Հրաշքներ Կը Պատահի՞ն
ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Պահ մը կը մտածես, թէ օրդ որքա՛ն ուրախ կ՛ընթանայ, որքա՛ն ամէն բան լաւ է, հաճելի է, եւ դուն ուրախ ես, որովհետեւ հանդարտ ջուրերու մէջ կը նաւարկես: Թերեւս կը մտածես, թէ ինչպէս մարդոց կ՛ուզես ըսել` ինծի նայեցէք, որքան կարող եմ, ամէն ինչ ծրագրուած է, ամէն ինչ խաղաղ կ՛ընթանայ, կեանքը որքա՛ն գեղեցիկ է:
Բայց յանկարծ հեռաձայն մը այս բոլոր հանդարտութիւնը կը խանգարէ` տեղեկացնելով, թէ այլեւս հանդարտ ջուրերու մէջ չես նաւարկեր, այլ փոթորկոտ եւ ալեկոծ ովկիանոսի մը մէջ ենթակայ ես թորփիլի հարուածի մը` քու գեղեցիկ եւ ապահով նաւակիդ մէջ:
Արդեօք ինչպէ՞ս կը հակադարձես: Մարդոց մէկ մասը, հաւանաբար երբ այսպիսի անակնկալի մը հանդիպի, առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ դժգոհիլ, լալ, անտեղի եւ անտրամաբանական կերպով խօսիլ, ձեռքերը տարածել օդին մէջ եւ տեղի տալ: Թերեւս ըսել, թէ Աստուած զիս կը պատժէ, զիս կը դատէ, անպայման ես գէշ բան մը ըրած եմ:
Ճիշդ այս պայմաններուն մէջ առաջին ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ անմիջապէս կանգ առնել, մեր զգացումներուն արգելակները ամրացնելով` բերնին սանձերը զսպել: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մեր սխալ ընտրութեամբ կրնանք ընթանալ դէպի հարցը առանց նուազագոյն տրամաբանութեամբ, առանց մտածելու, պարզապէս սխալ որոշումով լուծելու ուղղութեամբ: Իսկ անմիջապէս չհակազդելը մեզի առիթ կու տայ սխալ որոշումներէ խուսափելու եւ մտածելու լաւագոյն ելքին մասին: Նոյնիսկ Առակաց 19:2-ին մէջ կը կարդանք, որ` «ոտքերովը արտորացողը կը սահի»: Սխալ որոշումները կը տանին ձախողութիւն, եւ որքան արագ կրնայ պատահիլ նման բան մը:
Այս ամբողջ տաղտուկին մէջ պէտք է միայն վայրկեան մը կանգ առնել եւ ըսել. «Տէ՛ր իմ, օգնէ»: Այս արարքը ինքնին կրնայ օգնել մեզի` լաւապէս տանելու որեւէ տագնապ, գնահատելու զայն եւ համապատասխան հակազդեցութիւն ունենալու:
Կա՛նգ առ, յետոյ նայէ՛ ու մտի՛կ ըրէ, օգնութիւն փնտռէ եւ միայն այն ատեն պիտի կարենաս լուծումներ գտնել, պատասխաններ փնտռել, յետոյ միայն պիտի կարենաս ուրիշներուն իմաստուն խրատները լսել, ցուցմունքներուն հետեւիլ եւ լաւագոյն որոշումները տալ:
Երբ մեր հոգերուն եւ մեր փորձութիւններուն նայինք հաւատքի աչքերով, այն ատեն մեր վերաբերմունքը կ՛ըլլայ հաստատ, Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը տեսնենք եւ ձեւով մը աւելի զգաստ կ՛ըլլանք ուրիշներուն ցաւին: Այս մօտեցումով կրնանք բաժնեկցիլ ուրիշներուն տագնապները, անոնց տեղեկացնել մեր զօրութեան եւ ուրախութեան աղբիւրին մասին, ըսել, թէ Աստուած զիս կը սիրէ եւ կը հոգայ:
Հելեն Քելըր ըսած է, որ նկարագիրը չի կազմուիր դիւրութեան եւ հանդարտութեան մէջ, այլ փորձութեան ու չարչարանքի մէջ է, որ հոգին կը զօրանայ եւ յաջողութիւնը հասանելի կը դառնայ:
Երգը կ՛ըսէ. «Ասում են, թէ կեանքում հրաշք չի լինում»:
Կ՛ուզեմ ըսել բարձր եւ հաստատ ձայնով` կը լինի:

