Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը օրին եւ ըստ օրուան պահանջին թուաբանական հաշիւ պահելը մեծ կարողութիւն է, որով կրնաք պահել ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը: Լաւագոյն խնայասիրութիւնն է այս:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւագոյն օրն է այս, «ցուլեր», ձեր հմայքը օգտագործելու, որպէսզի առաջնակարգ դիրք մը գրաւէք ձեր շրջապատին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգ տարէք դուք ձեզի, անփոյթ մի՛ գտնուիք ձեր առողջութեան եւ ձեր հագուածքին նկատմամբ, նաեւ` արտաքին տեսքին: Օրը ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք հաւատարիմ բարեկամներ: Անոնք նեցուկ պիտի կանգնին ձեր բոլոր հարցերը լաւագոյն ձեւով կարգադրելու: Մի՛ վհատիք բնաւ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեր ձեռքին ունիք յաջողութեան բանալին, բայց տակաւին չէք գտած բացուելիք լաւ դուռը: Կը գտնէք անպայման:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ընտանեկան արմատը ունի խորունկ զգացողութիւն: Պիտի օգտուիք այս բարերար ժառանգութենէն: Ուրախ եւ լաւատես եղէք միշտ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առանց կասկածի եւ վախի` տուէք որոշումը ձեր փափաքին, օրը յարմար է իրագործելու որեւէ փափաք: Մի՛ ծուլանաք, մի՛ յուսահատիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր պաշտօնակիցները ըսելիքներ ունին ձեզի, լսեցէք զանոնք` առանց դժկամութեան: Կրնաք օգտուիլ անոնց խրատներէն: Օրը խաղաղ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բազմազբաղ է օրը, ունիք աշխատանք: Երկխօսութիւնն ալ անհրաժեշտ է նոր գաղափարներ ունենալու համար ձեր շուրջիններէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բաց տրամադրութեամբ ընդունեցէք ձեզի ուղղուած հրաւէրը: Կրնաք ունենալ ձեր սրտին խօսող անձերու հետ յաջող հանդիպում մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան կապ մը պիտի ունենաք` որոշ խնդիր մը լուծելու: Ականջ տուէք ձեզմէ փորձառու անձերու կարծիքին, կրնաք օգտուիլ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբ կարիքը կամ տրամադրութիւնը ունենաք, մեղմ խօսակցութեամբ զրոյց կատարեցէք ձեր խօսակիցը յարգելու համար: Նաեւ կրնաք լաւ տպաւորութիւն թողուլ ձեր շուրջիններուն վրայ:

