50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական

Օրէնքը Եւ Աւանդութիւնը
Ամէն Բանէ Առաջ

Տասը օր առաջ սուգի սեւ քողը վերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին վրայէն ու Կիլիկեան միաբանութիւնը, որ տէրն է այդ դարաւոր աթոռին, համաձայն կաթողիկոսութեան ներքին կանոնագրին եւ այդ կանոնագրին տառն ու ոգին յարգելու գովելի բծախնդրութեամբ, քառասնօրեայ սուգէն անմիջապէս ետք ընդհանուր ժողով գումարեց եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրաւ Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին արժանաւոր յաջորդը ընտրելու համար:

Հրատարակեցինք Կիլիկեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ օրէնքի եւ աւանդութիւններու տառացի եւ հաւատարիմ գործադրութեամբ, ճշդած է կաթողիկոսական ընտրութեան թուականը: Յառաջիկայ մայիս 5-ին, կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Անթիլիասի մէջ, 90-է աւելի պատգամաւորներով, ընտրելու համար Կիլիկիոյ նոր կաթողիկոսը, որ պիտի գայ արժանաւորապէս շարունակելու իր հոգելոյս նախորդին գործը` Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու անձնդիր պատրաստակամութեամբ:

Կիլիկեան միաբանութեան այս բծախնդրութիւնը` հանդէպ Շնորհալիներու եւ Լամբրոնացիներու աթոռին, ուրախութեամբ լեցուց սրտերը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն, որոնք ապրած էին անհուն վշտաբեկումը այն համազգային սուգին, որուն մատնուեցաւ համայն հայութիւնը իր մեծ հովուապետի վաղաժամ մահուան առթիւ:

Այն խոհուն կարգադրութիւնները, որոնք միաբանութեան կողմէ եղան կաթողիկոսական աթոռը օժտելու համար ազգընտիր գահակալով մը, արդիւնք են առաւելաբար գովելի նախանձախնդրութեան մը, որ իր ներշնչումը կը ստանայ Զարեհ Ա. վեհափառին սկսած նուիրական գործը շարունակելու եւ իր պսակումին հասցնելու հրամայական պահանջէն:

Արդարեւ, իր գահակալութեան եօթնամեայ շրջանին երջանկայիշատակ կաթողիկոսը, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, աննկուն կամքով եւ անվրդով հոգիով հիմը դրաւ գործի մը, որուն առաջին պտուղները սկսած էին քաղուիլ ազգային-եկեղեցական բոլոր կալուածներուն մէջ: Իր օրհնաբեր հովուապետութեան ներքեւ, Հայաստանեայց եկեղեցին սկսած էր նոր ծիլեր արձակել ի սփիւռս աշխարհի, վերածաղկումի ու վերածնունդի հանգրուան մը թեւակոխած էր կիլիկեան աթոռը` հայ ժողովուրդի ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ նոր ու լայն հորիզոններ բանալով:

Կիլիկեան աթոռը ունի իր կանոնագրութիւնը, աւանդութիւններն ու հիմնական սկզբունքները, որոնց հաւատարիմ գործադրութեան բծախնդիր` Կիլիկեան միաբանութեան անդամները որոշեցին կանոնագրով նախատեսուած ժամանակաշրջանին մէջ կարելի եղածին չափ փութացնել նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը, որպէսզի երկար ատեն թափուր չմնայ Աթոռը եւ գործը շարունակուի առանց ընդհատումի` ծառայութեան նոյն ոգիով:

Միաբանութեան պաշտօնական հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք նաեւ, որ ըստ կանոնագրի, արդէն իսկ հրահանգներ գացած են կիլիկեան կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն` Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Կիպրոս, Լիբանան, Սուրիա, Թեհրան, Ատրպատական եւ Իրանահնդկաստան, որպէսզի շուտով ընտրեն իրենց պատգամաւորները` ի մօտոյ գումարուելիք կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու համար:

Թեմերու պատգամաւորները, հարազատ ներկայացուցիչները հայ ժողովուրդին, խղճմտօրէն պիտի կատարեն իրենց նուիրական պարտականութիւնը` ընտրելով Կիլիկիոյ նոր կաթողիկոսը:

Երեք շաբաթէն հայ ժողովուրդը անհուն գոհունակութեամբ երջանկութիւնը պիտի ունենայ ողջունելու հոգեւոր իր նոր առաջնորդը, որ իր հեղինակութիւնն ու ուժը պիտի ստանայ զինք ընտրող ժողովուրդէն եւ այն օրէնքներէն ու կանոններէն, որոնց տառացի գործադրութիւնը հիմնական պայմանն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ժողովրդավար ու սահմանադրական կեանքի անխախտ պահպանման:

Օրէնքէն որեւէ շեղում, ինչ պարագաներու եւ ի՛նչ պայմաններու տակ ալ ըլլայ, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, չի կրնար հանդուրժուիլ, որովհետեւ վերջին հաշուով, ատկէ վնասուողը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդը, որ իր աչքերը այսօր յոյսով եւ հաւատքով սեւեռած է կիլիկեան աթոռին:

Որքան ամուր եւ անսասան ըլլայ այդ աթոռը, որքան աւելի լոյս սփռէ ի սփիւռս աշխարհի ապրող հայութեան վրայ, այնքան աւելի վստահութեամբ կրնանք նայիլ ապագային, որ խոստմնալի հեռանկարներով կը ներկայանայ մեզի:

Իսլամացած Հայ Ընտանիք Մը
Քրիստոնէութեան
Դարձած Է

Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թրքական թերթը կը գրէ.-

Քանի մը օր առաջ թերթերու մէջ լոյս տեսած սրբագրութեան ազդ մը զարմանքի մատնած էր ընթերցողները, իսկ Սամաթիոյ եւ Տաւուտ փաշայի բնակիչները սաստիկ զայրացեր էին:

Մանաւանդ հանգստեան կոչուած գնդապետ մը, որուն սամաթիացիները կը սիրէին պէյ պապա ըսել, հետեւեալ ձեւով խօսած էր սրճարանին մէջ:

– Ո՞վ են ասոնք, եահու, ես չեմ ճանչնար զանոնք: Ասոնց հետ բարեւը Աստծու բարինը պէտք է կտրել…

Պէյ պապան այնքան զայրացնող ազդը դրուած էր 55 տարեկան Սաֆիյէ Ույքըզի, աղջիկը`  ամուսնացեալ եւ հինգ զաւկի տէր Սաատեթ Ույքըզի եւ ատաղձագործ զաւակը` Համտի Ույքըզի կողմէ: Ասոնք 20-րդ հաշտարար ատեանին դիմելով` իրենց իսլամ կրօնը փոխած էին հայ քրիստոնեայի: Նոյն որոշման համաձայն, անոնք փոխեր էին իրենց անունը եւ Սաֆիյէն եղած էր Սոֆիա, Սաատեթ Էլմաս եւ Համտին եղած էր Կարապետ:

Համաձայն հանգստեան կոչուած գնդապետին, կարելի էր, որ քրիստոնեայ մը դարձի գայ եւ իսլամ կրօնը ընդունի, բայց իսլամութենէ քրիստոնէութիւն դարձ անկարելի էր:

Այս բոլորը պատմելէ ետք թերթին աշխատակիցը տեսակցած է նաեւ այդ ընտանիքին հետ, որոնք հետեւեալ կերպով բացատրած են իրենց արարքը.

– Մենք սեբաստացի եւ հայ ենք. մեր հայրը տարիներ առաջ անհրաժեշտութիւն նկատեր է մեզ իբրեւ իսլամ արձանագրել տալ, բայց մենք չկրցանք գործադրել իսլամութեան կանոնները:

Մանաւանդ վերջին տարիներուն տարօրինակ կացութեան մատնուեցանք: Իսլամներու կարծիքով, մենք տակաւին քրիստոնեայ ենք, իսկ քրիստոնեաները մեզ իրենցմէ չեն նկատեր: Այս կացութիւնը սկսաւ ազդել մեր ընտանեկան եւ գործի կեանքին. հետեւաբար ստիպուեցանք մեր սկզբնական կրօնին վերադառնալ:

Share this Article
CATEGORIES