչսկսած` բոլորհանգրուաններըամբողջացածըլլան: Նահանջ, ժողովրդականսահմանադրութիւն, օրինականկարգաւորումներ, վերադարձեւբնականոնացումիհանգրուաններըպէտքէկարենանքամբողջացնել:
Հ.- Ի՞նչկ՛ըսէքայնքննադատութիւններուն, ըստորոնց, բանակցութիւններուգործընթացինԷրտողանինախագահականպահանջիննպաստելուկըծառայեն:
Պ.- Մերնպատակնէ, որԹուրքիաժողովրդավարերկիրմըդառնայ: ՄիացեալՆահանգներումէջնախագահական, Ֆրանսայիմէջկէսնախագահականդրութիւնմըկայ, եւիրենցժողովրդավարութիւններըմեզմէշատլաւէ: Կարեւորըժողովրդավարկառոյցներուաշխատելաոճնէ: Նախագահականդրոյթինդէմչենք, սակայնդէմկըկենանքմէկմարդուիշխանութեանվերածումին:
Հ.- Ըստձեզի, գործընթացըինչպիսի՞անդրադարձմըկ՛ունենայխորհրդարանինմէջ:
Պ.- Ըստմեզի, Ժողովրդահանրապետականկուսակցութեանայսգործընթացինմէջըլլալըկարեւորէ: Կառավարութիւնը, ՃՀՓ–ինայսգործընթացինմասնակցութեանհամարաւելիյամառեւդիւրացնողըլլալուէ: ԵրանիՄՀՓ–նալնեցուկտար, եւսակայնՃՀՓ–նանպայմանօրէնպէտքէմասնակցի: ԻբրեւԹուրքիոյհիմնադիրկուսակցութիւն` ՃՀՓ–ինկըպարտիներդրումունենալեւնեցուկկանգնիլխաղաղութեանուժողովրդավարութեաննորովիհիմնարկութեան: ՃՀՓ–իզանգուածինմէջանցեալէնճանչցած, միասինգործակցածանձերկան, տարբերկեցուածքպէտքէըլլայ: Հոսթէ՛կառավարութեանեւթէ՛ալՃՀՓ–ինպատասխանատուութեանբաժինկայ:
Հ.- Զարմանալիօրէնկառավարութեանհետնոյնլեզունգործածելուսկսաք, նահանջի, բնականոնացումինման… Կառավարութիւնըերբ «բնականոնացում» եզրըգործածէ, զինեալգործողութիւններունվերջգտնելունեւՔԱԿ–իանդամներունհասարակութեանմէջհամարկուելումասինկըխօսի: Դուքինչի՞մասինկըխօսիք:
Պ.- Մերհասկցածբնականոնացումըհարցինսահմանադրականմակարդակովլուծումգտնելը, ՔանտիլիԿորդուացլեռներունվրայեւԵւրոպայիմէջգտնուողներունվերադարձը, քաղաքականպատճառներովբանտերըգտնուողներունազատարձակումըեւքաղաքականութեանճամբաներունբոլորինառջեւբացուիլնէ:
Հ.- Իրենցմիջեւմարդասպաններչկա՞նարդեօք: Սպաննուողներունմերձաւորներըազատարձակուողըպիտիընդունի՞ն:
Պ.- Այո, անոճրագործըկըճանչնայ, բայցմիւսնալոճրագործըկըճանչնայ: Զինքտանջողը, իրզաւակըգիշերովտունէնառնելովանհետկորսնցնողնալկըճանչնայ: Կըհաւատամ, որեթէերկրինմէջարիւնահոսութիւնըդադրի, անդորրութիւնեւխաղաղութիւնտիրէ, մերհաւաքականութիւնըկըներէ: Վարչապետինկըմիանամ. այսգործըմինչեւ 2013-իվերջաւորութիւնըպէտքէվերջացնենք: Եթէաճապարենք, կրնանքվերջացնել:
Հ.- Ձերվարչութեանմէջլուծումչուզողներկա՞նարդեօք:
