Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Ռիատի Պարտուեցան

Հուփս – Սաժես մրցումէն PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան արձանագրուեցան երկու անակնկալներ, որոնց ընթացքին պէյրութեան երկու զօրաւոր կազմեր` Ռիատի եւ Սաժես, պարտութիւն կրեցին:

Յաջորդական 19 յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ռիատի պարտուեցաւ իր դաշտին` Մանարայի մէջ, իր հիւրէն` Ամշիթէն, 90-81 արդիւնքով:

Ամշիթի աստղը հանդիսացաւ Անտրէ Էմեթ, որ նշանակեց 42 կէտ: Անոր խմբակից Հերպըրթ Հիլ նշանակեց 26 կէտ: Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սաուտ (22):

Իսկ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, Հուփս 86-79 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսի: Լերի Պլեր (Հուփս) նշանակեց 31 կէտ, մինչ Սաժեսէն Տիշաուն Սիմս նշանակեց 36 կէտ:

Նշենք, որ դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Մութթահետ Թրիփոլի Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ երկու կէտի տարբերութեամբ` 81-79 արդիւնքով յաղթած էր Շանվիլին, հակառակ անոր որ վերջինիս մարզիկներէն Ֆատի Խաթիպ նշանակած էր 39 կէտ:

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Պիպլոս երեկոյեան ժամը 18:30-ին կը հիւրընկալէ Պըժժէն:

Share this Article
CATEGORIES