Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մասնակի ընտրութիւնները` ներկայութեամբ` միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրիի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալի Խալիլի:

Այս ընտրութիւններուն ներկայ եղան քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 39 ակումբներէն 28-ն:

Նկատի ունենալով, որ նախկին նախագահ Քարին Լահուտի (որ հրաժարեցաւ) փոխարէն թեկնածու ներկայացած էր միայն Սոֆի Ապու Ժաուտէ, մրցակից անձի (կամ անձերու) չգոյութեան պատճառով Ապու Ժաուտէ ընտրուեցաւ նախագահ:

Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Ժորժ Զէյտան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Քարին Լահուտի, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին մեծապէս օգտակար դարձաւ ֆետերասիոնին ձեռք ձգած յաջողութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES