Երկօրեայ Մարզումներ` Նոր Գլխաւոր Մարզիչին Գլխաւորութեամբ
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը երէկ ֆութպոլի ակադեմիային դէմ սկսաւ իր մարզումներուն` առաջին անգամ ըլլալով նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ: Այդ մարզումները կ՛աւարտին այսօր:
Այս երկօրեայ հաւաքին համար Խաշմանեան հրաւիրեց հետեւեալ մարզիկները.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Գրիգոր Մակարեան (Բանանց), Յովհաննէս Նաւասարդեան (Իմփուլս) եւ Պօղոս Այվազեան (Միքա):
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Համլեթ Ասոյեան, Արտաշէս Ասծատրեան (Փիւնիկ), Յովհաննէս Վերանեան (Իմփուլս), Սիփան Դաւթեան, Արմէն Ղազարեան (Բանանց) եւ Ռուդիկ Ռաֆայէլեան (Շիրակ):
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Նարեկ Ասլանեան, Արամ Սուքիասեան (Փիւնիկ), Ալիկ Առաքելեան, Սարգիս Շահինեան, Վլատիմիր Ուլուխանեան (Միքա), Մհեր Սահակեան (Իմփուլս), Դաւիթ Ասատրեան, Արամ Սարգսեան, Կարէն Յարութիւնեան եւ Նայիրի Մինասեան (Բանանց):
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Վիուլեն Այվազեան, Վարդան Պաքալեան (Փիւնիկ), Էդուարդ Աւագեան, Արման Բարսեղեան (Բանանց), Արամ Մուրատեան (Շիրակ) եւ Յովհաննէս Մաճկալեան (Գանձասար):

