«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Հովանաւորած Մինի Ֆութպոլի 4-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «ՎԻՎԱՍԵԼ-Էմ. Թի. Էս.»-ի հովանաւորած մինի ֆութպոլի 4-րդ մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ «Կրանտ Սփոր» մարզահամալիրին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի լրատու աղբիւրները:

Տիտղոսին տիրացաւ «Մետիամաքս» խումբը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց փենալթիներու հարուածներէն ետք:

Մրցանակներու արժանացան նաեւ 10 տարբեր տեսակի անձեր` հետեւեալ ձեւով. լաւագոյն բերդապահ, յետսապահ, յառաջապահ, ռմբաձիգ, համակիր, մարզիկ, ֆութպոլի վեթերան, խմբապետ, լաւագոյն կոլի հեղինակ եւ մրցաշարքը լաւագոյն ձեւով լուսաբանած լրագրող:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին կազմակերպիչն էր Արտասահմանեան լրագրողներու միութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES