Մեծ Կարիք Ջուրէն Անդին (Թերեզա Հանթինկթըն Ցիկլըր)

ՍԵՒԱՆ ԱԲԷԼԵԱՆ

Քանի մը տարի առաջ էր, երբ մտայ Համազգայինի գրախանութը` գիրք մը գնելու նպատակով: Խորքին մէջ յատուկ գիրք մը չկար մտքիս մէջ: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց գիրք մը, որուն վրայ անգլերէնով գրուած էր. «Կրէյթ նիտ օվըր տը ուոթըր». հեղինակը ֆինլանտացի մըն էր, որ ամուսնացած է հայու մը հետ:

Գիրքը հրատարակուած է «Կոմիտաս» հրատարակչականին կողմէ:

Գիրքին հեղինակը` Սթինա Խաչատրեան, կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ: Ան գրող եւ թարգմանիչ է, հետաքրքրուած է Միջին Արեւելքի կիներով:

Սթինա կ՛ուզէ իր կեսրոջ` Էֆրոնիային մասին գիրք մը գրել. իր հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանան երկու միսիոնար կիներ` միս Ֆրիզըն եւ միս Պլէյք, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած էին Էֆրոնիայի կեանքին վրայ` 19-րդ դարու վերջաւորութեան:

Սթինա կ’ուզէ տեղեկութիւններ ունենալ այս երկու անձերուն մասին. այդ պատճառով ալ կ՛ուղղուի «Հարվըրտ» համալսարանի գրադարանը, ուր կայ բաժին մը` տարբեր շրջաններու մէջ գործած աւետարանական միսիոնարներուն մասին տեղեկութիւններ մէկտեղած:

Այս թուղթերուն մէջէն Սթինա կը գտնէ թղթածրար մը, որուն մէջ կային հետաքրքրական նամակներ` գրուած երիտասարդ աղջկան մը կողմէ, որ Թերեզա կը կոչուէր:

Թերեզա կը ձգէ իր երկիրը` Միացեալ Նահանգները, եւ կ՛երթայ Խարբերդ` ծառայելու հայ ժողովուրդին. եղբայրն ալ` Էլսուըրտ, կը ծառայէր Խարբերդի մէջ: Թերեզա Խարբերդ կ՛երթայ համիտեան ջարդերէն ետք, երբ սկսած էր վերակառուցման հանգրուանը, եւ 7 տարի կը մնայ հոն:

Թերեզայի նամակներուն շնորհիւ Սթինա կարելիութիւն կ՛ունենայ Խարբերդի մասին տեղեկութիւններ ունենալու: Հետաքրքրական է, որ տարիներ ետք նոյնիսկ Թերեզա կը սիրէր խօսիլ այդ շրջանին մասին:

Երբ թղթածրարը կը բանայ, Սթենա կը տեսնէ, որ առաջին նամակը ուղղուած է միս Լորտին, որուն մէջ գրուած է հետեւեալը.

Կ՛ուզեմ քեզ հետս տանիլ կիրակի օրուան աղջիկներուն մանկարանը: Մենք պիտի երթանք փոշոտ ճամբայէ մը, որ զառիվայր է, ճամբուն վրայ հաւեր կան: Սենեակը, ուր աղջիկները կը հաւաքուին, ցած է, գետինը գորգ կայ եւ պատերուն վրայ խաչելութեան նկարներ, ինչպէս նաեւ` Ս. գրային պատմութիւններ, որոնք ղրկուած են Միացեալ Նահանգներէն:

Այս աղջիկները հոն կը կատարեն իրենց պաշտամունքները. երբ ներս մտնենք, պէտք է հանենք մեր կօշիկները եւ այդպէս նստինք:

Տիրուհին, որ աղջիկներուն պատասխանատուն է, աղքատ է, բայց հաւատարիմ: Աղջիկները սրտանց կ՛երգեն, հակառակ անոր որ բոլորին ձայները հաճելի չեն: Անոնք խելացի են եւ փայլուն աչքեր ունին: Անոնցմէ ոմանք ամէն կիրակի Աստուածաշունչէն անգիր կը սորվին 3-20 համարներ: Երբեմն մեծ աղջիկները կը զարմացնեն զիս` Աստուածաշունչին մասին իրենց ունեցած գիտելիքներով: Երբ կը պատրաստուինք մեկնելու եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, աղջիկները իրենց դէմքը կը գոցեն գոգնոցով կամ շալով:

Սթինա հետաքրքրական կը գտնէ Թերեզային նամակները, որոնք ուղղուած էին անոր ծնողքին: Ան Խարբերդը վերածած էր կենդանի աշխարհի մը: Բայց ինչո՞ւ Թերեզա ձգած էր իր երկիրը եւ գացած` Խարբերդ:

Միսիոնարներուն նպատակն էր քրիստոնեայ դարձնել Ս. Գրային շրջաններու ժողովուրդը: Բայց երբ չեն յաջողիր իսլամները քրիստոնեայ դարձնելու, անոնք կը կեդրոնանան յոյներուն, պուլկարացիներուն եւ հայերուն վրայ:

Սթինա կը հետաքրքրուի Թերեզային մասին եւ կը գտնէ հեռաձայնի երկու թիւեր, որոնք կը պատկանէին աւետարանական եկեղեցւոյ երկու անձերու: Ան կը հեռաձայնէ առաջին թիւին, ծեր կին մը կը պատասխանէ: Սթինա հարց կու տայ, թէ ան կը ճանչնա՞ր Հանթինկթըն կամ Ցիկլըր մականունով կին մը: Ծեր կինը նախ չի պատասխաներ, սակայն երկար լռութենէ ետք կ՛ըսէ. «Թերեզան մայրս էր»:

Քարոլին եւ Սթինա կը հանդիպին, առաջինը կը խոստանայ գտնել մօր նամակները եւ տալ Սթինային:

Քանի մը ամիս ետք կինը խոստումը կը յարգէ եւ նամակները ժամանակագրական կարգով թուագրուած` կը յանձնէ Սթինային:

Թերեզա մեծ համբերութեամբ եւ մոմի լոյսով գրած էր իր նամակները, փոքրիկ սենեակի մը մէջ: Թերեզա եղած է համեստ, խելացի աղջիկ մը, որ քաջաբար ապրած է Խարբերդի մէջ. ան բարձրահոգի էր եւ սրամիտ:

Ան իր նամակներուն մէջ չէ յիշած հայ ժողովուրդին չարչարանքներուն մասին, այլ` տօներուն եւ սովորութիւններուն:

Թերեզային եղբայրը, որ Խարբերդի մէջ կ՛ապրէր, առիթով մը գրած է իր քրոջ. «Չեմ գիտեր, եթէ տեղս ճիշդ է, բայց պէտք է երթանք այնպիսի վայրեր, ուր Աստուած մեզ կը կանչէ: Մենք պէտք է ամէն բան սիրով ընենք: Կարծեմ ճիշդ քայլ մը առած կ՛ըլլաս, եթէ շրջան գաս»:

Թերեզա կը հնազանդի Աստուծոյ ձայնին եւ կապ կը հաստատէ միսիոնարներուն հետ եւ կ՛երթայ Խարբերդ:

Թերեզա իր նամակներէն մէկուն մէջ կը յիշէ ուրիշ միսիոնարի մը` Հենրի Ռիկզի վկայութիւնը հայ ժողովուրդին մասին: Ան կ՛ըսէ. «Հայերը կ՛աշխատին դրամատուներու մէջ, լաւ վաճառականներ են, լաւ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ` լաւ հողագործներ: Անոնք ունին այնպիսի կարողութիւններ, զորս ոչ մէկ ազգ ունի աշխարհին վրայ» (էջ 51):

Ուրիշ նամակի մը մէջ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս կառավարութիւնը միսիոնարներուն աշխատանքին հակառակ գործելաոճ որդեգրած է, արդէն իսկ երկու որբանոց փակած է, եւ որբերը մնացած են անտէր ու անպատսպար (էջ 110):

Ան նաեւ կը յիշէ նամակին մէջ, որ քիւրտերը կը վախցնեն հայերը, իսկ թուրքերը վատ կերպով կը կառավարեն երկիրը (էջ 156):

Ան նաեւ կը յիշէ մըսթըր Քնեփսը, որ գետնախնձոր ցանել կը սորվեցնէ հողագործներուն (էջ 157):

Թերեզա կը գրէ, թէ իր Խարբերդ երթալէն առաջ տոքթ. Ուիլըր կը հիմնէ քոլեճ մը եւ զայն կը կոչէ «Արմենիա»: Նաեւ կ՛ըսէ, որ հայերը խելացի եւ հետաքրքրական ժողովուրդ մըն են: Տոքթ. Ուիլըր քոլեճի իր ծրագիրին համար 1875¬ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հանգանակութիւն մը կը կատարէ եւ կը հաւաքէ 140 հազար տոլար, որուն 40 հազարը կը տրամադրեն հայերը: Սակայն աւելի ուշ թուրքերը կ՛առարկեն եւ քոլեճին անունը փոխելով` զայն կը վերածեն «Եփրատ»-ի:

Թերեզա նաեւ կը խօսի Սասունի ջարդերուն մասին` 1894-1896, նախքան իր Խարբերդ երթալը (էջ 67):

Թերեզա հայերէն կը սորվի, իսկ հայ ժողովուրդին կը սորվեցնէ անգլերէն: Նամակներէն մէկուն մէջ կը յիշէ, թէ ինչպէս նոր կառավարիչ կու գայ շրջան, հայերը կը վախնան անկէ ու կը ստիպուին մեծ տուրքեր տալ անոր: Նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ չեղող ընտանիքները կը ստիպուին ծախել իրենց անկողինները, խոհանոցային պիտոյքները, որպէսզի գոհացնէին վալին (էջ 338):

Սթինա շատ հետաքրքրական ձեւով կը նկարագրէ ամէն ինչ: Ան կ՛ըսէ. «Թերեզայէն 100 տարի ետք ամուսինիս` Հրանդին հետ Խարբերդ այցելեցինք: Մալաթիայէն առինք խճողուած պաս մը եւ գացինք Էլազիկ, զոր Թերեզա շատ կը յիշէր իր նամակներուն մէջ: Ճամբուն վրայ տեսանք տուներ, որոնք տախտակաշէն ու մութ էին: Երբ պասէն իջանք, հանդիպեցանք մարդու մը, որ առաջարկեց մեզի պանդոկ տանիլ: Բայց ան նախ մեզ տարաւ իր գրասենեակը, որովհետեւ հետաքրքրուած էր մեր այցելութամբ: Ալի ըսաւ. «Ասիկա զբօսաշրջիկներու տեղ չէ, այլ քիւրտերը կ՛ապրին հոս»:

Հրանդ եւ Ալի կը սկսին թրքերէնով զրուցել: Վերջինը կը հարցնէ անոնց այցելութեան պատճառին մասին: Սթինա կը բացատրէ անգլերէնով, իսկ Հրանդ կը թարգմանէ: Սթինա կ՛ըսէ. «Ունէի բարեկամ մը, որուն մայրը Խարբերդի մէջ աշխատած է»: Մարդը գիտցած է անոնց հայ ըլլալը, սակայն ոչինչ ըսած է:

«Ալի` մեր նոր բարեկամը, մեզ համոզեց, որ ինք մեզ տանի Խարբերդ, որովհետեւ իրեն համար հաճոյք է: Ճամբուն վրայ հանդիպեցանք բազմաթիւ անցարգելներու: Մեր երեւակայութեան մէջ յայտնուեցան Թերեզայի բոլոր հերոսները, որոնք միսիոնարներ էին իրեն հետ, եւ` հայ պզտիկներ, որոնք ճամբաները կը խաղային:

«Մենք քալեցինք եւ մեր դիմաց ելլողներուն հարց տուինք, թէ հոն ամերիկեան դպրոց կամ քրիստոնեաներու գերեզման կա՞ր ատենօք: Աջ¬ձախ շատ գերեզմաններ կային, բայց բոլորը իսլամներու կը պատկանէին:

«Բերդը տակաւին հոն էր, կարելիութիւն կու տար տեսնելու շէնքերուն տեղը, որոնք ներկայիս քանդուած էին, բայց վայրը կար: Կարելի է ուրուագծել «Եփրատ» մեծ քոլեճին 4 շէնքերը, աղջկանց գիշերօթիկը, դպրոցը, տղոց գիշերօթիկը, մանկապարտէզը` 24 քարաշէն շէնքեր, որոնք թէեւ քարով կառուցուած էին, բայց այսօր բոլորն ալ աւերուած էին:

«Կը հարցնենք, թէ հոն հայեր ապրա՞ծ էին կամ մնացա՞ծ էին:

«Մեր նոր բարեկամը կ՛ըսէ. «Լսած եմ, որ ժամանակին հոս ամերիկացիները դպրոց ունեցած են հայերուն համար: Բայց հայերը հարստացան ու ձգեցին երկիրը, ուստի ամերիկացիները գոցեցին դպրոցը»:

Եզրափակելով` կրնանք ըսել, որ իրականութիւնը կարելի չէ ծածկել, նոր էջ մը եւս` հայ ժողովուրդի անցեալին վրայ բացուած: Վարձքը կատար Սթինային` այս հետաքրքրական գիրքին համար:

Կ՛արժէ կարդալ զայն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES