Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Լաւատես Երեխայ Դաստիարակել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մարդուն ամէնէն գնահատելի յատկանիշներէն մէկը երեւոյթներուն լաւատեսօրէն նայելու կարողութիւնն է, քանի որ այդպէս կեանք աւելի դիւրին եւ սիրելի կը դառնայ` հակառակ իր բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ երեւոյթներուն:

Լաւատես մարդիկ կը հաւատան, որ իրենք ի վիճակի են այս կամ այն բարդ վիճակին լուծումներ գտնել, իսկ անյաջողութեան դիմաց չեն յուսահատիր եւ կը փորձեն զանոնք յաղթահարելու ձեւեր գտնել:

Գիտնականներու կարծիքով, երեխան լաւատես չի ծնիր, այլ կը դառնայ լաւատես, եւ ատիկա մեծապէս կախեալ է ծնողներուն դաստիարակութենէն:

«Ես Միշտ Քու Կողքիդ Եմ…»

Շատ կանուխէն ձեր երեխային մէջ ապահովութեան զգացում դաստիարակեցէք. ցոյց տուէք, որ միշտ իրեն հետ էք: Տեւաբար հետաքրքրուեցէք անոր առօրեայով, անոր ամենափոքր յաջողութիւններն իսկ գնահատեցէք, իսկ սայթաքումներու ժամանակ քաջալերեցէք:

Յաճախ ձեր զաւկին ուղեկցեցէք դպրոց, ներկայ եղէք այն բոլոր հանդիսութիւններուն, որոնց ան կը մասնակցի, մի՛ բացակայիք ծնողական ժողովներէն:

Ընտրութեան Հնարաւորութիւն Տուէք

Լաւատես մարդիկ ինքնավստահ մարդիկ են: Եւ որպէսզի ձեր զաւակը նոյնպէս ինքնավստահ մեծնայ, անոր միշտ ընտրելու հնարաւորութիւն տուէք. օրինակ` 2 տարեկան փոքրիկին հարցուցէք, թէ ո՛ր բաժակով կ՛ուզէ խմել իր հիւթը, 5 տարեկան աղջնակին` ո՞ր մարզաձեւին կ՛ուզէ հետեւիլ կամ 12 տարեկան պատանիին` ո՞ւր կ՛ուզէ անցընել իր արձակուրդը եւ այլն:

Տան կահոյքը փոխելու, ինքնաշարժ գնելու կամ նոր բնակարան փոխադրուելու ժամանակ անպայմա՛ն առէք ձեր զաւկին կարծիքը, որպէսզի ան ընտանիքի լիիրաւ անդամ զգայ:

Աշխատելու Մղում Տուէք

Թող երեխան ինք դժուարութեամբ կրէ դասագիրքերով լեցուն իր պայուսակը, կամ բրդուճ պատրաստէ, քան թէ հանգիստ թափահարէ ձեռքերը` մտածելով, որ այդ ամէնը դուք իրմէ աւելի լաւ կ՛ընէք:

Խորքին մէջ դուք աւելի մեծ հոգածութիւն ցուցաբերած կ՛ըլլաք մեր զաւկին հանդէպ, երբ հնարաւորութիւն կու տաք անոր անձամբ զգալ հարցեր լուծելու «բերկրանքը», քան երբ իր բոլոր դժուարութիւնները ձեր ուսերուն կը բեռցնէք: Երեխան պէտք է գիտակցի, որ կեանքի մէջ յաջողելու համար ոչ թէ բնատուր շնորհ կամ բախտ պէտք է ունենալ, այլ` աշխատելու մղում, իսկ տարբեր տեսակի գործեր կատարելու փորձերը կ՛օգնեն անոր հասկնալ, թէ ի՛նչ բան ինք աւելի լաւ կ՛ընէ եւ ինչի՛ վրայ դեռ պէտք է աշխատի:

Օգնեցէք, Որ Ինքնաբաւ Դառնայ

Այն երեխաները, որոնք անձամբ կը լուծեն իրենց սեփական հարցերը, աւելի լաւ կը կառավարեն իրենց կեանքը, մինչդեռ անոնք, որոնք վարժուած են միշտ ուրիշներէն օգնութիւն հայցել, կրնան յուսահատիլ, երբ խոչընդոտի մը դիմաց բոլորովին առանձին գտնուին:

Երբ ձեր երեխան դժուարութիւններու առաջ գտնուի, փորձեցէք ուղղորդող հարցումներով օգնել: Օրինակ, եթէ ան սխալ լուծած է թուաբանութեան խնդիրը, պատասխանը տալու փոխարէն` հարցուցէք, թէ ինչպէ՛ս հասած է այդ պատասխանին. բացատրութեան ընթացքին երեխան կը նկատէ իր սխալը եւ ուրիշ անգամ չի կրկներ:

Հեռու` Մռայլ Միտքերէ

Յաճախ երեխաները, երբ հարց մը ունենան, օրինակ` գրաւոր ստուգումին ձախող նիշ ստանան կամ ընկերոջ մը հետ վիճին, մեղաւորութիւնը միայն իրենց մէջ կը փնտռեն, իրենք զիրենք անկարող եւ անյաջողակ կը համարեն, իսկ ասիկա յոռետեսութեան ախտանշաններէն է: Նման պարագաներու պէտք է սփոփել մանուկը եւ ըսել, որ այդպէս կրնայ պատահիլ շատերու հետ, եւ կեանքը հոն կանգ չ՛առներ, կարեւորը սխալներէն սորվիլն է եւ ուրիշ անգամ չկրկնելը:

Փորձ – Հարցարան

Եթէ կ՛ուզէք իմանալ, թէ ի՛նչ գոյն ունի կեանքը ձեր երեխային աչքերով…

1

– Խաղի մէջ ընկերոջ յաղթելով` երեխան ձեզի կ՛ըսէ.

ա.- «Ես լա՛ւ կը խաղամ»:
բ.- «Ընկերս խաղալ չի գիտեր»:

2

– Կը պատմէ, թէ դպրոցէն գովասանագիր ստացած է, քանի որ`

ա.- Շատ աշխատած է:
բ.- Դասերը շատ դիւրին են:

3

– Կը պատմէ, թէ ուսուցիչէն յանդիմանութիւն ստացած է, քանի որ`

ա.- Կը շատախօսէր, երբ ուսուցիչը դասը կը բացատրէր:
բ.- Բոլորը կը շատախօսէին:

4

– Կը մտածէ, թէ երկինքը ամպոտած է, ուրեմն`

ա.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բնութիւնը պիտի մաքրուի:
բ.- Վաղը պիտի անձրեւէ, եւ բացօթեայ պիտի չկարենայ խաղալ ընկերներուն հետ:

5

– Ոտնագնդակ խաղալու ատեն կ՛իյնայ ու ոտքը կը վիրաւորէ եւ ձեզի կ՛ըսէ.

ա.- «Պատահական է, բոլոր ֆութպոլիստներն ալ կ՛իյնան ու կը վիրաւորուին»:
բ.- «Եթէ ընկերս չհրէր, կոլ նշանակած կ՛ըլլայի…»:

6

– Նոր տարուան առիթով իր մակարդակէն բարձր գիրք մը նուէր կը ստանայ ու ձեզի կ՛ըսէ.

ա.- «Հոգ չէ, գրադարանը կը դնեմ եւ աւելի ուշ կը կարդամ»:
բ.- «Այս մարդիկը խելք չունի՞ն, ոչ իսկ բառ մը կը հասկնամ»:

Պատասխան

Որքան ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշիռ է «ա» տարբերակը, այնքան ձեր երեխան ինքնավստահ ու լաւատես է:

 

Այլազան

Շուկըրփովա Տուրմեր

Աշխարհի երկրորդ դասուած ռուս թենիսվումըն` Մարիա Շարափովա ապրիլ 29-ին Մոսկուայի մէջ պիտի ներկայացնէ «Sugarpova» անուանումը կրող տուրմերու սեփական ապրանքանիշը:

Այսպէս, Շթութկարտի մրցաշարքի աւարտին 25-ամեայ Շարափովան կը վերադառնայ Մոսկուա եւ կը ներկայացնէ Շուկըրփովա վաճառանիշով տուրմերու հաւաքածոն:

Տղամարդիկ Աւելի
Երջանիկ
Կը Զգան

Կեանքի շատ մը երեւոյթներուն դիմաց տղամարդիկ իրենք զիրենք աւելի երջանիկ կը զգան, քան կիները: Այս եզրակացութեան յանգած են բրիտանացի գիտնականները, կը գրէ «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ»-ը:

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 12 չափանիշներէն 7-ին տղամարդիկ ցուցաբերած են աւելի բարձր «երջանկութեան մակարդակ»: Այդ չափանիշներէն են` աշխատավարձը, ասպարէզի մէջ յառաջդիմութիւնը, արտաքին տեսքը, մարդոց վերաբերմունքը, ֆինանսական ընդհանուր վիճակը եւ այլն…

                            Մատոնա Կօշիկներ

Վերջերս երգչուհի Մատոնան ներկայացուցած է կօշիկներու իր առաջին հաւաքածոն` «Truth of Dare» անունով: Երգչուհին հաւաքածոն ստեղծած է իր ոճաբանին հետ միասին:

«Truth of Dare» հաւաքածոյին մէջ ներկայացած են զուսպ ճոխութեամբ վայելուչ կօշիկներ: Մատոնային ոճաբանը յայտնած է, որ հաւաքածոն ստեղծելու ժամանակ առաջին հերթին միասին վերյիշած են այն բոլոր կօշիկները, որոնցմով Մատոնան ելոյթ ունեցած է:

 

Խոհագիր

Ոլորուած Սմբուկներ

Բաղադրութիւն

– 2 հատ սմբուկ
– 1 հատ լոլիկ
– 1 պճեղ սխտոր
– 50 կրամ մայոնեզ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ
– Սեւ պղպեղ
– Սամիթ

Պատրաստութիւն

Սմբուկները երկայնքին շերտերու վերածել եւ աղաջուրի մէջ դնել: Կէս ժամ ետք ջուրը թափել եւ սմբուկները շարել մաքուր անձեռոցիկի վրայ:

Լոլիկը բարակ շերտել: Սխտորը ճզմել, սամիթը մանրել, աւելցնել մայոնեզը եւ խառնել:

Տապակին մէջ բուսական ձէթը տաքցնել եւ սմբուկները տապկել, ապա ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել: Առնել իւրաքանչիւր շերտ եւ դգալով վրան տարածել մայոնեզի խառնուրդէն, 1 – 2 կտոր լոլիկ աւելցնել, աղ, պղպեղ ցանել եւ սմբուկը ինք իր վրայ փաթթել: Շարել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ զարդարել սամիթի տերեւներով:

ՍԱՄԻԹ

Սամիթին հայրենիքը հին Հռոմը, Յունաստանն ու Եգիպտոսը եղած են: Անցեր են հազարամեակներ, բայց այսօր ալ անիկա կ՛օգտագործուի բժշկութեան, խոհարարութեան եւ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու պատրաստութեան մէջ:

Անցեալին սամիթի տերեւներով կը լոգնային, իսկ անոր անուշաբոյր իւղով մարմին կ՛օծէին:

Սամիթը կենսանիւթերու իսկական հանք է. անիկա կը պարունակէ Սէ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթեր, ինչպէս նաեւ` հանքայիններ:

Թարմ սամիթ շատ լաւ կանխարգելիչ միջոց է գլխացաւանքի պարագային:

Սամիթը նաեւ հիանալի միջոց է կերակրող մայրերուն համար, քանի որ անիկա կ՛աւելցնէ մօր կաթին քանակը: Անիկա նաեւ լաւ դարմանամիջոց է սրտային անբաւարարութեան, արեան բարձր ճնշումի եւ տարիքի հետ առաջ եկող յօդացաւերու պարագային:

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES