Մորթը Եւ Արեւու Ճառագայթը
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Խօսելէ առաջ այս նիւթի մասին` պարտաւոր կը զգամ անդրադառնալ հետեւեալ երկու կէտերուն.
1. Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ` վերնամորթ, ենթամորթ եւ ներքնամորթ:
Մորթին տեսանելի խաւը վերնամորթն է եւ միակ խաւն է, որ շարունակ կը նորոգուի եւ կը վերակենդանանայ: Անոր մէջ կը գտնուին մելանոսիթ կոչուող բջիջները, որոնք կ՛արտադրեն մորթին գունաւորում տուող մելանին կոչուող նիւթը: Ենթամորթը հարուստ է զարկերակներով, երակներով, ջիղերով, քրտինքի գեղձերով եւ մազի արմատներով:
2. Մորթը ունի կարեւոր պարտականութիւններ. ան կը պաշտպանէ մարմինը շրջապատի մանրէներէն ու ժահրերէն եւ կը կանոնաւորէ մարմնի հեղուկային իրավիճակն ու մարմնի ջերմութիւնը:
Ուրեմն վերադառնանք մեր նիւթին:
Արեւը կը լուսաւորէ ամբողջ աշխարհը, եւ մենք բոլորս կը վայելենք անոր ջերմութիւնը: Երկրագունդին լուսաւորումը եւ ջերմութիւնը նոյնը չէ ամէն տեղ: Ամէն մէկ երկիր, իր աշխարհագրական դիրքին համաձայն, կը վայելէ արեւու լոյսը եւ ջերմութիւնը: Այս երկու հիմնական օգուտներուն կողքին, արեւու ճառագայթները հասնելով մեր մարմնի մակերեսը` կը թափանցեն մորթին մէջ եւ հոն բնախօսական ներգործութիւններու ենթարկուելէ ետք կ՛արտադրուի մարմնին համար շատ կարեւոր Տէ. կենսանիւթը:
Դրական այս երեւոյթներուն կողքին, արեւը ունի նաեւ իր ժխտական անդրադարձը մեր կեանքին եւ մեր առողջութեան վրայ: Այս ժխտական անդրադարձը հետեւանքն է արեւու ճառագայթներուն ունեցած ազդեցութեան մեր մարմնի մակերեսին վրայ, այլ խօսքով` մեր մորթին վրայ:
Արեւը կը ճառագայթէ տարբեր չափի ուժգնութեամբ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ, որոնցմէ միայն քանի մը հատը կը հասնին մեր մարմնին մակերեսը, մասնաւորաբար` UVA եւ UVB ճառագայթները:
Մեր մարմնին մորթը ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն` կը յառաջանան շատ մը մորթային փոփոխութիւններ եւ հիւանդագին երեւոյթներ, որոնց տարողութիւնը կախեալ է ճառագայթներուն զօրութենէն եւ տեւողութենէն: Իսկ ճառագայթներուն ազդեցութիւնը մարմնի մակերեսին վրայ` կախեալ է տարուան եղանակներէն, մթնոլորտային փոփոխութիւններէն, երկրի շրջապատի օզոնի քանակէն, մեր հագած հագուստներուն տեսակէն եւ որակէն, մեր ապրելակերպէն, կենցաղէն, մեր աշխատանքի վայրէն եւ ձեւէն, ինչպէս նաեւ` մեր ապրած վայրի ծովու մակերեսէն ունեցած բարձրութենէն: Ուրեմն արեւու ճառագայթները մեր մորթին վրայ կը յառաջացնեն ժամանակաւոր կամ մնայուն ու երկարատեւ մորթային անբնական երեւոյթներ եւ հիւանդութիւններ:
Մարդիկ նոյն չափով եւ նոյն ձեւով չեն վնասուիր արեւու ճառագայթներէն, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ զգայնոտութիւն հակազդելու ձեւ այս ճառագայթներուն:
Արեւու ճառագայթները թափանցելէ ետք մորթին մէջ` կը յառաջացնեն մորթային հետեւեալ ախտաբանական փոփոխութիւնները եւ հիւանդութիւնները.
Ա. Մորթի տարեցութիւն, որ կը յատկանշուի հետեւեալ երեւոյթներով.
