Խորհուրդը «Պնակ Մը Կերակուր»-ին

ՍՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ – ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Եօթը տարեկան էի, երբ առաջին անգամ Քեսապէն Պէյրութ եկայ եւ հօրաքրոջս նեղլիկ սենեակին պատուհանէն ծանօթացայ քաղաքի կեանքին շոգեկառքի սուլոցին, շքեղ պսպղուն լոյսերուն, ձայնասփիւռի, Պուրճ Համուտի «քաղքա»-ներու անուշաբոյր հոտերուն, թրքախօսութեան, դրացիներու թրքերէնով սարսափ ազդող վէճերուն…

… Բայց ամէնէն շատ զիս կը հրապուրէր «Պնակ մը կերակուր»-ին համէն ու բոյրէն բխած նուիրեալ գործի մը խորհուրդը: Հօրաքոյրս «Պնակ մը կերակուր»-ի խոհարարուհիներէն մէկն էր եւ գործէն վերադարձին հետը կը բերէր իր բաժինը, տաք-տաք կ՛ուտէր, կը ստիպէր ինծի, որ ես ալ համտեսեմ, ու կը պատմէր իր պաշտելի տղուն` գեղեցկադէմ Պօղոսի մասին, որ երիտասարդ տարիքին զոհ գացած էր  ներգաղթի օրերու պայքարին:

«Պնակ մը կերակուր»-ին գոլորշիին ընդմէջէն կը դիտէի Պօղոս «աղբօր» նկարը, իր մարտունակ, բայց գորովալից ժպիտով, ծխամորճը բերնին` մէկ կողմ թեքուած, խրոխտ կեցուածքով եւ խոր ցաւով կ՛արտասուէի, որովհետեւ որբեւայրի հօրաքոյրս ամէն անգամ որ դգալը բերանը տանէր, այդ դգալին մէջ կը կաթէր իր թանկագին միակ զաւկին համար թափած արցունքէն կաթիլ մը, ան կու լար գաղտնաբար: «Պնակ մը կերակուր»-էն ես ալ դգալ մը կ՛առնէի, որ բաժնեմ իր խոր վիշտը: Ան կը շարունակէր ուտել եւ կը պատմէր իր տղուն մասին, յանկարծ ուտելը կը կեցնէր եւ ծանր քայլերով կը մօտենար անկողնին, մահճակալին տակէն կը հանէր Պօղոս աղբօր երկրաչափական, գրական, փիլիսոփայական ֆրանսերէն լեզուով գիրքերը, մեզի ցոյց տալու համար ու դարձեալ կը վերադառնար «պնակ մը կերակուր»-ին ու կը շարունակէր ուտել եւ կերած ատեն կ՛ըսէր. «Դուք ալ իրեն պէս սիրեցէք գիրն ու գրականութիւնը»:

– Հօրքի՛ր, շատ երեխաներ կ՛ուտե՞ն այս ճաշէն,  հարց կու տայի` ցրուելու համար իր մտքերը:

– Շա՜տ-շա՜տ, մեծ մասամբ կարիքաւոր երեխաներ, այնքա՜ն համով կը պատրաստենք ճաշերը, առատօրէն ոսկոր, միս եւ լաւորակ ընդեղէններ օգտագործելով, որ նոյնիսկ հարուստի զաւակները կ՛երկարեն իրենց պնակը: Կե՛ր աղջիկս, կե՛ր, սննդարար է եւ կատարեալ մաքրութեամբ կը պատրաստենք, Օգնութեան Խաչի ընկերուհիներուն հսկողութեան տակ, ընկերուհիները շատ խստապահանջ են:

Իրապէս շատ համով էր եւ ախորժաբեր, մանաւանդ հօրաքոյրս միայն ֆիզիքական ուժ չի գործածեր, այլ այդ ուժին առընթեր ան կը փոխանցէր իր երիտասարդ գաղափարապաշտ, հաւատաւոր դաշնակցական զաւկին զոհողութեան ոգին եւ «Պնակ մը կերակուր»-ը կը դառնայ սփոփիչ իրեն համար, ինծի համար ոգեշնչող, այնքան ոգեշնչող, որ երբ Պէյրութ հաստատուեցանք եւ Ս. Քառասնից Մանկանց դպրոցը կը յաճախէի, ամէն օր կէսօրուան ժամերուն վայրկեանները կը հաշուէի եւ հազիւ զանգը կը հնչէր, կը վազէի ճաշարան, կարծես ժամադրուած ըլլայի գաղափարի մը հետ: Լայնածաւալ տաք կաթսաները տնտես-մայրիկներու կողքին տեսնելով երկար կը շնչէի ճաշին հաճելի բոյրը, կաթսաներէն ելած գոլորշիին ընդմէջէն կ՛երեւակայէի ուսումնատենչ Պօղոս աղբարը, նուիրեալ, եռանդուն, առոյգ, ժպտուն օգնութեան խաչուհիները, խոհանոցին ուրախ եւ շարժուն մթնոլորտը, բարձրաձայն խօսակցութիւնը «իրար անցած» դգալներուն եւ կափարիչներուն չխըրկոցներուն խառնուելով, ազնուասիրտ ու քրտնաթաթախ խոհարարուհիները:

Քաղցած սպասողներուն կենսուրախ աղմուկը կը սթափեցնէր զիս, ոտքերս կ՛ուղղէի մեր տաքուկ տունը` մօրս պատրաստած համեղ եւ համեստ ճաշը ուտելու:

Մայրս 8 հոգինոց ընտանիքի մը ճաշը պատրաստելու համար որքա՜ն կը յոգնէր եւ անդադար դրամական հաշիւներ կը կատարէր, որ ճաշը համեղ ըլլայ եւ խնայողական, իսկ սրտանուէր խաչուհիները հարիւրաւոր երեխաներուն համար ուրկէ՞ կը բերէին այդքա՜ն շատ դրամ, ես ինծի հարց կու տայի:

Չուշացաւ օրը, երբ ես ալ իբրեւ արծուիկ «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան մասնակցեցայ ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն հետ: Արդէն հոգեպէս զինուորագրուած էի կանացի բարեսիրական այս կազմակերպութեան, թէեւ փոքր տարիքիս Օգնութեան Խաչի ընկերուհիներուն ներկայութիւնը բնական, սովորական երեւոյթ էր:

Մայրս օժանդակ անդամուհի էր, իսկ գործօն ընկերուհիները մօրս չափ հոգեհարազատ էին` անկարելին կարելի դարձնող անձեր: Քեսապի մէջ ամէնէն փոքր արծուիկ կակուղ թաթիկը ըլլալով կը վայելէին իրենց սէրն ու գուրգուրանքը: Անոնք տիրապետող ներկայութիւն էին «պազար»-ներու պատրաստութեան ընթացքին, բարեհամբոյր վերաբերմունքով: Թէ՛ Քեսապի մէջ եւ թէ՛ Պէյրութի Օգնութեան Խաչի ընկերուհիները անսահման սէր ունէին երեխաներուն նկատմամբ. անոնք ինծի համար ամենակարող անձեր էին, ժամ ու պատարագ մոռցած կ՛այցելէին խանութները, հաստատութիւնները, բարերարներու, աղաներու եւ կը բացատրէին, կը համոզէին, կը վիրաւորուէին եւ կը հայթայթէին պէտք եղած գումարը անհրաժեշտ կարիքներուն համար միշտ հայ ժողովուրդին ակնկալութիւններուն ունկնդիր, ազգային շահը դասելով ամէն բանէ վեր: Երբ «Պնակ մը կերակուր»-ին մասին մտածէին, կ՛ըսէին. «Թող հայ երեխան լաւ կազդուրուի եւ վերանորոգուած ուժով մեծնալով լաւ հայ մարդ դառնայ»: Եւ այսպէս ազգային գոյատեւման պայքարի գործին նպաստելով կ՛ապահովէին, կ՛ամրագրէին հայ ազգի վերապրումը:

Այսօր քաղաքական ընկերա-տնտեսական պայմանները փոխուած են, բնականաբար հայ հասարակութիւնն ալ նոր հոլովոյթի մէջ է, գաղութը դիմագծային փոփոխութեան ենթարկուած է: Կայ ապրող ներկայ մը, որ կոչուած է ապագայ ունենալու եւ յաղթանակի կամարներ բարձրացնելու: ԼՕԽ-ը անյայտ, սեւ աշխատանքով, նոր գործելաձեւով պիտի գայ այդ կամարները ծաղկազարդելու, թէեւ նորօրեայ պահանջները բարդ են եւ ԼՕԽ-ը պայքար կը տանի հոգուով եւ կենցաղով քաղքենիացած հասարակութեան մը մէջ, ուր խոչընդոտները բազմատեսակ են, հետեւաբար այսօր շատ աւելի դժուար կացութեան մէջ ենք, քան տառապանքի, զրկանքի օրերուն, մանաւանդ որ սպառողական ընկերութեան մը մէջ նիւթապաշտութիւնը եւ անհատապաշտութիւնը գերակայող են: Բայց եւ այնպէս, ԼՕԽ-ը հաւատարիմ եւ գիտակից իր կոչումին, ըլլալով «ամէնէն աւելի հայ հոգիի եւ մշակոյթի, ամէնէն արթուն եւ ամէնէն նուիրեալ պահակներէն մէկը», ինչպէս պիտի ըսէր սիրելի ուսուցիչս` Մուշեղ Իշխան, ըլլալով «Հայութեան բարեկեցիկ հատուածը չքաւոր հատուածին հաղորդակից դարձնող մեծ ուժ», նորօրեայ հրամայականէն ելլելով, փոխանակ «Պնակ մը կերակուր»-ի պիտի կարենայ շնորհել մոլորած երիտասարդ մայրերուն պուտ մը հայոց ջուրէն, «պճեղ մը անուշ սրտով» որպէսզի անոնք սթափին թմբիրէն եւ չղրկեն իրենց զաւակները օտար վարժարաններ, քանի որ այսօր մեր քով վտանգուածը մեր լեզուն է, մեր հոգին, իսկ մեզմէ գողցուածը մեր զաւակները, մեր իսկ կամքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES