Տիգրան Քոթանճեան Յատուկ Ցուցմունքներ Փոխանցեց Պատանի Ճատրակ Խաղացողներուն
Երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, խումբ մը պատանի ճատրակ խաղացողներ հանդիպում մը ունեցան հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեանի հետ, որմէ ստացան յատուկ ցուցմունքներ եւ որոշ ուղղութիւններու ծանօթացան` ճատրակի մրցում մը աւելի լաւ խաղալու եւ մրցակից մը իրենց հակակշիռին տակ պահելու համար:
Այդ հանդիպումները պիտի շարունակուին այսօր եւ յաջորդող օրերուն` երեկոյեան ժամը 18:00-էն ետք:
Հայրենի կրանտմասթըրը աւելի ուշ այլ հանդիպում մը ունեցաւ այն ճատրակ խաղացողներուն հետ, որոնք պիտի ըլլան իր խմբակիցները` 15-21 ապրիլին տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:
Նշենք, որ ան Լիբանան կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ:
CATEGORIES Մարզական

