Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» Միութեան
«
Կռունկ» Պարախումբին Տարեկան Ելոյթը

Մարտ 7-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ նոյն միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» պարախումբը,  որ կը վայելէր Հայաստանէն ժամանած Հայկական ժողովրդական երաժշտական համոյթին համագործակցութիւնը: Պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Հայաստանէն ժամանած պարուսոյց Նոնա Բախշեան: Համերգը կ՛ընդգրկէր 20 հայկական եւ օտար ազգերու կենցաղային պատկերները ներկայացնող պարային բեմադրութիւններ:

 

Յունաստան

Դասախօսական–Գեղարուեստական Երեկոյ
«
Մշակոյթին Դերը Սփիւռքի Հայապահպանման Մէջ»

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան, 31 մարտին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական-գեղարուեստական երեկոյ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը, անդրադառնալով հայկական մշակոյթի պահպանման յոյժ կարեւոր խնդրին սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ,  նախաձեռնեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպման` «Մշակոյթին դերը սփիւռքի հայապահպանման մէջ» նիւթով:

Օրուան բանախօսն էր հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան, զոր պահպանելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու մտահոգութեամբ կ՛առաջնորդուին միութենական ջանքերը: Ան քննարկեց հայ ժողովուրդին քաղաքակրթական եւ մշակութային զարգացման  ընթացքը` կեդրոնանալով յետեղեռնեան սփիւռքի հայապահպանման գործին վրայ:

Խօսեցաւ ազգային զարթօնքի շարժումին եւ աշխարհաբարի որդեգրումին, ինչպէս նաեւ պանդուխտ հայութեան, գաղութակազմութեան եւ հայապահպանութեան ճիգերուն մասին, հասնելով ներկայ իրավիճակներուն եւ հետզհետէ դժուարացող ու մեզ նահանջի մատնող պայմաններուն:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընդգրկեց ասմունք, երգ, նուագ, պար:

 

Ժընեւ

Հայկական Շարժապատկերին Նուիրուած
Երեկոյ

Մարտ 16-23 տեղի ունեցաւ Ֆրիպուրկի 27-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը, որուն շրջագիծին մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական շարժապատկերի ցուցադրութեան երեկոյ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր: Փառատօնի շրջանակներուն մէջ 21 մարտին ցուցադրուեցան Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ», Սերգէյ Փարաջանովի «Սայաթ Նովա» եւ Օքսանա Միրզոյեանի «140 դրամ» ժապաւէնները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք. Աթոմ Էկոյեան եւ Հայաստան» խորագրով Հայաստանի նուիրուած քննարկումները, որուն մասնակցեցան դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ժընեւի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Վալանթինա Կալզոլարի Պուվիէն, բեմադրիչ Օքսանա Միրզոյեան, արտադրիչներ Պրատեն Քինկ եւ Հարվըրտի համալսարանի հայագիտութեան փրոֆ. Ճէյմս Ռասսել:

Քննարկումներու ընթացքին, դեսպան Ազնաւուր ներկայացուց Հայաստանը, հայ ժողովուրդը,  հայկական մշակոյթը, հայոց պատմութիւնը: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը մշակոյթին եւ մասնաւորապէս շարժապատկերի դերին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստելու գործին մէջ:

 

Սթրազպուրկ

Բարեգործական Նուագահանդէս

Ապրիլ 6-ին Սթրազպուրկի քաղաքային երաժշտութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամալկամ» ֆրանս-գերմանական նուագախումբին կազմակերպած բարեգործական նուագահանդէսը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի  եւ Ֆրանսայի մէջ սահմանափակ կարողութիւններու տէր երեխաներու:

Նուագահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սթրազպուրկի  ֆիլհարմոնիք, Պատեն-Պատենի եւ Ֆրայպուրկի սիմֆոնիք նուագախումբերուն, ինչպէս նաեւ Սթրազպուրկի իշխանութիւններուն` նուագահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ ցուցաբերած եւ մարդասիրական այս արարքին գործօն եւ հետեւողական մասնակցութեան համար:

Այնուհետեւ, հայ անուանի երաժիշտ Վահան Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ, հնչեցին Մոցարթի, Տվորժաքի, Ելկարի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Նուագահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ դաշնակահար Իկոր Չետուեւ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ծերակոյտի Մեծամասնութեան Ղեկավար 
Հերի
Ռիտ Եւ Իր Կինը Այցելեցին
Լաս
Վեկասի  Ս. Կարապետ Եկեղեցի

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի  մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ եւ իր կինը 26 մարտին այցելեցին Լաս Վեկասի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցի:

Նախքան եկեղեցի մուտքը` անոնք  մոմավառութիւն կատարեցին: Եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ  մատուցած ծառայութիւններուն մասին:  Շինարարական յանձնախումբին անդամները  բացատրութիւն տուին եկեղեցւոյ շինութեան  աշխատանքներուն մասին: Ծերակուտականը խորապէս տպաւորուեցաւ` իմանալով, որ  եկեղեցւոյ շինութիւնը ամբողջացած է միայն  եօթը ամսուան մէջ:

Եկեղեցւոյ օծման յանձնախումբի անդամ  Վրէժ  Թասլագեան լուսաբանութիւններ տուաւ Լաս  Վեկասի հայ համայնքին ապրած աճին մասին,   իսկ Լինտի Շումախըր յայտնեց, թէ «Տրիմ ֆոնտ»-ը կը նպաստէ եկեղեցւոյ կից կանգնող  Հայ կեդրոնի Շաբաթօրեայ դպրոցին որպէսզի անիկա օժտուի հայերէնի ու պատմութեան  դասաւանդման արդիական միջոցներով:

Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան լուսաբանութիւններ  տուաւ Մշոյ Ս.  Կարապետ եկեղեցւոյ ու անոր  պատմականին մասին` նշելով, որ անոր  հիմերը դրուած են Յովհաննու Մկրտիչին աճիւններուն վրայ: Ան նաեւ յայտնեց, թէ եկեղեցին Ցեղասպանութեան տարիներուն քանդուած է  Թուրքիոյ բանակին կողմէ, աւելցնելով, որ  ամերիկեան  խորհրդարանի թիւ 306 օրէնքը  կը  պահանջէ, որ Թուրքիոյ պետութիւնը իր իսկական իրաւատէրերուն փոխանցէ  քրիստոնեաներէն բռնագրաւուած եկեղեցական  կալուածները:

Այցելութեան աւարտին Աւետիս Ա. քհնյ.  Թորոսեան ծերակուտական Ռիտին նուիրեց մանրատիպ խաչքար մը` իբրեւ յիշատակ այս  այցելութենէն: Յարգելի հիւրը, իր կարգին, խոստացաւ ամերիկեան  խորհրդարանը խորհրդանշող  դրօշակ մը նուիրել Ս.  Կարապետ եկեղեցւոյ, որպէսզի անիկա բարձրացուի Լաս Վեկասի առաջին հայկական եկեղեցւոյ վերեւ:

«Անանիա Շիրակացի» Մետալի Յանձնում

Ապրիլ 4-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Գիտութեան եւ կրթութեան հայ ազգային հիմնադրամի նախագահ, Գոռնելի համալսարանի աստղագիտութեան բաժանմունքի փրոֆ. Երուանդ Թերզեանին նուիրուած մեծարանքի երեկոյ:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարեն Նազարեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն մէջ hիմնադրամին ունեցած դերակատարութեան մասին, նշելով, որ Հայաստանի նախագահը եւ կառավարութիւնը մեծապէս կարեւորութիւն կու տան հայ ազգային գիտական ներուժին եւ նորութիւններու օգտագործման, որոնք կրնան Հայաստանը մղել դէպի տնտեսական, գիտական եւ կրթական բարձր մակարդակներ` նոր թափ տալով երկրի կայուն զարգացման:

Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ հայ գիտնականներու եւ համաշխարհային հանրայայտ կեդրոններու միջեւ ծաւալած համագործակցութեան եւ նշեց, որ այդ գործընթացին, ինչպէս նաեւ միջազգային գիտական այլ փոխանակումներու  յաջողութեան գրաւականներէն է փրոֆ. Թերզեանին եւ հիմնադրամին միւս նուիրեալ անդամներուն եւ իրենց հայաստանաբնակ գործընկերներուն միջեւ գիտական հարցերու շուրջ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ` դրամաշնորհներու եւ մրցումներու միջոցով երիտասարդ գիտնականներու եւ հետազօտողներու համար խրախուսման եւ աջակցութեան ծրագիրներու շարունակականութիւնը:

Աւարտին փրոֆ. Երուանդ Թերզեանին յանձնուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ շնորհուած «Անանիա Շիրակացի» մետալը:

Ծովիկ Մինասեան Ուսուցիչներու
«
Այնշթայն» Մրցանակին Կ՛արժանանայ

Կլենտէյլի «Հուվըր» երկրորդական վարժարանի գիտական նիւթերու ուսուցչուհի Ծովիկ Մինասեան հանդիսացաւ «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ուսուցման եռանկիւն համախմբում»-ին կողմէ շնորհուող «Ալպըրթ Այնշթայն» ծրագիրի 27 մրցանակակիր ուսուցիչներէն մէկը:

Հիմնարկը մօտաւորապէս 200 թեկնածուներու մէջէն ընտրած է գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան ու թուաբանութեան մարզերու 27 ուսուցիչներ, որոնք յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանին (2013-2014) իրենց ծառայութիւնները պիտի մատուցեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող պետական տարբեր բաժանմունքներու:

1990-ին հաստատուած այս ծրագրին մասնակցելու պատիւին կ՛արժանանան իրենց մասնագիտութեանց մէջ  գերազանցած, մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարանի ուսուցիչներ: 1994-ին Քոնկրեսը որոշեց ուժանիւթի նախարարութեան յանձնել ծրագրին տնօրինումը, որ իր կարգին այդ պատասխանատուութիւնը յանձնեց «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ուսուցման եռանկիւն համախմբում»-ին:

Ծովիկ Մինասեան յառաջիկայ տարեշրջանին իր ծառայութիւնները պիտի մատուցէ ուժանիւթի նախարարութեան գիտական հարցերու գրասենեակին:

 

Քանատա

Համերգ` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, նախագահութեամբ  բարերար Պետրոս Արսլանեանի,  նախաձեռնութեամբ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին,  9 մարտին Լաւալի Ս. Մարթեն եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ համերգ մը, որ կազմակերպուած էր ի նպաստ սուրիահայութեան:

Բացման խօսքը կատարեց Նելլի Պարսեմեան,  որ ներկայացուց Սուրիոյ հայութեան խիստ ծանր կացութիւնը եւ համերգին նպատակը:

Համերգին ելոյթ ունեցան տաղանդաւոր սոփրանօ` Յասմիկ Գասպարեան եւ լարային քառեակը, որուն երաժիշտներն էին` Վան Արմէնեան, Ռուբէն Գոսեմեան եւ Նայիրի Փիլոյեան` ջութակ եւ Լէօ Կրինհաուզ`  թաւջութակ:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր 2 բաժին: Առաջին բաժինը հայ եկեղեցական երգեր, մեղեդիներ եւ եղանակներ էին, իսկ երկրորդը` ազգագրական եւ դասական:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց համերգին կազմակերպումը եւ գովեց յայտագրին մասնակիցները:

 

Արժանթին

Արժանթինահայերու Հարիւրամեայ Պատմութեան
Մանրամասնութիւնները
` Մեծածաւալ Գիրքով

Մարտ 12-ին Պուէնոս Այրեսի Հայ կեդրոնի «Սիրանուշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերու ներգաղթը Արժանթին. հարիւրամեայ պատմութեան նկարագիրը ուղեւորներու ցուցակներուն համաձայն (1889-1979)»  գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամին կողմէ:

Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցաւ Պուէնոս Այրես քաղաքի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմակարծութեան փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխ, Լատինամերիկեան գաղթականութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախագահ Ալիսիա Պեռնասկոնի, համալսարանի դասախօս եւ աշխարհաքաղաքական գիտութիւններու փորձագէտ Ատոլֆօ Քութունճեան եւ գիրքի հեղինակներ` դասախօս Նելիթա Պուլղուրճեան եւ ճարտարագէտ Խուան Քարլոս Թուֆեկսեան:

Գիրքը հեղինակներու երկար տարիներու մանրակրկիտ աշխատանքի արդիւնքն է, որուն մէջ ուսումնասիրուած են Արժանթինի Գաղթականութեան ազգային վարչութեան արխիւները եւ աշխատութեան էջերուն մէջ կան Արժանթին մուտք գործած աւելի քան 18,000 հայերու տուեալներ: Կատարուած է նաեւ հայ ներգաղթեալներու սեռային, տարիքային, կրօնական, կրթական տուեալներու վերլուծութիւն եւ եզրայանգում եւ առանձին նշուած են նաեւ Արժանթինի այն քաղաքները,  ուր հասած են հայ ներգաղթողները:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES