Գեղարուեստական – Քնարական Երեկոյ. Համազգայինի Հայաստանի Թատերախումբին Երգի Ու Ասմունքի Վարպետները

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Չորս յաջորդական օրեր լիբանանահայ արուեստասէր բազմութիւն մը ներկայ եղաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ուր հետեւեցաւ Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբի  անդամներուն տարբեր ու այլազան բնոյթի մատուցումներուն: Սրահը կը յորդէր: Յաւելեալ աթոռներ տեղադրուեցան ներկաները տեղաւորելու: Հետաքրքրութիւնը վարակիչ էր: Նախորդող երեք օրերուն (4, 5, 6 ապրիլ) ներկայ եղած էինք թատերախաղերու. «Մի գաւաթ բարութիւն»` բեմադրութիւն Սօս Սարգսեան (Ուիլիըմ Սարոյեան), «Շան աղջիկ», բեմադրութիւն Սօս Սարգսեանի եւ Սաթենիկ Խաչատրեանի: Երրորդ ներկայացումով հետեւեցանք դերասաններու այս խումբին երգելու, նուագելու, ասմունք ներկայացնելու եւ թատերական հատուածներու ներկայացումին:

Հանդիսավարն է թատերախումբի տնօրէն, Վարդան Մկրտչեան: Ան կը ներկայացնէ օրուան յայտագրին բնոյթը, թէ` Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբին անդամները ընտանեկան տրամադրութիւն ունեցող շնորհալի անդամներ են, իւրաքանչիւրը` իր տաղանդով արտայայտուող: Անոնք պիտի ներկայացնեն իրենց հոգեկան առանձնաշնորհները, հայու ոգին:

Բեմը կը բացուի: Ճակատին կը փայլի պաստառ մը, ուր կը տեսնենք հայրենի վաստակաշատ դերասան, Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբի հիմնադիրը, լիբանանահայութեան ծանօթ հայրենասէր արուեստագէտը, ոչ միայն դերասանը, այլեւ գրողը, ճառախօսը` Սօս Սարգսեան: Կը լսուի իր պատգամը: Տարիները իրենց դրոշմը ձգած են արուեստագէտին ֆիզիքականին, բայց ոչ` անոր հոգեմտաւոր զօրութեան: Կը ծափահարենք ջերմ սիրով, հաւատալով, որ ան ներկայ է մեր մէջ…

Դերասաններու խումբը կը ներկայանայ բեմ, խմբերգով մը, որ խանդավառ շեշտադրում ունի: «Լարիտ թըմպըրլալա, հա, հա, հա»: Կը յաջորդէ ասմունքը. Դաւիթ Յակոբեան բեմ կու գայ: Ծանօթ է Լիբանանի թատերասէրներուն: Քանի մը տարի առաջ ան եղաւ մեզի հետ ու շէնցուց թատերական մթնոլորտը, մասնաւորաբար` երիտասարդական թատերախումբեր մարզելով Համազգայինի մթնոլորտին մէջ:

Կ՛արտասանէ Հրանդ Մաթեւոսեանի հայրենասիրական մէկ երկը: Մխիթար Աւետիսեան կը ներկայացնէ Պարոյր Սեւակի մէկ բանաստեղծութիւնը: Ասմունքով ու երգով հանդէս կու գան Արման Նաւասարդեան, Սերգէյ Թովմասեան, Վարշամ Գէորգեան, Նարեկ Բաղդասարեան (Հայաստանի բանակի զինուոր), որ յատուկ արտօնութեամբ կը մասնակցի այս հիւրախաղին: Նարեկ հաճելի ձայն ունի, կը նուագէ կիթառ ու կ՛երգէ: Կը ծափահարենք արուեստագէտ, շնորհաշատ Նարեկը:

Արմինէ Անդրէասեան ասմունքով մը կը ներկայանայ: Նարինէ Գրիգորեան կը կատարէ մենաթատրոն, «Հրեշտակը եւ սատանան»` արժանանալով հանդիսականներու ջերմ ծափերուն: Մխիթար Աւետիսեանի Շարլ Ազնաւուրի երգերը, հայերէն թարգմանուած, նորութիւն մը նկատուեցան, մասնաւորաբար` «Իմ աղջկան» երգը:

Նախքան յայտագրի աւարտը, խումբը ներկայացուց «խոհանոց» մը, աննախընթաց ներկայացում մը` լիբանանահայերուս համար: Իւրաքանչիւր դերասան եղած էր խոհանոցի գործիք մը, ինչպէս` սառնարան, ծորակ, որ խանգարուած է, եւ ուրկէ ջուր կը կաթկթէր, լուացքի մեքենայ մը, դգալներ, թէյնիկ, հին պահարան, ժամացոյց, «աշխատանքի» լծուած, մարդկային կերպարանքով: Ծիծաղը «համահունչ» է:

Ապա` կրկին խմբերգ մը, կը հետեւի Սօս Սարգսեանի պատկերասփիւռային երեւումը`  որուն «Կանչով» կը յիշուի հայ մայրը: Օրը 7 ապրիլ է, նուիրուած` մայրերու. հարկ է չմոռնալ հայ մայրը, որ աննման է եւ չի նմանիր որեւէ մէկ ազգի մօր, որ չունի «ջան», «ցաւդ տանեմ», «քորանամ քեզ համար» եւ նման սրտի խօսքեր: Սօս Սարգսեանի պատգամը հնչեղ է, վաւերական:

Պաստառին վրայ կը տողանցէ հայոց բանակը, պաշտպանը հայրենիքի, «Մեր անունն է հայկական բանակ» յանկերգով:

Հանդիսավար Վարդան Մկրտչեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններուն` այս հիանալի առիթին ստեղծման համար: Ան կը յայտարարէ, որ Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Հայաստանի Համազգայինի թատերասրահը, կը յայտնէ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Այս նախաձեռնութեամբ Սօս Սարգսեանի «Կանչը» ունկնդրուեցաւ յուզումով եւ հիացումով: Արման Նաւասարդեանի արտասանած ասմունքը` Համօ Սահեանի «Հայաստանի քարերը» իրաւամբ հայրենի աշխարհին կարօտով լեցուց մեր սիրտերը:

Համազգայինի անունով Սարգիս Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի Համազգայինի թատերախումբին մեր մէջ ներկայութեան եւ բարի վերադարձ մաղթեց թատերախումբին, դարձեալ իրարու հանդիպելու մաղթանքով:

Անմոռանալի երեկոներ` արուեստի ըմբոշխնումով:

 

Share this Article
CATEGORIES