ա. Կնճիռներու յայտնաբերում դէմքին վրայ,
բ. Մորթի կարծրութիւն եւ կոշտութիւն,
գ. Մորթի հիւծում,
դ. Վերնամորթի գերաճում կամ պնդացում, որ կը յայտնուի կարմիր-վարդագոյն, կեղեւաւորուած եւ չորցած մորթի սպիացումներով:
Ճերմակամորթներ եւ դեղին-կարմիր մազեր ունեցողներ առաւելաբար ենթակայ են այս բարդութեան, իսկ սեւամորթները պաշտպանուած են անկէ:
ե. Կէտաւոր գերգունաւորում,
զ. Մորթի նրբանօթներու լայնացում:
Բ. Վերնամորթին մէջ գտնուող մորթին գունաւորման բջիջները արագօրէն կ՛արտադրեն մեծ քանակութեամբ մելանին, որ մորթին կու տայ սրճագոյն կամ մութ-թուխ գունաւորում:
Գ. Մորթին մէջ գտնուող մարմնին դիմադրողականութեան հետ կապ ունեցող յատուկ բջիջները կը վնասուին: Հետեւաբար մարմնի դիմադրողականութիւնը որոշ չափով կը խանգարուի եւ տեղի կու տայ կարգ մը մորթային հիւանդութիւններու յայտնաբերումին:
Դ. Լուսազգացողականութիւն-զգայնոտութիւն, որ կը զարգանայ կարգ մը դեղերու գործածութեամբ կամ ներգործութեամբ:
Ե. Զանազան աստիճանի մորթի այրուածքներ, որոնք կը յառաջանան արեւու ճառագայթներու ուղղակի մորթին մէջ թափանցումէն: Արեւու ճառագայթներ անցնելէ ետք ամպերու մէջէն եւ կամ 30 սմ խորութեամբ ջուրի մէջէն, կրնան նոյնպէս յառաջացնել մորթի այրուածքներ:
Զ. Մորթի գերզգայնութիւն-զգացողութիւն, որ կը դրսեւորուի մոլաքար-եղճատենդով: Այս մէկը կը յատկանշուի վարդագոյն-կարմրագոյն մորթային ուռեցքներով կամ բիծերով եւ սաստիկ քերուըտուքով: Մոլաքարը կրնայ յայտնուիլ երկու ձեւով`
ա. Տեղայնական, այսինքն` միայն մարմնի մակերեսի որոշ մէկ մասին վրայ.
բ. Համայնական, այսինքն` ամբողջ մարմնին վրայ.
Է. Մորթային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր:
Ը. Արեւահարութիւն, որուն ախտանշաններն են`
ա. Մորթի կարմրութիւն, ցաւ եւ այրուածք, բշտիկաւոր ուռեցք,
բ. Ջերմ, դող, յոգնածութիւն, փլուզում
գ. Մորթի երկրորդական բորբոքում,
դ. Բացայայտ մարմնական գերջերմաստիճան-գերտենդ,
ե.- Արագ սրտի զարկ եւ շնչասպառութիւն,
զ.- Գիտակցութեան խանգարում եւ շփոթութիւն,
է.- Մարմնական ցնցումներ,
ը.- Գիտակցութեան կորուստ եւ մահաքուն:
Ձիւնը, աւազը եւ պայծառ օդը կ՛արտացոլեն արեւու ճառագայթները, որոնք կրկնակի կը նպաստեն արեւահարութեան:
Երկրի շրջապատի օզոնի նուազումով կը բազմապատկուի արեւահարութեան կարելիութիւնը:
Արեւահարութիւնը կանխարգելի է հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Ամառ եղանակին լողալ կէսօրուան ժամը 11:00-էն առաջ եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն ետք, այսինքն` չլողալ ժամը 11:00-3:00-ի միջեւ, որովհետեւ այս ժամանակամիջոցին արեւու ճառագայթները առաւելագոյն չափով կը վնասեն մորթին եւ կը յառաջացնեն մորթային զանազան աստիճանի այրուածքներ:
2. Ամառ եղանակին առաջին անգամ 30 վայրկեանէ աւելի ենթակայ չըլլալ արեւու ճառագայթներուն.
3. Ծովու մակերեսէն բարձր վայրերու մէջ շատ չլողալ, որովհետեւ այս բարձր վայրերու մէջ արեւու ճառագայթները աւելի կը վնասեն մորթին.
4. Երկար ժամեր ենթակայ չըլլալ արեւու ճառագայթներուն.
5. Հագնիլ այնպիսի հագուստներ, որոնց մէջէն արեւու ճառագայթները դիւրաւ չեն անցնիր, օրինակ` ճերմակ եւ բաց գոյն հագուստներ.
6. Արեւու տակ գործածել գլխարկ` պաշտպանելու համար գլուխը, երեսը, վիզը եւ ծոծրակը.
7. Արեւու տակ գործածել ակնոցներ` պաշտպանելու համար աչքերը.
8. Լողալէ առաջ եւ վերջ գործածել յատուկ պաշտպանող սերեր, որոնք մասնակիօրէն արգելք կը հանդիսանան ճառագայթներու թափանցումին: Կան երկու տեսակ սերեր, որոնք ունին տարբեր յատկութիւններ`
ա. Պաշտպանող սերեր, որոնք կը ներծծեն արեւու ճառագայթները եւ կը գործեն որպէս քիմիական պատնէշներ.
բ. Պաշտպանող սերեր, որոնք կ՛արտացոլեն, ետ կը մղեն արեւու ճառագայթները եւ կը գործեն որպէս ֆիզիքական պատնէշներ:
Այս պաշտպանող սերերը կրնան յառաջացնել մորթի գերզգայնութիւն:
Մոնրէալ