Պ.- Թուրքիոյմէջայսպիսիբանավէճերկան. կազմակերպութեանղեկավարներըպերճանքիմէջենեւչենուզերհրաժարիլքաղաքականշահերէ: Ասոնքհոգեբանականպատերազմիդրութեանմէջպատրաստուածսուտերեն: Ձեզիկըվստահեցնեմ, թէմերվարչութեանտակգտնուողբոլորը, գրեթէ` տերվիշներունման, պատառիմը, պատմուճանիմըհասկացողութեամբկ՛ապրին: Իբրեւվարչութիւն` խաղաղութեանպատրաստենքեւմերանձնակազմերըկըպատրաստենք: Երբառաջնորդիննամակըստացանք, վարչականաստիճանաւորումներովհանդիպումներկատարուեցան, եւնամակըկարդացուեցաւ: Ո՛չհոսեւո՛չալլերանվրայվարչութեանմէջմէկհոգիիսկդէմչկեցաւ: ՀիմաԵւրոպայիմէջ, Իրաքիմէջ, Թուրքիոյմէջ, լերանվրայ, քաղաքինմէջտեղեկացումիհանդիպումներուպիտիսկսինք: Խաղաղութեանգործընթացինվերաբերեալհարցադրումներունեցողներկան, անոնցպիտիպատասխանենքեւհամոզելուպիտիաշխատինք: Լեռնայինհեռաւորվայրերըչեմկրնարգիտնալ, սակայնկեդրոնականվայրերըմէկամիսէնկըվերջանան: Օսլոյիգործընթացինալմասկըկազմեմ: Այդժամանակայսքանյուսալիցչէի, հիմաշատաւելիեմ:
Հ.- Երբլուծումիմասինխօսուի, վստահաբարմիմիայնմայրենիլեզուովկրթութիւնչէքհասկնար. ուրիշի՞նչկըհասկնաք:
Պ.- ԱյսլուծումըմիայնԹուրքիոյսահմաններունմէջչիմնար, սահմաններըանցնողազդեցութիւնմըկ՛ունենայ: Յատկապէսազգայինհամաձայնութիւնըկըշեշտենք: Ազգայինհամաձայնութիւնըօսմանեանխորհրդարանինմէջ 28 յունուար 1920-ինառնուածվերջինորոշումնէեւՄուտրոսիզինադադարիսահմաններունպահպանութեանմասինէ: Այդօրո՛չհիւսիսայինՍուրիոյ, ո՛չալհիւսիսայինԻրաքիմէջմէկհատիսկանգլիացիզինուորկար: Անգլիացիզինուորըմէկշաբաթետքէ, որՄուսուլմտածէ: Ուրֆա, Այնթապ, Մարաշեթէֆրանսականգրաւմանչդիմադրէին, հիմաազգայինհամաձայնութէնէնդուրսմնացինպիտիըսէինք: Պերլին–Պաղտատերկաթուղայինգիծովերկրինսահմանըգծուածէ, եւայսնուիրականսահմանմըչէ: Թուրքիա 100 տարիառաջկայսրութիւնմընէր, եւհոնապրողազգերուկամքինհակառակ` բաժանուեցաւ: Հակառակթուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներունկամքին` այսաշխարհագրութեանմէջօտարուժերուկողմէբաժանուեցաւ: Ազգայինհամաձայնութեանայժմէականացումըմերպահանջներէնէ:
Հ.- Դուքհիմասահմանայինփոփոխութիւններէն, ՍուրիոյեւԻրաքիպետութիւններունգերիշխանութիւններունմասինչէ՞քխօսիր:
Պ.- Նորպատերազմմըչենքուզեր: Առանցսահմանըփոխելու` ազգայինհամաձայնութիւնըկարելիէկրկինբնութագրել: Թուրքերուեւքիւրտերումիջեւժողովրդավարհամաձայնութեանմըմասինկըխօսինք: Պելճիքայիօրինակըտամ: ՀոլանտերէնխօսողշրջանէներբՀոլանտաերթաք, սահմանըձեւակերպութիւնմընէ: Այդսահմանիներկուկողմըեղողներիրականինմէջմիասինկ՛ապրին, առեւտուրկ՛ընեն, տարբերութիւնմըչկայարդէն. ձգէթողմնայայդսահմանը:
Հ.- ՍակայնԵւրոպականՄիութեանմասկըկազմենայսերկիրները: Մաքսայինքննութիւններըվերացած, միացեալդրամանիշիանցած, միացեալարտաքինքաղաքականութեան, սահմանադրութեանփնտռտուքիմէջեն: Սուրիոյ, Իրաքիվիճակըյայտնիէ, ըստձեզի, այսմէկըգործնականինմէջիրականալի՞է:
Պ.- Ամէնբանմէկօրուանմէջթողվերջանայըսողչկայ: Ասոնքհասարակացնպատակներպէտքէըլլան: Յետհաշտութեանմիացեալնպատակներունմասինէ, որկ՛ակնարկենք:
Հ.- Ձերխօսքերունմէջարդեօ՞քդաշնակցայինպետութեանմըակնարկութիւնկայ:
Պ.- Այսմէկըվիճելովկարելիէգտնել: Վարչականձեւըվիճելովկըգտնուի: Օճալան (Այտարըտեսակցութեանամբողջտեւողութեան «առաջնորդԱբօ» արտայայտութիւնըունեցաւ) աւելիառաջԵւրոպականՄիութեանարմատներունմէջգտնուողածուխիեւպողպատիմիութեանօրինակըտուածէր: Մենքալ, իբրեւթուրքեր, քիւրտերեւարաբներ, կրնանքԵփրատիեւՏիգրիսիհողամասերուջրայինմիութիւնըկազմել: Ժողովրդավարհամաձայնութեամբմըկրնանքշրջանինօրինակծառայել: Ասորթէ՛Թուրքիոյ, թէ՛ՄիջինԱրեւելքինքաղաքականնպաստըկայունութիւնկ՛ըլլայ, տնտեսական, մշակութայինցոլացումներկ՛ունենայ. երբհամաձայնութիւնըԹուրքիոյսահմաններէնանդինկ՛անցնիըսենք, այսէմերակնարկութիւնը: Եւսակայն, նոյնատենկըպնդենք, որքիւրտերունգոյութիւնը, ապահովութիւնըեւազատութիւնըպէտքէապահովուի, եւքաղաքականութեանճամբանամբողջութեամբպէտքէբացուի:
Հ.- Աւելիկրնա՞քմանրամասնել:
Պ.- ՔԱԿեւՔՃՔներառեալ, բոլորինհամարօրինականձեւովքաղաքականութիւնկիրարկելու արգելքներըպէտքէվերնան: Այսկընշանակէ` առանցքրէականհարցապնդումիբոլորինքաղաքականութիւնկիրարկելուիրաւունքունենալ: ՄերկողմիբոլորիրաւասութիւններըՕճալանինձեռքնեն: Անորմարդիկըսահմանէնանդինտար, զէնքերըձգելտուր, ուրիշբաներալընելտալովԻմրալըիմէջայդպէսպահելըճիշդբա՞նմընէ: Կըպահանջենք, որ 30 տարուանիրաւազրկութիւնըվերջգտնէ: Բոլորժխտականպարագաներըպէտքէչքանան … Եթէներումիմասինպիտիխօսինք, ատիկաբոլորինհամարալիզօրուպէտքէըլլայ, երկկողմանիէ:
Հ.- Ձերուզածըընդհանուրներո՞ւմմընէ:
Պ.- Փոխադարձներումըսենք: Օրինակմըտամ. վերջերսԱնգլիոյթագուհիինԻրլանտայիշարժումինղեկավարներէնՄարթինՄաքԿինեսինձեռքըսեղմելունպատճառովհարցծագեցաւ: Մանաւանդորանբանտըչէրգտնուեր, այլԻրլանտայիկառավարութեաննախարարիպաշտօնիվրայկըգտնուէր, տարիներետք … Աշխարհիմէջայսպիսիբաներկըպատահին: Եթէհարցըլուծելկըփափաքինք, իրենցհետեւանքներունհետմէջտեղէնվերցնենք:
ՄՈՒՐԱՏԵԹՔԻՆ

